Տիրուկին Հետ․ Տերեւներու Խշշոցին Ալիքները


Դիլիջանի աշունը, Պարզ լիճ

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Կէսօրուան դադարս է։ Դպրոցին ոսկի վանդակէն դուրս կու գամ, մէկ ժամ կը պտըտիմ եւ կը վայելեմ Թորոնթոյի աննման բնութիւնն ու աշնան առաջին օրերուն հետ հիւր եկող զով օդը։ 

Հոկտեմբերի մեղմիկ հովին հետ ճամբայ ելած ու մայթերու եզրին ննջած կարմրադեղնաւուն տերեւներուն նրբագեղ երանգները տեսնելով կը հիանամ ու կը յիշեմ Հայաստանի Ոսկէ Աշունը։ 

Ճիշդ է, որ Սուրիա ծնած, մեծցած եւ մօտաւորապէս 40 տարի Հալէպ ապրած եմ, սակայն ոսկեգոյն աշուն մը իսկ չեմ տեսած, թերեւս հանրային պարտէզին (Մէշթէլ) մէջ հատ ու կենտ տերեւաթափ ծառեր ըլլային, սակայն ո՞վ առիթը ունէր դպրոցի գրաւորներուն կամ համալսարանի ծանր նիւթերը պատրաստելու ժամանակ հոն երթալու։ Վստահ եմ, որ Քեսապի մէջ աշունը իր վրձինը դեղինի երանգներուն թաթխելէն ետք աշնանային տասնեակ պատկերներ գծած ըլլար, սակայն թերեւս հալէպահայերը դեղնաւուն զգեստ հագած Քեսապը չէին տեսած, որովետեւ առաւելաբար ամառը` մանաւանդ Աստուածածնայ Տօնին կամ բանակումներու խարուկահանդէսներուն կ’երթային հոն, իսկ աշնա՞ն` կարծեմ բնաւ։

Հայաստանի Ոսկէ Աշունն ալ յաճախ նախակրթարանի հայերէնի դասագիրքերուս մէջ, որպէս  պատկեր կամ գծագրութիւն տեսած էի, աշնան գեղեցկութեան ու ոսկեգոյն տերեւներուն գովքը հիւսող արտասանութիւններ ալ սորված եւ արտասանած էի, սակայն այդ ժամանակ Հայաստանի աշնան հրաշագեղութիւնը պատկերացնել անգամ չէի յաջողած։ 

Տարիներ պիտի անցնէին եւ յանկարծ օր մը Դիլիջանի մուտքին, աշնան կախարդական դռները պիտի բացուէին դէմս ու ես բոլոր զգայարանքներովս պիտի ըմբոշխնէի այդ հրապոյրը եւ արբենայի անձրեւ ըմպած հայրենի հողին բուրմունքով։ 

Հոն էր, որ իւրաքանչիւր տերեւ իր կենսագրութեան վերջակէտը դրած, գետին ինկած էր եւ իր հասակակիցներուն հետ արեւին` արեւածագէն մինչեւ մայրամուտ երկարող ժամանակամիջոցին, փոխած հագուստներուն գոյները մարմնաւորած էին։ Հոն, ծառերը իրենց կանաչը շատո՜նց մոռցած, կարմրաւուն հողի գորգին վրայ նոր ներկեր աւելցուցած, եւ իրենց արուեստի գործերը կատարելիութեան հասցուցած էին, իսկ ինծի կը մնար, բառին բուն իմաստով, ապրիլ այդ պահը եւ նկարներով անմահացնել գալիք ձիան ճերմակին տակ ննջելու պատրաստուող խօսուն տերեւները, որոնք մէկ տարի շարունակ իրենց մօր ձեռքը բռնած՝ վերէն կը դիտէին իրենց սօսաբիւնով տարուած մարդկանց երջանկութիւնը. ու հիմա անոնք խօսուն գորգեր դարձած կը փռուէին անցորդներուն ոտքին տակ։  

Անցորդներէն մին, թերեւս ալ ամենէն բախտաւորը, ես էի այդ օր։ Ե՛ս, Հայաստանի Ոսկէ Աշնան ճոխ պատկերը ո՛չ միայն տեսայ այդ պահուն, այլ լուսաւոր հոգւոյս մէջ պահեցի անոր շնորհած զգացողութեան կատարելութիւնը ու տերեւներու խշշոցին ալիքները։ 

Կէսօրուան դադարիս, երկրիս աշնան պատկերները մտքիս կը պտըտիմ Թորոնթոյի ճամաբաներուն մէջ, ուր ամէն քայլափոխին հազարումէկ գոյներով օժտուած թխկի ծառերուն (Maple trees) աննկարագրելի սաղարթներուն զգլխիչ կարմիրին, նարնջագոյնին ու դեղինի երանգներուն մէջ եդեմի մէջ կը գտնեմ ինքզինքս, կ’ոգեւորուիմ, կը զմայլիմ ու կը  փառաբանեմ զԱստուած, Որուն կատարեալ ստեղծագործութիւնը կը վայելեմ իւրաքանչիւր երկվայրկեան։ Գետին ինկած տերեւները ափիս մէջ կը սեղմեմ, սակայն անոնց խշշոցը չի՛ հասնիր հոգւոյս խորերուն ու ես ալ Պէշիկթաշլեանի զգացածը կը զգամ, կարմրաւուն տերեւները գետին կը նետեմ եւ հետեւեալ տողերը յօրինելով կը խօսիմ երեսի վրայ նետուած տերեւներուն հետ ու կ’ըսեմ.

 «Հրաշագեղ գոյներովդ երգեր կ’երգես կարմիր տերեւ,

 Բայց չես տերեւ իմ հայրենեաց, գնա՛, անցի՛ր սրտէս ի բաց»,

ապա վազելով կը վերադառնամ աշխատանքիս, սակայն ականջիս մէջ Դիլիջանի տերեւին խշշոցը կ’ալեկոծի ու հոգիս խռովելով զիս իր քովը կը կանչէ։