Տարեց Քաղաքացիներու Նուիրուած Օր


Մատաթ Բ. Մամուրեան


Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան Այցելութեան յանձնախումբին, Յունիս 22ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ «Երէցներու օրուան» 19րդ Ս. Պատարագ եւ Ճաշկերոյթ հանդիսութիւնը:

Մօտ 130 հաւատացեալներ ներկայ էին Սուրբ Պատարագին, զոր մատոյց Թեմիս Փոխ Առաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան: Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Տէր Սարգիս Աւագ Քհնյ. Կիւլեան: Ապա եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» գեղեցկօրէն զարդարուած սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-հանդիսութիւն:

Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Տէր Սարգիս Աւագ Քահանան: Ճաշկերոյթին ներկայ էին տարեցներու կեցութեան (Nursing Home) տարբեր վայրերու պատասխանատուները: Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բարի գալստեան եւ բացման խօսքերով հանդէս եկան Արշալոյս Գանտահարեան (հայերէն) եւ Նորա Պալթայեան (անգլերէն)՝ տալով համառօտ տեղեկութիւններ յանձնախումբի տարած գործունէութիւններու մասին:

Տեղի ունեցաւ սպասարկութիւնը ճաշին, որ պատրաստուած էր Տիկնանց միւթեան Այցելութեան յանձնախումբի տիկիններուն կողմէ: Իրենց շնորհակալութեան եւ սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան Տէր Զարեհ Աւագ Քահանան եւ Տարեցներու կեցութեան (Nursing Home) սոյն ծրագիրը համադրող Թրէյսի Թիպատուն, ընթերցուեցաւ Ովսաննա Լեւոնեանի շնորհաւորագիրը: Մատլէն Սահակեան խոր ապրումով արտասանեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պարը»:

Բարի մաղթանքներու մթնոլորտի մէջ ներս բերուեցաւ Գանատայի Հասարակատեպութեան (Confedereation) 150ամեակի կարկանդակը: Հրանդ Քէթէնճեան իր ուրախ երգերով ճոխացուց մթնոլորտը եւ պարահարթակ հրաւիրեց հոգիով երիտասարդ տարեցները:

Ներկաներուն համար մեծ հաճոյք էր դիտել մեր սիրելի տարեցները, ժպիտը իրենց դէմքին, ուրախ տրամադրութեամբ հրաժեշտ տուին, Աստուծոյ կամքով յաջորդ տարի կրկին հանդիպելու յոյսով:

Խորին շնորհակալութիւն ու շնորհաւորութիւններ այցելութեան յանձնախումբի ժրաջան ատենապետուհիին՝ Անի Մկրտիչեանին եւ իր վարչական անդամուհիներուն, որոնք ոչ մէկ ջանք խնայած էին հաճելի ժամեր տրամադրելու մեր տարեց պապիկներուն եւ մամիկներուն: