ՏԱՏԻԿԻ ԽՈՀԱՆՈՑ․ Աւագ Հինգշաբթի


Քացխլու շորվա

Սոնիա Թաշճեան


Հինգշաբթի գիշեր ընթրիքէն յետոյ, Յիսուս իր աշակերտներուն հետ գնաց Գեթսեմանի այգի. գիտէր, որ պիտի աւարտուէր իր երկրային կեանքը, հետեւաբար մինչ ինք կʼաղօթէր, աշակերտներուն յորդորեց.  «Արթուն կացէք եւ աղօթեցէք, որպէսզի փորձութեան մէջ չմտնէք. հոգին յօժար է, բայց մարմինը` տկար», ու ինք գնաց աղօթելու: Սակայն վերադարձին քնացած գտաւ անոնց….:

Հինէն ի վեր, մեր եկեղեցական ծիսակարգին մէջ «Հսկումի գիշեր» անունով կը նշուի Աւագ Հինգշաբթի գիշերուան աղօթասացութիւնը, ի յիշատակ Գեթսեմանի այգիին մէջ Յիսուսի յորդորին, որ արթուն մնանք. այս պատգամ մըն է, առհասարակ արթուն մնալու կեանքի բոլոր ելեւէջներուն մէջ, չկորսնցնելու մեր մարդկային առողջ բանականութիւնը, քրիստոնեայ ըլլալու գիտակցութիւնը եւ միշտ ձգտելու դէպի աստուածային Լոյսը: Հսկումի գիշերը արթուն մնալով, ապաշխարելով եւ աղօթելով, մեր եկեղեցական կանոնակարգը մեզի կը մղէ անգամ մը եւս անդրադառնալու եւ զղջալու մեր սխալներուն համար, ներողութիւն հայցելու Յիսուսէն եւ երախտապարտ ըլլալու Անոր զոհաբերութեան համար. անձայն խոստում տալու Քրիստոսին ապրելու քրիստոնէավայել կեանքով:

Աւագ Շաբթուայ խորհուրդը իր խորը արձագանքներն ունի մեր ժողովրդական աւանդութեանց մէջ. պատահական չէ, որ ան կը կոչուի աւագ, համարելով տարուայ ամենակարեւոր շաբաթը, այսպիսով նաեւ Աւագ Հինգշաբթին: Նոյն օրն առաւօտեան տղամարդիկ երթալով իրենց պարտէզները կը ստուգեն ծառերու վիճակը, ապա սովորութիւն է նոր ծառեր ցանել: Կանայք խնոցու կարագ կը պատրաստեն պահքի ընթացքին հաւաքուած մածունն ու սերը հարելով, ապա այն իւղի վերածելով կը տանին ոտնլուայի արարողութեան նուիրաբերելու, հաւատալով որ իրենց տան կաթն ու իւղը առատ կʼըլլայ: Տօնին յատուկ կաթնահունց կը թխեն. աղջիկները կ’երթան արտերը բանջար հաւաքելու, որովհետեւ այդ օրուան ճաշը բանջարով եւ հատիկեղէնով պիտի ըլլայ. երեկոյան կը շտապեն եկեղեցի ներկայ գտնուելու ոտնլուայի ծիսական արարողութեան (ի յիշողութիւն Յիսուսի կողմէն աշակերտներու ոտքերը լուալու դրուագին). Խարբերդի մէջ ոտնլուայի արարողակարգէն յետոյ, հաւատացեալները կը մօտենան խորանին, քահանան անոնց աջ ձեռքերուն մէջ իւղ կը քսէ, անոնք ալ այդ օրհնուած իւղը կը քսեն իրենց ճակատնին, աչքերուն ու յատկապէս ցաւոտ տեղերը, հաւատալով անոր բուժիչ յատկութեան. այդ իւղէն կը քսեն նաեւ իրենց տան կենդանիներուն: Ընթրիքէն յետոյ, բոլորը կʼերթան եկեղեցի հսկումի արարողութեան, երբ ամբողջ գիշեր աղօթք եւ երգեցողութիւն կը կատարուի եկեղեցիներուն մէջ, որպէս յիշողութիւն Յիսուսի կողմէն աշակերտներուն յղուած պատգամին, որ արթուն մնան ու հսկեն. եկեղեցիներուն մէջ ընթերցուող 7 Աւետարաններու ընթացքին սովորութիւն կայ թելի վրայ 7 հանգոյց ընել եւ կապել դաստակին: Այս գիշերուան ժողովրդական այլ անուանումներն են՝ լացի գիշեր, հսկումի գիշեր, կոլինջի (=ցաւ, գալարում) գիշեր, խաւարման գիշեր, եւայլն….: Գիւղական սովորութիւն մըն է նաեւ, որ այդ օրը երիտասարդ հարսեր ու աղջիկներ կար կամ ասեղնագործ գործեն, փոխաբերաբար պատժելով Յուդային, որ մատնեց Յիսուսը:

Աւագ Հինգշաբթի օրուան ճաշը կը յատկանշուի աղի, թթու եւ կծու համերով: Պարսկահայքի մէջ սովորութիւն է այդ օրը եփել թթուեպաս (խաշել հատիկեղէնը, աւելցնել արիշտա, չամիչ, սալորաչիր, սպանախ, համեմունք, մատուցել քացախով):

Զէյթունի մէջ կը պատրաստեն սոխ – սխտորով շատ կծու եւ թթուաշ բանջարապուր: Մուսալերան աւանդութեան համաձայն, կանաչ սոխ, սխտոր ու կանաչի կը դնեն հացին մէջ եւ կը ճաշակեն, ինչպէս նաեւ կը պատրաստեն թթջրիկ ապուրը (խաշել հատիկեղէնը, աւելցնել բանջար, սոխ, սխտոր, լոլիկի մածուկ եւ լիմոնի հիւթ):

Մուշ, Սասուն եւ Տարօնի այլ շրջաններու մէջ տարածուած է պատրաստել թթուակոլոլ կամ թթուի ջրով կլուլիկ (խաշած ոսպն ու մանր կորկոտը շաղել, վերածել գնդիկներու, ապա խաշել մանրուած թթու կաղամբի հետ միասին, մատուցել սոխառածով):

Ուրֆացիները կը պատրաստեն կարմիր ոսպով յայտնի բրդուճը, կոքին մատուցելով սմբուկի ջրալի աղցան մը, թթուաշ եւ կծու:

Այնթապցիները կը պատրաստեն բոստանիա անունով կերակուրը (միասին խաշել կարմիր ոսպը, խոշոր կորկոտը, սմբուկը, լոլիկն ու սոխը, մինչեւ որ համասեռ դառնան) եւ կը մատուցեն նռան հիւթով պատրաստուած թացանով (նռան հիւթ, պղպեղի մածուկ, սխտոր, փոշի կծու պղպեղ եւ անանուխ):

Մարաշցիներն ունին աղամաղ կոչուող իւրայատուկ ճաշը (խաշել չոր սմբուկները, թահին – շիրիկը նօսրացնել լիմոնի հիւթով, համեմել, վրան մանրուած կանաչի ցանել եւ լեցնել ջրքամուած սմբուկի վրայ). նաեւ «քացխլա շուրվօ» անունով ապուրը. քացխլա (քացախով) ի յիշատակ խաչի վրայ Յիսուսին քացախ խմեցնելու դրուագին:

Բաղադրութիւնը

1 գաւաթ կարմիր ոսպ
0.5 գաւաթ նախապէս թրջած սիսեռ
0.5 գաւաթ ձաւար
2 սոխ
1 գլուխ սխտոր
դափնետերեւ
կարմիր եւ սեւ պղպեղ
քիմիոն
քացախ
աղ

Պատրաստութիւնը

Խաշել սիսեռն ու ձաւարը, աւելցնել ոսպն ու շերտուած սոխ – սխտորը, համեմունքը: Մատուցել քացախով: Ըստ նախասիրութեան ճաշակելիս ապուրին աւելցնել ձէթի մէջ տապկուած խրթխրթան հաց:

թթուակոլոլ

թթուեպաս

թթջրիկ

թթուաշ ճաշ

թթու բանջարապուր

Կարմիր ոսպով բրդուճ

 

Բոստանիա