Տիրուկին Հետ. Արդարութեան Կաղիններ


Արդարութեան վերմակին տակ տեղ չգտնող, մսող ու սառած ոտքերով բոյնէն դուրս մնացող թշուառներուն համար հրեշտականման մարդիկ կան ու…

Փողոցներուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք մոխրագոյն, սրճագոյն կամ սեւուկ, շատ փոքրիկ, պոչիկը մարմինէն երկար եղող, արագավազ եւ ճարպիկ սկիւռիկներու, որոնք աշխատասիրութեան, խնայողութեան եւ ընտանեկան ջերմութեան դասեր կրնան տալ մարդոց: Անոնք առաւօտէն մինչեւ իրիկուն ուտելիք ու պաշար հաւաքելով կը զբաղին եւ հոս ու հոն կը վազվզեն մէկ հատիկ կաղին գտնելու սիրոյն: Խոտերուն մէջ, ծառերուն վրայ, ցանկապատերուն եզերքը, անտառներուն խորքը` մէկ խօսքով ամէն տեղ են անոնք:

Անցեալ աշնան, մերկացած ծառերուն ճիւղերուն վրայի հանգչած բոյները տեսնելով` «Խեղճ թռչունները պաղին չեն դիմացած ու գաղթած են», ըսի գանատաբնակ բարեկամուհիիս, որուն` «Թռչունի բոյն չեն ասոնք, այլ սկիւռի», պատասխանը լսելուս պէս բերանս բաց մնաց, որովհետեւ մինչեւ այդ օրը կը կարծէի, որ սկիւռները միայն ծառերուն խոռոչներուն մէջ կ’ապրին: 

Ձմրան, երբ աշակերտներուս հետ դպրոցի պարտէզին մէջ կը խաղայինք, յանկարծ տեսանք մայր սկիւռ մը, որ ձագուկները դունջով բռնած մէկիկ-մէկիկ կը փոխադրէր խոռոչէն դէպի ծառի մը կատարին հիւսած բոյնը, իսկ հայր սկիւռը, անընդհատ ու ամէն քայլափոխին, կը հսկէր մայրն ու ձագուկները: Սկիզբը աշակերտներս վախցան ու կարծեցին, թէ սկիւռը ձագուկին խածնելու փորձեր կ’ընէ, սակայն երբ եղելութիւնը բացատրեցի` իրենց խաղը մոռնալով սկսան մայր ու հայր սկիւռները դիտել եւ զմայլիլ անոնցմով, թերեւս իրենք ալ ինծի պէս առաջին անգամ էր, որ կը տեսնէին սկիւռներուն այս բնածին հոգատարութիւնն ու վարուելակերպը:

Մանկութեանս միայն պատմութեան գիրքերէն ճանչցած ու սիրած սկիւռները ամէն օր տեսնելով աւելի կը սիրեմ զանոնք ու իրենց աշխուժութեամբ վազելն ու պոչիկներու իրերայաջորդ շարժումները դիտելով կ’ուրախանամ: Հիմա, մէկուկէս տարի հոս ապրելէս ետք, ձեռքի յատուկ շարժումներով ու ձայներ արտաբերելով կապ կը հաստատեմ սկիւռներուն հետ: Անոնք կը մօտենան ինծի ու ես կը սկսիմ հեռախօսովս նկարել զանոնք ու ղրկել Հայաստան գտնուող երեքուկէս ամեայ թոռնուհիիս, միեւնոյն ժամանակ կը պատմեմ անոնց շարժումներուն, վազելու դրդապատճառներուն եւ ուտելիք փնտռելու արկածախնդրութեան մասին: Թոռնուհիս ամէն առաւօտ աչքը բանալուն եւ` «Մամիին սկիւռները ո՞ւր են», հարցնելուն պէս ղրկած video-ովս կը ծանօթանայ գանատաբնակ նոր սկիւռիկի մը: 

Ինչպէս մարդոց, այնպէս ալ սկիւռներուն մէջ կան բախտաւորներ ու անբախտներ, հարուստ ու աղքատ, ուրախ ու տխուր, որովհետեւ անարդարութիւնը նոյնիսկ այս պզտլիկ սկիւռներուն ճամբուն վրայ քարի պէս կը յայտնուի երբեմն: Անցեալները ընկերուհիիս հետ High Park գացինք` աշնան գոյներով զարդարուած ծառերը տեսնելու ու անոնց հմայքը վայելելու, հոն` սկիւռիկներով ողողուած հսկայ պարտէզներուն, մայթերուն ու ճամբաներուն եզերքը ծառերէն ինկած հազարաւոր կաղիններ փռուեր էին, որոնց հասնելու համար ջանք չէին թափեր բախտի բերմամբ հոն ծնող ու ապրող սկիւռները, որոնք շռայլութեան մէջ մեծցած եւ բերքին բազմազանութիւնը վայելած բախտաւորներ էին: 

Կաղիններով լիառատ գետիններէն քիչ մը կաղին հաւաքեցինք, որպէսզի մեր թաղամասի սկիւռներուն միօրեայ ուտելիք հայթայթելով ուրախացնենք զանոնք:

Յաջորդ օր «դժբախտ» սկիւռներուն համար հարսանիք էր: Անոնք, մեր տարած ու գետին նետած կաղինները յափշտակեցին եւ իրենց բերնին մէջ տեղաւորելով վազեցին առանց ետեւ նայելու: Այդ օրուան ուրախութիւնը կեանք մը կ’արժէր իրենց, եւ ինչո՞ւ չէ մեզի համար: Լաւ է, որ անոնք գաղափար չունէին հսկայ անտառներու առատ բերքէն եւ գետինները թափած հազարաւոր կաղիններէն, իսկ գիտնալու պարագային ի՞նչ կ’ելլէր որ խեղճերուն ձեռքէն` եղածով պիտի գոհանային, ջանասիրութեամբ պաշար հաւաքէին եւ վազնիվազ աշխատելով իրենց կեանքը իմաստաւորէին: Ամենէն կարեւորը այն էր, որ չըլլայ թէ փորձանք մը գար անոնց գլխուն եւ օրին մէկը անգութ փոթորիկը զգետնէր իրենց շուրջը գտնուող ծառերը կամ հրդեհ մը ծագելով այրէր թացն ու չորը:  

Որքա՜ն նման է սկիւռներուն կենցաղը մարդու կենցաղին, իսկ ճակատագիրը…, է՜հ, շատ չխորանամ: 

Ամէն պարագային գիտեմ, որ Աստուած` արդարութեան վերմակին տակ տեղ չգտնող, մսող ու սառած ոտքերով բոյնէն դուրս մնացող թշուառներուն դէմ այնպիսի հրեշտականման մարդիկ կը հանէ, որոնք իրենց սպիտակ թեւերու փետուրներուն մէջ արդարութեան կաղիններ շալկած հոգեկան հանգստութիւն ու ջերմութիւն կը շնորհեն նեղութեան մէջ եղողներուն: 

Ամէն օր աւելի ու աւելի կը համոզուիմ այդպիսի հրեշտակներու ներկայութեան: Ինչքա՛ն շատ են անոնք եւ որքա՜ն կենարար են անոնց մատուցած կաղինները: