Տեսաժողով` Ամերիկայի Տարածաշրջանի Հայկական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներուն Եւ Սփիւռքի Նախարարութեան Միջեւ


Փետրուար 9ին տեղի ունեցաւ տեսաժողով` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներու եւ Ամերիկայի տարածաշրջանի հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Հայաստանէն տեսաժողովին կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան, Մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էվելինա Բաղդասարեան, նախարարութեան աշխատակիցներ: Ամերիկայի տարածաշրջանէն տեսաժողովին կը մասնակցէին «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիր Ռուբէն Ճամպազեան (ԱՄՆ), «Պայքար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Վարդիվառեան (ԱՄՆ), «Նոր Օր» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրաչ Սեփեճեան (ԱՄՆ), «Հայկական համայնապատկեր» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Օշին Քեշիշեան  (ԱՄՆ), ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի ատենապետ, «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր Գրիգոր Խոտանեան (ԱՄՆ), «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան (Գանատա), «Ապագայ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աւետիս Պագգալեան (Գանատա), «Թորոնթոհայ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Կարին Սաղտըճեան (Գանատա), «Արմենիա» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Գէորգ Գազանճեան (Արժանթին):

Քննարկուեցան Լրագրողներու համահայկական 9րդ համաժողովի թեմատիկ ուղղութիւնները, ներկայացուեցան առաջարկներ համաժողովի կազմակերպման ձեւաչափի, այլ հարցերու վերաբերեալ:

Տեսաժողովի մասնակիցները անդրադարձան օտար լրատուամիջոցներու մէջ աշխատող հայ լրագրողները համաժողովի աշխատանքներուն ներգրաւելու խնդրին:

Ողջունելով տեսաժողովի մասնակիցները` Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց նման ձեւաչափով իրականացուող աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեց աշխոյժ մասնակցութեան եւ շահագրգիռ քննարկման համար: Ան ներկայացուց Լրագրողներու համահայկական նախորդ համաժողովի արդիւնքները եւ յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան յաղթանակներու 100ամեակներու օրերուն կազմակերպուելիք համաժողովը եւ այցելութիւնը սահմանապահ գիւղեր նոր ոգեւորութեամբ, նոր ստեղծագործական լիցքերով պիտի համակէ հայ լրագրողները: