Տիարպեքիրի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցին Քանդուելու Վտանգին Տակ Է


«Թերթ».- Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Տիարպեքիրի պատմական Սուր շրջանին մէջ քանդման վտանգի տակ յայտնուած է նաեւ հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին:

Գանձագողերու կողմէ աւերակներու վերածուած եկեղեցւոյ պատերը քաղաքաշինութեան նոր ծրագրի ծիրէն ներս կը ցանկան հողին հաւասարեցնել:

Կ՛ենթադրուի, որ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին կառուցուած է 16րդ դարուն, անիկա պատկանած է Տիարպեքիրի կաթողիկէ հայ համայնքին:

Ցեղասպանութենէն ետք տեղի քիւրտ աղաներու կողմէն եկեղեցւոյ շէնքը յաճախ օգտագործուած է իբրեւ խոտի պահեստ կամ անասնագոմ, վերջին տարիներուն ալ տեղական իշխանութիւններու անտարբերութեան հետեւանքով անիկա ենթարկուած է գանձագողերու յարձակումներուն, որոնք հայերէն մնացած ոսկիները գտնելու յոյսով բազմաթիւ պեղումներ կատարած են այստեղ ու զգալի վնաս հասցուցած շէնքին:

Յիշեցնենք, որ Սուրի մէջ արդէն երկրորդ շաբաթն է` ամբողջութեամբ կը քանդուին թուրք-քրտական բախումներէն ետք պետականացուած կառոյցները: Յայտնի է, որ այս յատուկ գործողութեան ընթացքին պիտի քանդուի ընդհանուր 850 կառոյց:

2016ին պետականացուած գոյքի ցուցակին մէջ յայտնուած էր նաեւ հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որ, սակայն, աւելի ուշ կարելի եղաւ վերադարձնել մշակութային հիմնադրամին, որուն կը պատկանէր եկեղեցին մինչեւ բռնի պետականացումը: