Տարի Մը Առաջ


Լոռի Պէրպէրեան

Տարի մը առաջ, հայու յոյսը անմար էր,

Տարի մը առաջ, խուճապը անյայտ գաղափար էր,

Տարի մը առաջ, յանձնուիլը անհնար էր,

Տարի մը առաջ, հայու պարտութիւնը անվկայ էր։

Ինչո՞ւ այսօր այդպէս չէ։

Այսօր, հայու սիրտը փշրուած է,

Այսօր, ամբողջ ազգը ցնցուած է,

Այսօր, անոր վստահութիւնը վերացած է.

Այսօր, հայու էութիւնը ապշած է։

Եւ կայ մէկ դարման՝ յառաջանալ դէպի ինչպէս որ էր… տարի մը առաջ։