Վիրաւոր Զինուորները Պիտի Ունենան Գերժամանակակից Շինծու (Prosthesis) Ձեռքեր


ԵՐԵՒԱՆ,- Վիրաւոր զինուորները պիտի ունենան գերժամանակակից շինծու (prosthesis) ձեռքեր, ըսած է ԱԺ «Իմ Քայլը» խմբակցության պատգամաւոր Նարեկ Մկրտչեան։

Աշխարհահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանքեանի և «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ հիմնադրամը 100 հազար ԱՄՆ տոլար պիտի տրամադրէ նշեալ նախագիծին, որ պիտի իրականացնուի համագործակցութեամբ «Հայրենիքի պաշտպանի Վերականգնողական կեդրոնի» հետ։