Տատիկի Խոհանոց․ ՄԱՆԱՆԱՅ


Չոր Հալվա

Սոնիա Թաշճեան


Մա­նա­նայ, անգ­լե­րէ­նովˋ ՙManna՚: Ա­ռեղ­ծո­ւա­ծա­յին ու­տե­լիք, որ բնու­թիւ­նը շռայ­լած է մարդ­կանց: Ո­մանք կը կաս­կա­ծին, ար­դեօ՞ք­ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չին մէջ յի­շա­տա­կո­ւած այս ՙերկ­նա­յին հա­ցը՚ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ գո­յու­թիւն ու­նի՞։ Նոյ­նիսկ բու­սա­բան­նե­րը դե­ռեւս չեն կրնար հասկ­նալ այս մթեր­քին էու­թիւ­նը։ Եթէ անձ­րե­ւի նման կու գայ, ա­պա ին­չու՞ միայն ո­րոշ շրջան­նե­րու վրայ կʼանձ­րե­ւէ, ե­թէ յա­տուկ է ո­րե­ւէ տե­ղա­վայ­րի, ու­րեմն ին­չո՞ւ  եր­բեմն միայն կը գո­յա­նայ:

Հին Կտա­կա­րա­նի մէջ կը յի­շա­տա­կո­ւի մա­նա­նան որ­պէս Տի­րոջ կող­մէ Իս­րա­յէ­լի թա­փա­ռա­կան ժո­ղո­վուր­դի հա­մար ստեղ­ծո­ւած ու­տեստ։ Տէ­րը ը­սած է Մով­սէ­սին, ՙԱ­հա ես ձե­զի հա­մար հաց կը թա­փեմ եր­կին­քէն: Իմ ժո­ղո­վուր­դը թող այն հա­ւա­քէ, որ­քան անհ­րա­ժեշտ է իւ­րա­քան­չիւր օ­րո­ւայ հա­մար՚: Շա­րու­նա­կու­թեան մէջ կը նկա­րագ­րո­ւի մա­նա­նան որ­պէս գին­ձի սեր­մի նման ճեր­մակ եւ սա­ռոյ­ցի տես­քով: Մար­դիկ պտը­տե­լով կը հա­ւա­քեն մա­նա­նան, եր­կան­քով կʼա­ղան կամ սան­դի մէջ կը ծե­ծեն, ա­պա կաթ­սա­յի մէջ ե­փե­լով հա­ցիկ­ներ կը պատ­րաս­տեն: Մա­նա­նա­յի հա­մի մա­սին կը նշո­ւի, որ այն քաղցր է իւ­ղով ու մեղ­րով պատ­րաս­տո­ւած խո­րի­զի նման: Նաեւ կա­րե­ւոր է այն փաս­տը, որ ՙԵրբ գի­շե­րը բա­նա­կա­տե­ղիին վրայ ցօղ կʼիջ­նէր,  մա­նա­նան ալ ա­նոր հետ կʼիջ­նէր՚:

Հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան խո­հա­նո­ցին մէջ ալ կը նշո­ւի մա­նա­նա­յի գո­յու­թեան մա­սին։ Ա­նոր կու տան նաեւ ՙՍուրբ Կա­րա­պե­տի հալ­վա՚ ա­նու­նը: Աս­տո­ւա­ծած­նի վե­րա­փոխ­ման տօ­նի ա­ռի­թով, բազ­մա­հա­զար ուխ­տա­ւոր­ներ կու գա­յին Մշոյ Սուլ­թան Սուրբ Կա­րա­պե­տի վանք՝ մաս­նակ­ցե­լու խա­ղո­ղօրհ­նէ­քի  ծի­սա­կա­տա­րու­թեան։ Ամ­բողջ օ­րեր տե­ւած ժո­ղովր­դա­կան այս տօ­նախմ­բու­թեան ժա­մա­նակ սա­սուն­ցիք կը բե­րէին ի­րենց լեռ­նե­րու ան­մա­հա­կան ՙգազ­պէն՚ վա­ճա­ռե­լու կամ փո­խա­նա­կե­լու այլ մթեր­քի հետ: Այս ա­ռի­թով ալ գազ­պէ – ­մա­նա­նան տօ­նի գլխա­ւոր ու­տեստ­նե­րէն մէկն է ե­ղած։ Ուխ­տա­ւոր­ներ ի­րենց հետ տա­րած են մա­նա­նան, որ­պէս­զի բա­ժա­նեն ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն:

Ազ­գագ­րա­կան յու­շագ­րու­թիւն­նե­րու մէջ բազ­մա­թիւ սա­սուն­ցի հե­ղի­նակ­ներ կը պատ­մեն  Սա­սու­նի ԳԱԶ­ՊԷ-ի (մա­նա­նայ) մա­սին։ Ըստ այդ ա­կա­նա­տես­նե­րուն, մա­նա­նան կʼիջ­նէ տա­րո­ւայ ա­մե­նա­շոգ օ­րե­րուն, սո­վո­րա­բար Յու­լիս ամ­սին, գի­շե­րով, անձ­րե­ւի ցո­ղի նման: Ա­ռա­ւօ­տեան ամ­բողջ բնու­թիւ­նըˋ­քար, հող, թուփ, ծառ – ­ծա­ղիկ  ծած­կո­ւած կʼըլ­լայ քաղց­րա­ծո­րան մա­ծու­ցիկ հիւ­թով: Եր­կու ձեւ կայ այն հա­ւա­քե­լու եւ մշա­կե­լու: Կա­նայք խում­բե­րով կʼեր­թան ան­տառ, բա­ցօ­թեայ օ­ճախ կը կա­ռու­ցեն, կտրտե­լով կաղ­նու սա­ղար­թա­շատ ճիւ­ղե­րը (այլ տե­ղէ ստա­ցո­ւած մա­նա­նան դառ­նա­համ կʼըլ­լայ) կը հա­ւա­քեն օ­ճա­խի մօտ, ա­պա պղին­ձէ մեծ կաթ­սա­նե­րուն մէջ ջուր լեց­նե­լով, քաղց­րա­պատ տե­րեւ­նե­րը կը լո­ւան մէ­ջը։ Կե­տոյ կʼե­ռաց­նեն, մին­չեւ խտա­նա­լը ու կը պա­հես­տա­ւո­րեն կա­ւէ ՙբղիկ՚նե­րու (փոքր կա­րաս) մէջ: Մա­նա­նան կը հա­ւա­քեն նաեւ գազ կո­չո­ւող թու­փի լայն տե­րեւ­նե­րու վրա­յէն։ Գու­ցէ գազ­պէ ա­նո­ւա­նու­մը ե­կած է այս թու­փի ա­նու­նէն: Եւ այս­պէս, գա­զի տե­րեւ­նե­րուն վրան հա­ւա­քո­ւած մեծ ու կարծր փո­շու հա­տիկ­նե­րը զգու­շու­թեամբ սա­հեց­նե­լով կը լեց­նեն սի­նի­նե­րու մէջ, ուր հա­տիկ­նե­րը ի­րար հպո­ւե­լով կը միա­նան, կը կարծ­րա­նան եւ շա­քա­րի խո­շոր կտոր­նե­րու կը վե­րա­ծո­ւին: Գազ­պէն մեծ պա­հան­ջարկ ու­նի ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նի բնակ­չու­թեան կող­մէ։ Սա­սուն­ցի­նե­րը զայն մին­չեւ իսկ Կա­րին կը տա­նին վա­ճա­ռե­լու հա­մար: Յատ­կա­պէս ուխ­տի օ­րե­րուն, Մշոյ Սուրբ Կա­րա­պետ կամ Ա­ռա­քե­լոց վանք ե­կող  ուխ­տա­ւոր­նե­րը ի­րենց հետ կը տա­նին Սա­սու­նի մա­նա­նայ: Պա­տա­հա­կան չէ, որ տար­բեր շրջան­նե­րու հայ ժո­ղո­վուր­դը գազ­պէնˋ ՙՍուրբ Կա­րա­պե­տի հալ­վա՚ կը կո­չեն:

Ա­մա­նո­րի սե­ղա­նին այլ քաղց­րե­ղէն­նե­րու կող­քին կայ նաեւ մա­նա­նան։ Դժբախ­տա­բար հա­յե­րէն ա­նո­ւա­նու­մը մո­ռա­ցու­թեան մատ­նո­ւած է, փո­խա­րէ­նը հի­մա տա­րա­ծո­ւած է նու­գա կամ կէազ (հա­ւա­նա­կան է ՙգազ­պէ՚ բա­ռէն) կո­չո­ւող քաղց­րա­համ ու­տես­տը: Մեր դրա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու խո­հա­նո­ցին մէջ ալ առ­կայ է մա­նա­նա­յի մշա­կոյ­թը: Ի­րա­քեան, ի­րա­նեան եւ յոր­դա­նա­նեան մա­նա­նան յա­ճախ կը վա­ճա­ռո­ւի ա­լիւ­րի մէջ պա­հես­տա­ւո­րո­ւած« բնա­կան թե­թե­ւա­կի քաղց­րու­թեամբ, քիչ մը կարծր,ա­նու­շա­համ եւ ա­նու­շա­բոյր, եր­բեմն խառ­նո­ւած ըն­կոյ­զի կամ նու­շի հետ:

Ա­մա­նո­րի սե­ղա­նին յա­տուկ է նաեւ գոզ – ­հալ­վա (կամ գո­զի­նաղ, գու­ցէ՞ եւ գազ բա­ռի հնչիւ­նա­փո­խու­թիւնն է) կո­չո­ւող քաղց­րա­ւե­նի­քը: Ան կարծր ու­տե­լիք մըն է, մեղ­րին մէջ ման­րած ըն­կու­զե­ղէն կամ խար­կո­ւած շուշ­մայ խառ­նած: Այժմ ար­դէն տար­բեր սեր­մե­րով ու ըն­կու­զե­ղէ­նով կը պատ­րաս­տեն, այ­րած (կա­րա­մե­լա­յին) շա­քա­րի հետ միա­սին: Կը յի­շեց­նէ ՙկա­ղանդ՚ ա­նու­նով հայ­կա­կան քաղց­րե­ղէ­նը, խար­կո­ւած ու ա­ղա­ցած ըն­կոյ­զըˋ մեղ­րի հետ խառ­նո­ւած։ Միայն թէ կա­ղանդ ա­նու­շե­ղէ­նը կը պատ­րաս­տեն մեղ­րը հա­րե­լով ըն­կոյ­զի հետ եւ դգա­լով կը մա­տու­ցեն։ Իսկ գո­զի­նա­ղը կը պատ­րաս­տեն շա­քա­րը տաքց­նե­լով ու այ­րե­լով, կարծր կʼըլ­լայ եւ քաղց­րը ակ­ռա­նե­րուն կը փակ­չի ճա­շա­կե­լուց:

Հալ­վա – հ­րու­շա­կի տար­բեր տե­սակ­նե­րը կʼընդգր­կո­ւին ա­մա­նո­րի տօ­նա­կան սե­ղա­նի ցան­կին մէջ։ Կան բազ­մա­թիւ տա­րա­տե­սակ­ներ՝  ­չոր, թաց, իմ­րիկ, թթվա­սե­րով, պա­նի­րով, ա­րիշ­տա­յով, նի­շա­յով ե­ւայլն: Եր­բեմն սո­վո­րա­կան ա­լիւ­րի փո­խա­րէն կո­րե­կի ա­լիւր, ման­րա­ձա­ւար (սի­միտ) կամ նի­շա կը գոր­ծա­ծո­ւի:

Ա­մա­նո­րի հայ­կա­կան սե­ղա­նը ա­ռատ է, այ­լա­զան, քաղցր եւ սննդա­րար:  Մեր նա­խա­պա­պե­րու հա­ւա­տա­լի­քի հա­մա­ձայն, ինչ­պէս կը դի­մա­ւո­րենք նոր տա­րին, այդ­պէս ալ կը շա­րու­նա­կո­ւի ամ­բողջ տա­րին: Սո­վո­րու­թիւնն ե­ղած է յե­տին ձգե­լով անց­նող տա­րո­ւայ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ տխուր յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը, մաք­րել սիրտն ու միտ­քը բո­լոր սխալ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէն, նե­րել այ­լոց սխալ­նե­րը, հաշ­տո­ւիլ բո­լո­րի հետ, պարտ­քե­րը մա­րել եւ ա­մա­նո­րին կեան­քը վերսկ­սիլ նո­րո­վիˋ աշ­խար­հը բա­րի եւ լաւ դարձ­նե­լու հա­մար: Տօ­նի ա­մե­նա­կա­րե­ւոր յատ­կա­նիշ­նե­րէն մէկն ալ ա­ռա­տա­ձեռ­նու­թիւնն է, շրջա­պա­տին ու­րա­խաց­նե­լու, ու­նե­ցա­ծը բո­լո­րին հետ կի­սե­լու, բա­րիք­նե­րը նո­ւի­րա­բե­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն, բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թեան եւ օրհ­նու­թեան ա­ղօթք­ներ, ինչ­պէս որ Ա­րա­րի­չը ե­ղեա­մի նման մա­նա­նայ կը թա­փէ եր­կին­քէն, հո­գա­լով, սի­րե­լով բո­լո­րին հա­ւա­սա­րա­պէս, ա­րե­ւի ճա­ռա­գայթ­նե­րու նման ջերմ, լու­սա­ւոր եւ անմ­նա­ցորդ:

 

ՉՈՐ ՀԱԼ­ՎԱ

 

 

1 գա­ւաթ ա­լիւր

60 կրամ կա­րագ

0.5 գա­ւաթ շա­քա­րի փո­շի

ա­ղա­ցած կա­սիա, հէլ կամ ա­նի­սոն (ըստ նա­խա­սի­րու­թեան)

Խար­կել ա­լիւ­րը մար­մանդ կրա­կի վրայ ա­նընդ­հատ խսռնե­լով, երբ գոյ­նը մգա­նայ, ա­ւելց­նել կա­րա­գը, շա­րու­նա­կել խառ­նել այն­քան, որ գնդիկ­ներ չմնան: Kրա­կը մա­րե­լէ յե­տոյ, խառ­նել շա­քա­րը: Տաք – ­տաք լեց­նել ա­մա­նին մէջ, հար­թեց­նել, կտրտել, ձգել պա­ղի:

Հալ­վա­յի տե­սակ­ներ