Տի­րու­կին Հետ Հա­ճե­լի Պա­հեր. Դեռ Ին­չե՜ր ­Պի­տի Տես­նենք


Չեմ գի­տեր, թէ` քո­րո­նա, թա­գա­ժահր, պսա­կա­ձեւ ժահր, թա­գա­վա­րակ, պսա­կա­ժահր, պսա­կա­վա­րակ, թա­գա­ձեւ ժահր բա­ռե­րը եւ ա­նո­ւա­նում­նե­րը ե՞րբ­ եւ ինչ­պէ՞ս ­մուտք գոր­ծե­ցին մեր ա­ռօ­րեայ խօ­սակ­ցու­թեան մէջ եւ ա­նոր ան­բա­ժան մաս­նիկ­նե­րը դար­ձան, բայց գի­տեմ, որ այս օ­րե­րուն, ո՛ւր­ ալ ըլ­լանք, ո­րո՛ւ ­հետ ալ խօ­սինք, հե­ռա­տե­սի­լի որ կա­յա­նը դի­տենք կամ որ թեր­թը կար­դանք, իս­կոյն մեր դէմ կ’ել­լեն այդ բա­ռե­րը եւ ա­ւե­լի կը խան­գա­րեն մեր ի­րա­րան­ցած կեան­քը: Ըն­կեր­ներ ու բա­րե­կամ­ներ ալ ու­նին ա­նոնք, օ­րի­նակ` դի­մակ, ձեռ­նոց, հա­կա­նե­խիչ հե­ղուկ, բե­րա­նա­կապ, դնչա­կապ, քթա­կապ, վա­րա­կա­պաշտ­պան կապ եւ այլն: Ներ­կա­յիս, ա­ռանց այդ մի­ջոց­նե­րուն եւ կա­պե­րուն չենք կրնար շա­րու­նա­կել մեր կեան­քը: Ե­թէ կը կար­ծէք, թէ ցան­կը վեր­ջա­ցած է` սխա­լած կ’ըլ­լաք. մոռ­ցա՞ք ­ֆի­զի­քա­կան հե­ռա­ւո­րու­թիւն, ըն­կե­րա­յին հե­ռա­ւո­րու­թիւն եւ մե­կու­սաց­ման շրջան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց­մով ճո­խա­ցու­ցինք մեր բա­ռա­պա­շա­րը, բայց թշո­ւա­ռա­ցու­ցինք մեր կեան­քը:

Է՜հ, ե­րա­նի միայն նոր բա­ռեր կամ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ա­ւել­նա­յին մեր ա­ռօ­րեա­յին: Ան­ցած ե­րեք ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին ին­չե՜ր­ ու ին­չե՜ր չ­տե­սանք. Թոռ­նի­կի կա­րօտ մնա­ցած մեծ­հայ­րերն ու մեծ­մայ­րե­րը ի­րենց թոռ­նիկ­նե­րը առ­ցանց տե­սան ու այդ­քա­նով բա­ւա­րա­րո­ւե­ցան: Զի­րար չճանչ­ցող, ան­գամ չբա­րե­ւող դրա­ցի­նե­րը, Զատ­կո­ւան առ­թիւ, պատշ­գամ­նե­րէն ի­րա­րու հետ Զա­տիկ տօ­նե­ցին ու եր­կար փայ­տե­րու վրայ տե­ղա­ւո­րած բա­ժակ­նե­րով կե­նաց խմե­ցին եւ պա­րե­ցին, ո­րով­հե­տեւ մար­դու կա­րօտ մնա­ցած էին ա­նոնք: Օ­փե­րա­յի եր­գիչ­նե­րը պատշ­գամ­նե­րէն մե­ներ­գե­ցին, ե­րա­ժիշտ­ներն ալ նո­ւա­գե­ցին ու թա­ղե­ցի­նե­րուն խան­դա­վա­ռու­թիւն պար­գե­ւե­ցին:

Առ­ցանց եր­գա­հան­դէս­ներ, տե­սա­հո­լո­վակ­ներ, ժո­ղով­ներ, դպրո­ցա­կան դա­սեր եւ հան­դի­պում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան եւ ան­շուշտ տու­նե­րը գրա­սե­նեա­կի վե­րա­ծե­լով առ­ցանց աշ­խա­տող­նե­րը օ­րէ օր ա­ւել­ցան: Ու­սու­ցիչ­նե­րը ո­րոշ չա­փով հանգս­տա­ցան, իսկ բազ­մա­զա­ւակ ծնող­նե­րը խեն­թա­ցան: Բժիշկ­նե­րը ի­րենց հի­ւանդ­նե­րուն հետ հե­ռա­խօ­սով զրու­ցե­ցին ու բժշկե­ցին կամ բժշկել փոր­ձե­ցին: Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, պա­տա­րագ­նե­րը, քա­րոզ­նե­րը ու­ղիղ ե­թեր­նե­րով սփռո­ւե­ցան ու մենք մեր տու­նե­րը նստած ա­ղօ­թե­ցինք, իսկ Ծաղ­կա­զար­դին` պզտիկ­նե­րուն ձեռ­քը մո­մեր տո­ւինք ու հե­ռա­տե­սի­լին դէմ նստեց­նե­լով նկա­րե­ցինք, ա­պա` Instagram-ի մեր է­ջին վրայ տե­ղադ­րե­ցինք այդ նկար­նե­րը:

Կի­նե­րը գրե­թէ խո­հա­նո­ցէն դուրս չե­լան, մինչ­դեռ տղա­մար­դիկ կե­րա՜ն­ ու կե­րա՜ն: Գի­շե­րա­նոց­նե­րը եւ տու­նի հա­գուստ­նե­րը հին­ցան ու լո­ւա­ցո­ւե­լէն մա­շե­ցան, ան­դին` պաշ­տօ­նա­կան զգեստ­նե­րը, ի­րենց տէ­րե­րուն կա­րօ­տը քա­շե­ցին եւ պա­հա­րան­նե­րուն մէջ` տէ­րե­րուն նման բան­տար­կո­ւած մնա­ցին: Շա­տեր նի­հար­ցան ու ի­րենց նոր տես­քով զար­մա­ցու­ցին դի­մա­տետ­րի հե­տե­ւորդ­նե­րը, ո­րոնք նի­հար­նա­լու գաղտ­նի­քը գիտ­նա­լու հա­մար նի­հար­ցո­ղին պո­չը չձգե­ցին, ո­մանք ալ գիր­ցան ու նկար­նե­րուն մէջ ի­րենց կո­ղա­կի­ցին ե­տե­ւը պա­հո­ւը­տե­լով կրիա­յի պէս միայն գլուխ­նին դուրս հա­նե­ցին: Նի­հար­ցո­ղը փաուն­տե­րով ը­րաւ իր ի­ջած կշիռ­քին հա­շի­ւը, իսկ գիր­ցո­ղը` քի­լօ­նե­րով…

Ձայն չու­նե­ցո­ղը դի­մա­տետ­րի է­ջէն եր­գե՜ց­-եր­գե՜ց­ ու խլցուց բո­լորս, ար­տա­սա­նե­լու շնորհք չու­նե­ցո­ղը ա­մե­նայն ինք­նավս­տա­հու­թեամբ ՙար­տա­սա­նեց՚ ու ցաւ­ցուց ունկն­դիր­նե­րուն ա­կանջ­նե­րը, պատ­մու­թիւն մը գիտ­ցո­ղը սկսաւ չգիտ­ցած պատ­մու­թիւնն ան­գամ պատ­մել մե­զի, գրիչ չբռնո­ղը ինք­զինք բա­նաս­տեղծ հռչա­կեց ու մէջ­տեղ­նե­րը ին­կաւ, տա­կա­ւին մեր գլխուն ի՜նչ ՙլօ­լօ՚ներ կար­դա­ցող­ներ ե­ղան. մէկ խօս­քով` լուրջն ու թե­թեւ­սո­լի­կը, բարձ­րո­րակն ու ա­նո­րա­կը խառ­նո­ւե­ցան ի­րա­րու, իսկ կա­պի­կու­թիւն ը­նող­նե­րը մէջ­տեղ­նե­րը ին­կան: Տէ՛, ե­կուր ալ զսպէ բո­լո­րը:

Դի­մա­կը, վա­րա­կէն պաշտ­պա­նե­լու մի­ջոց մը ըլ­լա­լէ ա­ւե­լի, նո­րա­ձե­ւու­թիւն դար­ձաւ: Ժա­մա­նա­կին` կօ­շիկդ, պա­յու­սակդ, ար­դու­զարդդ պի­տի հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նէիր հա­գո­ւած­քիդ, հի­մա` դի­մակդ: Աս­տո­ւա՛ծ­ իմ, ի՜նչ ­դի­մակ­ներ սկսանք տես­նել` գու­նա­ւո­րը, շրթուն­քի գծագ­րու­թիւն ու­նե­ցո­ղը, Adidas կամ Nike-ի նշան ու­նե­ցո­ղը, Blue Jays մակ­նի­շը կրո­ղը, ե­ռա­գոյ­նո­վը, հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեամբ հիւ­սո­ւա­ծը, պաշ­տօ­նա­կա­նը, ճինզ կեր­պա­սո­վը, մե­տաք­սեան…է՜հ,  հնա­րող­նե­րուն հո­գին ողջ մնայ:

Ան­ցեալ­նե­րը Down Town-ի մէջ կը քա­լէի ու զար­մա­ցայ, երբ կա­րու­ձե­ւի խա­նու­թին ա­պա­կեայ փեղ­կին ե­տե­ւը տար­բեր գծագ­րու­թիւն­նե­րով ու գոյ­նե­րով  ե­ռան­կիւ­նի տես­քով ձե­ւո­ւած կեր­պաս­ներ տե­սայ. մօ­տէն նա­յե­ցայ եւ ի՜նչ ­տես­նեմ` պա­տո­ւէ­րի հա­մա­ձայն, հա­տը 25 տո­լա­րի դի­մակ­ներ կը կա­րեն ու կը ծա­խեն ե­ղեր: Չդի­մա­ցայ ու նկա­րել ու­զե­ցի: Դեր­ձա­կու­հին ու հա­շո­ւա­պա­հը շատ ու­րա­խա­ցան եւ ըն­դա­ռա­ջե­ցին փա­փա­քիս, թե­րեւս կար­ծե­ցին, որ տաս­նեակ­նե­րով պի­տի պա­տո­ւի­րեմ ա­նոնց­մէ կամ ալ յա­ճա­խորդ­ներ պի­տի ա­պա­հո­վեմ ի­րենց: 

Այս ա­մէ­նը մէկ կողմ, իսկ Պսա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ հար­սա­նիք­նե­րուն յե­տաձ­գո­ւի­լը միւս կողմ: Նշա­նո­ւած զոյ­գը մեծ քար մը դրաւ սրտին ու ան­ժամ­կէտ յե­տաձ­գեց իր կեան­քի ա­մե­նաս­պա­սո­ւած պա­հը, մինչ­դեռ ան­համ­բեր­նե­րը ա­նոր ճարն ալ գտան ու ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն նկար­նե­րը ե­կե­ղեց­ւոյ նստա­րան­նե­րուն կպցնե­լով պսա­կո­ւե­ցան:

Այս­պէս` “ա­ռանց հար­սա­նիք­նե­րու, նշան­տուք­նե­րու, հա­ւա­քոյթ­նե­րու, պա­զար­նե­րու, փա­ռա­տօ­նե­րու, ձեռ­նարկ­նե­րու, ճաշ­կե­րոյթ­նե­րու, պա­րա­հան­դէս­նե­րու եւ նոյ­նիսկ ա­ռանց ճամ­բոր­դե­լու ապ­րիլ կ’ըլ­լա՞յ ­մը” չը­սէք, ո­րով­հե­տեւ ե­ղաւ ու տա­կա­ւին այս­պէս պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի: Յու­սամ շատ եր­կար չի տե­ւեր այս ճգնա­ժա­մը:

Նո­րու­թիւն­ներ շատ տե­սանք եւ տա­կա­ւին ին­չե՜ր ­պի­տի տես­նենք: Վստա՛հ­ եմ, որ ե­թէ ե­րեք ա­միս ա­ռաջ այս գրած­նե­րուս մէկ մա­սը գրած ըլ­լա­յի, պի­տի ը­սէիք, որ այս կնոջ տա­քու­թիւ­նը բարձ­րա­ցած է ու կը զա­ռան­ցէ, իսկ հի­մա խնդա­լով կամ ժպի­տով պի­տի կար­դաք գրած­ներս ու թե­րեւս ան­համ­բեր սպա­սէք յա­ջորդ գրու­թեանս: Է՜հ, ի՛նչ­ ը­սեմ…ե­թէ պի­տի սպա­սէք` լաւ մը լո­ւա­ցո­ւե­ցէք, հա­կա­նե­խո­ւե­ցէք, քթա­կապ­նիդ կա­պե­ցէք, ձեռ­նոց­նիդ դրէք, ըն­կե­րա­յին հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը պահ­պա­նե­ցէք` մէկ խօս­քով “քո­րո­նա”էն հե­ռու մնա­ցէք ու այդ­պէ՛ս ս­պա­սե­ցէք: