Թել Ապիասի Հայ Ընտանիքները Տեղափոխուած են Աւելի Ապահով Շրջաններ


Թել Ապիատի ռմբակոծութիւններէն պատկեր մը

Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը Ֆէյսպուքի իր էջին միջոցով կը տեղեկացնէ, որ Դամասկոսի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը եւ Հալէպի հիւպատոսութիւնը Թուրքիոյ կողմէ սկսած ռազմական գործողութիւններու պատճառով մշտական կապի մէջ են  Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի եւ հիւսիսային այլ շրջաններու համայնքային կառոյցներու հետ:

«Մենք կը հետեւինք իրադարձութիւններու զարգացման: Դամասկոսի եւ Հալէպի հայ առաջնորդարաններուն հետ համատեղ կը մշակուին հնարաւոր քայլեր Սուրիոյ հիւսիսէն տեղափոխուելու ցանկութիւն յայտնած մեր հայրենակիցներուն ժամանակաւոր կացարաններով ապահովելու եւ ըստ անհրաժեշտութեան առաջին օգնութիւն տրամադրելու ուղղութեամբ: Անմիջականօրէն ռազմական գործողութիւններու տարածքին մէջ գտնուող Թել Ապիատ քաղաքէն տասնեակէ աւելի հայ ընտանիքներ արդէն իսկ ինքնուրոյն լքած են իրենց բնակավայրը եւ տեղափոխուած աւելի ապահով շրջաններ` Հալէպ եւ Հասաքէ․․․Ըստ մեր տեղեկութիւններուն՝ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու մէջ հայերուն թիւը կը կազմէ շուրջ 3000 հոգի», ըսուած է դեսպանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս մնայուն կապի մէջ է Ճեզիրէի Հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն աբղ. Եղիայեանին հետ: Ըստ հայր սուրբին յաղորդած տեղեկութիւններուն՝ Գամիշլիի հայահոծ շրջանին անմիջական վտանգ չի սպառնար, իսկ թրքական ներխուժումին անմիջականօրէն ենթակայ դարձած գիւղերը կը պարզեն հետեւեալ պատկերը. Թել Ապյատի մէջ կան 15 ընտանիքներ, Ռաս Ուլ Այն՝ 2, Տերիք՝ 60 եւ Հասիչէ՝ 70:

Կաթողիկոսը որոշ գումար մը դրած է հայր սուրբին եւ Գամիշլիի թաղականութեան տրամադրութեան տակ, որպէսզի վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ գտնուող կամ հեռացած նիւթական կարիք ունեցող ընտանիքներուն անհրաժեշտ օժանդակութիւնը կատարուի: