Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի Անդրանիկ Սուրբ Պատարագը Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Մէջ


Հա­յա­րի քհնյ. Թա­նա­շեա­ն

Գա­նա­տա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Աբ­գար Եպս. Յո­վա­կի­մեա­նի հայ­րա­կան օրհ­նու­թեամբ` Կի­րա­կի, 4 Օ­գոս­տոս  2019-ին, Ս. Եր­րոր­դու­թիւն Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ պա­տա­րա­գեց եւ քա­րո­զեց Ե­կե­ղեց­ւոյ Հո­գե­ւոր Հո­վի­ւի նո­րան­շա­նակ Օգ­նա­կան Հա­յա­րի Քհնյ. Թա­նա­շեան:

Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Գա­նա­տա­հա­յոց Թե­մի Փո­խա­ռաջ­նորդ եւ Ե­կե­ղեց­ւոյս Հո­գե­ւոր Հո­վիւ  Զա­րեհ Ա. Քհնյ. Զար­գա­րեա­նը ըն­թեր­ցեց Սրբա­զան Հօր տնօ­րի­նու­թիւ­նը` Հա­յա­րի քհնյ. Թա­նա­շեա­նի նշա­նակ­ման առն­չու­թեամբ: Տէր Զա­րե­հը իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց այս նշա­նակ­ման առ­թիւ եւ յա­նուն Ե­կե­ղեց­ւոյ Ծխա­կան Խորհր­դի, Յա­րա­կից Մար­մին­նե­րու եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու, բա­րի գա­լուստ եւ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թեց Տէր Հօր ի փառս Աս­տու­ծոյ, Ա­նոր Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն մա­տու­ցած իր ծա­ռա­յու­թեան մէջ:

Յա­ւարտ Սուրբ Պա­տա­րա­գի, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին Տէր Հայ­րը, որ­մէ ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­րի գալս­տեան մտեր­միկ ըն­դու­նե­լու­թիւն` կազ­մա­կեր­պո­ւած Ծխա­կան Խոր­հուր­դին կող­մէ, գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիկ. Ռո­զին Ի­մաս­տու­նեա­նի: Ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թե­ցին Տէր Հօր իր այս նոր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ: