Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Հայկական Եկեղեցին Պիտի Վերաբացուի Ս․Զատիկին


«Ալիք Մեդիա»,- Քրիստոնեայ աշխարհի ամենամեծ տաճարներէն մէկը` Տիգրանակերտի Ս․ Կիրակոս եկեղեցին, որ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ հայկական եկեղեցին է, պիտի վերաբացուի Ս․ Զատկին:

Պոլսոյ պատրիարքարանէն կը տեղեկացնեն, որ պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան օրերս վերադարձած է Տիարպեքիրէն, ուր այցելած է Ս․ Կիրակոս եկեղեցի, այնուհետեւ հանդիպած նահանգապետին եւ նահանգային իշխանութեան այլ ներկայացուցիչներու, որոնք մօտիկէն կը հետեւին եկեղեցւոյ նորոգման աշխատանքներուն:

Հայկական եկեղեցին մեծապէս վնասուած էր 2015-ի թուրք-քրտական բախումներու ժամանակ, որմէ ետք պատրիարքարանը զայն նորոգելու համար դիմած էր պետական մարմիններուն, հայերու` կառոյցը նորոգելու դիմումները հասած էին մինչեւ Թուրքիոյ նախագահական գրասենեակ: Տեղեկացանք նաեւ, որ ըստ թրքական օրէնքներու` Թուրքիոյ մէջ համայնքային հիմնադրամներու ենթակայութեան տակ գտնուող եկեղեցիներու նորոգման ու պահպանման համար պետութիւնը չի միջամտեր, այդ գործի ֆինանսական ամբողջ բեռը դրուած է հիմնադրամներու վրայ: Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորոգումը եզակի դէպքերէն է, որուն համար թրքական կառավարութիւնը գումար յատկացուցած է, իսկ հիմնադրամները իրենց կառոյցներուն միջոցով կ՛իրականացնեն շինարարութիւնը: Հաշուի կ՛առնուի Ս․ Կիրակոսի պատմական ըլլալը եւ այն, որ ինքնատիպ ճարտարապետութեամբ հսկայ եկեղեցին տարածաշրջանի մշակութային հարստութիւններէն է: Ա․ Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն օգտագործուած է որպէս ռազմական շտապ: 1950-1960-ականներուն Տիարպեքիրի մէջ մնացած մօտ հազար հայերը եկեղեցւոյ մէջ իրենց կրօնական արարողութիւններն կը կատարէին:

Ս․ Կիրակոս եօթնախորանը կառուցուած է 1376-ին, կը գտնուի քաղաքի կենտրոնական` երբեմնի հայաշատ Ֆաթիհփաշա թաղամասին մէջ: Թէեւ հայերու եւ ընդհանրապէս քրիստոնէաներու թիւը բաւական նուազած է, կառոյցի նորոգումն ու պահպանումը կարեւոր կը սեպուի հիմնականօրէն զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէ:

Պատրիարքարանը կը յայտնէ նաեւ, որ սա Ս․ Կիրակոսի երկրորդ մեծ նորոգութիւնն է. ան թուրք-քրտական բախումներէն առաջ` 2011-ին, հիմնանորորգուած էր, եկեղեցւոյ մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ծիսակարգով պատարագ կը մատուցուէր, բայց 2014-2015 թուականներուն Սուր շրջանի այլ պատմական կառոյցներու հետ միասին յայտնուած էր թրքական բանակի եւ քրտական ուժերու հակամարտութեան կենդրոնը, վնասուած էին պատուհանները, տանիքը, պատերը: Նորոգման աշխատանքները վերսկսած են 2019-ին:

Եօթնախորան եկեղեցւոյ առաջին պատարագը` 2022-ի Ս․ Յարութեան տօնին, կը նախատեսուի, որ ուխտագնացութեան կը վերածուի հայերու համար:

Պատրիարքարանի հաղորդագրութեան համաձայն` պիտի նորոգուի նաեւ Տիգրանակերտի Ս․ Սարգիս հայկական եկեղեցին, որ իր ճարտարապետութեամբ Ս․ Կիրակոս եկեղեցւոյ փոքրիկ կրկնօրինակն է: