Տատիկի Խոհանոց․ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍԻ ՏՕՆԱԾԻՍԱԿԱՆ ՈՒՏԵՍՏՆԵՐ


Ս. Սարգիս վանքը

Սոնիա Թաշճեան


Սասունցի Դաւիթ դիւցազներգութեան պատումներէն մէկուն մէջ, ահա այսպէս կը նկարագրուի Սուրբ Սարգիսի հանդիպումը Դաւիթի հետ:

«Դաւիթ էդ տեղէն ետ դարձաւ ու գնաց, կայնաւ Խանդութ խանումի փանջարի (պատուհան) առեչ, ըսեց. – «Խանդութ խանում, ես կʼերթամ կռիւե: Քշեց, գնաց, շատ, քիչ` Աստուած գինա, մէկ էլ տեսաւ յառջեւանց թոզ ու դուման կիգա: Էկաւ, տեսաւ օր Սըփ Սարգիսն է: Դաւիթ գնաց, օր Սըփ Սարգսին համբուրէր: Սըփ Սարգիս ըսեց. – «Հանէ քո Սըփ Նշան, ես համբուրեմ, նոր դու ընձի համբուրԷ: Հանեց Սըփ Նշան, համբուրեց Սըփ Սարգիս, էն լէ սըփ Սարգսին համբուրեց.- «Դե գնա, – ըսեց, – Աստուած խըտ քըզի էղնիե: Ու քշեց ձին: Քեռի Թորոսիկ մնաց աղօթք էնելուե:

Ս. Սարգիս՝ մանրանկարչութիւն

Սուրբ Սարգիսը եղած է հայոց պատմութեան մէջ առաջին քրիստոնեայ զօրավարներէն, որ նահատակուած է պայքարելով յանուն նոր կրօնքի: Ժողովուրդը սրբացուցած է Զայն եւ դարերու ընթացքին Ան դարձած է ամենէն սիրելի սուրբը՝ փոխարինելով Արա Գեղեցիկի կերպարը հայկական ժողովրդական պատկերացումներուն մէջ: Սուրբ Սարգիսի կերպարին մէջ խտացած է ընտանիքի, սուրբի բոլոր տուեալները. առաջին հերթին Ան ընտանիքի պաշտպանն է, Անոր կը դիմեն նոյնիսկ կենցաղային հարցերով. չբեր կանայք կʼաղերսեն բեղմնաւորում, յղի կանայքˋ հեշտ ծննդաբերութիւն. փոքր երեխաներու մայրերը կը խնդրեն, որ իրենց զաւակները չհիւանդանան. մեծահասակներըˋ առողջութիւն եւ հանգիստ ծերունական օրեր. ճամբորդներըˋանփորձանք ճանապարհ.  երկրագործըˋ բերքի առատութիւն. արհեստաւորըˋ գործերին յաջողութիւն: Սուրբ Սարգիսը հռչակուած է  նաեւ որպէս սիրոյ «մուրազատուրե առաքեալը. Անոր ողորմածութեանը կը դիմեն սիրահարները, հասնելու իրենց սիրեցեալին. կամ կողմնորոշելու իրենց ծնողներըˋ ընտրութեան հարցով: Անոր ազգային – հայրենասիրական դրսեւորումը կʼարատայայտուի բանակի ու ռազմիկներուն պաշտպանի ու առաջնորդի գործառոյթներով:  Որպէս աստուածային – հմայական  կերպար, Ան կը սանձէ հողմերը, բուքն ու բորանը. շանթերն ու որոտները. կը փակէ գազաններու բերանները, կը կաշկանդէ անոնց շարժումները. կամ խիտ մառախուղ պատելով, անտեսանելի կը դարձնէ ու կը փրկէ  ճամբորդները, եւայլն…:

Այսպիսով Սուրբ Սարգիսի կերպարը հայկական բանահիւսութեան մէջ բազմաթիւ երանգեր ունի. Անոր անունով կառուցուած են վանքեր, եկեղեցիներ, մատուռներ, սրբատեղիներ. նոյնիսկ լեռներ կը կոչուին Անոր զօրութեամբ: Քրիստոնէութեան հայկական օրրան Եդեսիա (Ուրֆա) քաղաքին մօտակայքը լեռնալանջին կառուցուած է Սուրբ Սարգիս վանական ընդարձակ համալիրը, պարտէզներով ու այգիներով շրջապատուած փոքրիկ դրախտ մը: Վանքի դամբարանին մէջ կը գտնուի Յակոբ Մծբնեցի հայրապետի աշակերտ, 4-րդ դարու աստուածաբան Եփրեմ Ասորիի գերեզմանը. կը պատմուի, որ ան իր կեանքի վերջին տարիները ապրած է վանքի տարածքին գտնուող քարայրներէն մէկուն մէջ, ուր յետագային կառուցուած է վանքը: Վանքը ունեցած է առանձին բաժանմունք, որպէս ամառանոց ծառայելուˋ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն համար: Վանականներու խուցերուն առընթեր, ունեցած են ուխտաւորներու յատուկ կացարաններ, հարուստ եւ արժէքաւոր գրադարան, մեծ ընթերցարան. կը յիշատակուի, որ այն եղած է ուսումնական կենտրոն: Ջարդերու հետեւանքով անտէր մնացած երեխաներու համար բացուած է երկսեռ որբանոց, ուր հասակ առած հայորդիներէն շատերը յետագային դարձած են յայտնի մտաւորականներ ու ազգային գործիչներ. նաեւ ապաստարան է տուած անտուն, որբեւայրի կանանց, որոնք վանքի ներքին ու դաշտային աշխատանքներն են կատարած, ու հոգացած որբերուն: Վանքը թէեւ ինքնաբաւ է եղած, ունենալով իր մրգատու պարտէզները, արտերն ու այգիները, նաեւ սեփական հօտերն ու հովիւները, սակայն եւ միշտ եղած է Ուրֆայի հաւատացեալ ժողովուրդի հոգածութեան ու գուրգուրանքի տակ: Յատկապէս տօնական օրերուն, մասնաւորապէս Սուրբ Սարգիսի տօնի առիթով բազմահազար ուխտաւորներ կու գային այնտեղ. կը կատարուէր աղօթասացութիւն, նուիրաբերումներ, տօնախմբութիւններ, մատաղ, խրախճանք…..:

Սուրբ Սարգիսի տօնածիսական սեղանը այլազան է, սակայն համեստ: Հիմնական բաղադրիչը աղանցն է. կը պատմուի, որ Սուրբ Սարգիսը կռիւ գնալու ընթացքին, ցորենի դաշտերուն վրայէն սուրալու ժամանակ ձեռքը տանելով հասած հասկերուն, քաղած ու զետեղած է թամփի տակ, ուր մինչեւ երեկոյ հասկերը աղնցուած են, հանդիսանալով համեստ սնունդ զօրավարի համար: Ի յիշատակ այս դրուագին, ծեծած ցորենը խարկելով աղանցի կը վերածեն, ապա աղալով կը ստանան փոխինդալիւր, պատրաստելու համար օրուան ամէնէն տարածուած ուտեստըˋ խաշիլը. փոխինդալիւրը եփել ջուրով, մինչեւ որ շիլայի վերածուի. ըստ նախասիրութեան, այն մատուցել մեղրով ու կաթով, կամ թանով ու սոխառածով: Փոխինդալիւրը շաղելով կարագով ու ռուպով (կամ մեղրաջուրով) եւ փոքրիկ բրդուճներու վերածելով կը պատրաստեն կլոնդրակ քաղցրեղէնը: Տօնին յատուկ է գուշակութիւնները. Մուսալեռցիներն ունին գուշակութիւններու գաթանˋ գումպա անունով: Քառօրեայ ծոմապահութենէն յետոյ, երիտասարդները կը ճաշակեն աղի բլիթը, որպէսզի երազի մէջ յայտնուի իր կեանքի ընկերը եւ ջուր տայ իրեն: Շատ տարածուած է նաեւ իւրայատուկ հալվանˋ շուշմայով ու ընկուզեղէնով:

ԳՈՒՄՊԱ

Բաղադրութիւնը

 1 գաւաթ եռման ջուր
1 գաւաթ ձէթ
զ գաւաթ շաքար
5 գաւաթ ալիւր
1 գաւաթ մանրացուած ընկուզեղէն
1 գաւաթ չամիչ
զ գաւաթ շուշմայ
2 թէյի դգալ baking powder
1 թէյի դգալ փոշի կասիա

1/5-ական թէյի դգալ մեխակ, անիսոն, հէլ, մահլէբ

Պատրաստութիւնը

. Թեթեւակի խարկել ալիւրը, ձգել պաղի, ապա մաղել ալրամաղով:
• Խառնել ալիւրը, baking powder, շաքարն ու համեմունքը, ապա շաղել ջուր + ձէթ խառնուրդով:
• Աւելցնել ընկուզեղէնն ու չամիչը, խառնել, ապա խմորը լեցնել նախապէս ձէթոտած ու ալիւրոտած փուռի ամանին մէջ. մատներով տարածել եւ տափակցնել:
• Բաժնել մասերու, մէկուն մէջ խրել միջինքի մետաղադրամը, իսկ միւս բաժիններուն մէջˋմաղթանքի թղթիկներ:
• Ցանել շուշման եւ թխել, միջին ջերմաստիճանով, 30-40 վայրկեան:         

 

ՀԱԼՎԱ

1 գաւաթ շաքար
1/3 գաւաթ ջուր
զ  թէյի դգալ լիմոնի հիւթ
1/5 թէյի դգալ մաստակ (մեզտեքի)
շուշմայ
մանրուած ընկուզեղէն

. Շուշման եւ ընկուզեղէնը տարածել ափսէի մը մէջ եւ դնել սառնարան:
. Շաքարն ու ջուրը խառել, եռացնել. յետոյ աւելցնել լիմոնի ջուրն ու փշրուած մաստակին, եռացնել 5 վայրկեան:
. Գաղջ վիճակով աւելի թանձր կʼըլլայ. դգալ առ դգալ ծորեցնել պաղ շուշմայի վրայ, կլորներ ձեւաւորելով. կամ փաթթել ինքն իր վրայ, կամ ալ վրան յաւելեալ շուշմայ ցանելով ձգել պաղի:

Կլոնդակ

Գումպա

Խաշիլ

Ս. Սարգիս հալվա