Տիրուկին Հետ. Երկինքէն Նամակներ


Յաջորդ ամառ արիւնով օրհնուած արտերուն բերքը առատ պիտի ըլլայ, հաւատացէ՛ք:

Բերքահաւաքին, ծառէն ինկած ու գետին փռուած պտուղները չվերցնէք, անոնք թող սեւ հողին խառնուին, որ անոնց կենարար համը հասնի մեզի:

Հաւատացէ՛ք, յաջորդ տարուան բերքը ազատութիւն պիտի բուրէ ու մեր յաղթանակով աւելի պիտի քաղցրանայ:

Գետին ինկած պտուղները ինկած հերոսներուն բաժինն են, չմոռնա՛ք:

* * *

Մա՛մ, երբ գաս հողակոյտս այցելելու` սեւ չհագնիս ու չի լաս: Գիտես, սեւը չեմ սիրեր, իսկ եթէ լաս` հոգիս կը ցաւի, շա՜տ կը ցաւի:

Երջանիկ եղի՛ր, մա՛մ, որդիդ նահատակի սպիտակ զգեստով բարձրացաւ երկինք:

Ես հոս եմ, մա՛մ, հոս` արքայութեան մէջ հրեշտակի թեւերով երանելի թռիչքներ կը հիւսեմ ու երազներուդ մէջ թռչելու կը պատրաստուիմ:

Աչքերդ փակէ, մա՜մ:

* * *

Երկինքի փէշերուն նստած կը տեսնեմ քեզ` նորածին կորիւնս, ու կը զգամ բազկիդ զարկը: Ես յաւերժի ճամբորդ եղայ, բայց մօրդ իմ յիշատակս` քեզ նուիրեցի:

Արդեօք քե՞զ մօրդ, թէ՞ մայրդ քեզի յանձնեմ: Չէ՛, չէ, ձեզ կը յանձնեմ հայրենիքիս, ան է ձեր պաշտպանը ու դուք ալ անորը:

Կորի՛ւնս, զիս մի՛ փնտռեր հողին տակ կամ երկինքին մէջ. ես մեր Արցախի հողն եմ, քարը, ջուրը, լեռը, թռչունը, թիթեռը, սոխակը, անձրեւը` մէկ խօսքով իւրաքանչիւր տարրը:

Ես Արցախն եմ, ձագո՛ւկս…

* * *

Կու գամ իմ սէր…: Կու գամ զեփիւռին հետ ու կը շոյեմ մազերդ, դէմքդ, յետոյ այտիդ կը հպիմ ու համբոյր մը կը դրոշմեմ ճակատիդ:

Իմ սէ՜ր, բայց ո՛չ առաջի՛նը, ո՛չ ալ վերջինը:

Հայրենի հողս է առաջին ու վերջին սէրս, հո՛ղս, որուն համար կռիւներ մղեցի ու հիմա զինք գրկած կը քնանամ:

Սէրերուն վեհագոյնը գտայ ես ու այն օրէն անունդ զեփիւռին շշնջացի:

* * *

Կը յիշե՞ս հայրի՛կ, կը յիշե՞ս մանկութեանս գծած նկարներուս մէջի ժպտադէմ արեւը: Ահա՛, հասայ այդ արեւին ու ամէն օր անոր ժպիտին կարմիրով երեսս կը լուամ:

Գիտե՞ս, հոս միշտ Գարուն է: Ես ու ընկերներս լոյսերու եդեմին մէջ երջանիկ ենք ու կը սպասենք յաղթանակին, որպէսզի արեւի շողերուն հետ այցելենք ձեզի ու թեւածենք մեր ազատ հողին վրայ:

Ցաւ չունիմ, հայրի՛կ, չունի՛մ: Մարմինս Եռաբլուրին մէջ հանգիստ կը ննջէ ու ազատատենչ հոգիս` «խաղաղութի՜ւն» կը կանչէ:

* * *

Ազատատենչ թռչունը ականջիս հայրենասիրութիւն փսփսաց ու սրտիս կայծկլտող կրակին ոյժ տուաւ: Ինչո՞ւ կը զարմանք, չէ որ ծնած օրէս դուք այդ կայծը մէջս վառեցիք:

Ես` կամաւորս, մնաք բարով փսփսացի ձեր ականջին ու գացի հայ կամաւորի ճակատագրին վերջին «Երխուշտա»ն պարելու:

Հիմա խոյացած հայրենասէրի հոգիս ամէն օր «Երխուշտա» կը պարէ: Ծափերը չէք լսե՞ր:

* * *

Մայր Հայաստա՛ն, արգանդէդ ծնած որդիդ կուրծքիդ մէջ կը գրկես հիմա ու հայրենիքիս լամբակին հանգչած Եռաբլուրին վրայ անունս ոսկեայ տառերով կը գրես:

Ես` սխրանքովս, իսկ դուն հաւատարիմ զաւակովդ հպարտ` խրոխտ կեցուածքով ոսկեձոյլ թագ կը կրես լուսապսակ գլխուդ:

Վառ արշալոյսներդ հորիզոնին վրայ ուրուագծուած կը բացուին Արցախի լեռներուն կատարներէն ու «Պիտի յաղթենք» կը գրեն կապտաչեայ երկինքիդ մէջ: