Տեղի Ունեցաւ Վարդենիս-Մարտակերտ Ճանապարհի Պաշտօնական Բացումը


Աշխատանքային այցով Արցախ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբեր 1ին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ միասին ներկայ եղաւ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի բացման արարողութեան:

Ճանապարհը կառուցուած է համայն հայութեան նուիրատուութիւններով` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ 2013 եւ 2014 թուականներու հեռուստամարաթոններու ընթացքին հաւաքագրուած միջոցներու եւ Հայաստանի ու Արցախի կառավարութիւններու աջակցութեամբ: 

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան Արցախի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Պարգեւ Սրբազանի հետ այցելեցին նաեւ Դադիվանք` ծանօթացան վանական համալիրին մէջ իրականացուող վերականգնողական աշխատանքներու ընթացքին եւ մոմ վառեցին Դադիվանքի Սբ. Աստուածածին Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ:

Հայկական երկու հանրապետութիւններու նախագահները Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանին մէջ այսօր պիտի այցելեն նաեւ գինիի նորաբաց գործարանը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբեր 2ին մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ պիտի մասնակցի Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 26րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն:

c1

c4

c5