Տեղահանուածներուն Համար Տուներ Պիտի Կառուցուին Միայն Արցախի Մէջ


«Sputnik Արմէնիա»,-   Տեղահանուած եւ առանց տունի մնացած արցախցի փախստականներուն համար տուներ պիտի կառուցուին ոչ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ միայն Արցախի մէջ, ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի կառավարութեան ներկայացուցիչ Միքայէլ Վիրաբեան՝ «Հայաստան» ընդդիմադիր դաշինքի կազմակերպած քննարկումին ժամանակ: 

Արցախի գործող շտապը կը համագործակցի Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ, որպէսզի արցախցիները մնան ժամանակաւոր կացարաններու մէջ, իսկ մնայուն վերաբնակեցման հարցով Երեւանն ու Ստեփանակերտըհամակարծիք այն մտքի հետ, որ այդ քաղաքացիներուն բնակարաններ պիտի տրամադրուին Արցախի մէջ, ընդգծած է Վիրաբեան:

«Այդ կերպով մենք կը լուծենք Արցախի մէջ հայկական բնակչութիւնը պահպելու հարցը», նշած է ան:

Ան յիշեցուցած է, որ 2021-ի Յուլիսին Արցախի կառավարութիւնը որոշում ընդունած է Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ զոհուածներու, անյայտ կորածներու եւ 1-ին խումբի հաշմանդամներու ընտանիքներուն բնակարանով ապահովելու մասին:

Կը նախատեսուի քաղաքներուն մէջ կառուցել 1 200 բազմայարկ շէնքեր, գիւղերուն մէջ` մօտ 2 300 սեփական տուն: Ընտանիքներու միջեւ բաշխումը պիտի իրականացուի մէկ անձի համար16 քմ հաշուարկով: Ծրագիրը պիտի իրականացուի Արցախի ամավարկի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրամական օժանդակութեան միջոցներով:

Շտապի տուեալներով, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ընդհանուր առմամբ կը շարունակէ մնալ շուրջ 5 300 արցախցի ընտանիք (մօտ 20 430 մարդ):