Տիրուկին Հետ Հաճելի Պահեր. Քորոնային “Զոհերը” (4)


 

   Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

_ Սեդա՛, Ծաղկազարդը ո՞ւր պիտի նշէք:

_ Հիւրասենեակին մէջ:

_Ի՞նչու, խնամինե՞րը պիտի գան: Գիտես, որ հիւր ընդունիլը արգիլուած է:

_ Չէ՛, ճանս: Խնամիները մէկ ամիսէ ի վեր չորս պատին մէջ բանտարկուած են: Աղջկաս կեսուրը վերջապէս բանէ մը վախցաւ:

_ Է՜հ, ասոր “քորոնա” կ’ըսեն, Սեդաս: 

_ Այսքան ատեն աղջիկս իրենց չորս կողմը դարձաւ` յարգը չգիտցան: Հիմա յարգը թող գիտնան:

_է՜հ, “քորոնա”ին հզօրութիւնն է ասիկա: 

_ Ղուրպան ըլլամ Աստուծոյ: Դուք ո՞ւր պիտի նշէք Ծաղկազարդը:

_ Ծաղկազարդը` նստասենեակին, Աւագ Հինգշաբթին` ննջասենեակին, իսկ Զատիկը` ճաշասենակին մէջ: 

* * *

_ Տանդ մէջ մնա՛, մնա՛ ու մնա՛: Ա՜խ, աս “քորոնա”ն: Ամէն մարդու անգործ ըրաւ ու տունը նստեցուց: 

_ Ես ամէն օր գործի կ’երթամ: Մեր գործը կենալ չի գիտեր:

_ Ի՞նչու, ի՞նչ կ’աշխատիս:

_ Սուփըր մարքէթի մը մէջ` թուալէթի թուղթ ծախելու բաժինը կ’աշխատիմ:

* * *

_ Գրադարանիս գիրքերը իջեցուցի ու դարձեալ կարդացի:

_ Ես ալ Bar-իս խմիչքները իջեցուցի ու խմելու սկսայ:

_ Շատ չխառնես` կը գինովնաս:

_ Է՜հ, ամէն պարագային դուն աւելի բախտաւոր ես:

_ Ի՞նչու:

_ Գիրքերը տասը անգամ ալ կրնաս հաճոյքով կարդալ, բայց խմիչքը միայն մէկ անգամ:

* * *

_Եթէ գիտնայինք, որ ասանկ պիտի ըլլար, պանքին մէջ ոսկեղէն դնելու փոխարէն հականեխիչ, օճառ եւ թուալէթի թուղթ կը դնէինք:

_Հէչ մի ըսեր, երէկ մէկը միւսը ծեծեր է մէկ տոպրակ թուալէթի թուղթի համար:

_ Ծեծը բան մը չէ, վաղը գողերը մեր տուները պիտի մտնեն հականեխիչ, օճառ կամ թուալէթի թուղթ գողնալու:

_ Թող գան, ես ալ քանի մը անգամ կը հազամ, լեղինին կը պատռի ու փախուստ կու տան:

* * *

_ Առտու քոյրերուս հետ սուրճ խմեցի:

_ Աղջի՛կ, ի՞նչու տունէն ելար:

_ Չէ՜, չէ՛,  group chat ընելով խմեցինք:

_է՜հ, սկիզբէն անանկ ըսէ: Ես ալ դրացիներուս հետ skype-ով մարզանք ըրի:

* * *

_ Ի՞նչ կ’ընես, Սագօ՛:

_ Հայկական ճաշեր սորվելու դասընթացքի կը հետեւիմ:

_ Համացանցէ՞ն:

_ Չէ, տունը: Ուսուցչուհիս կինս է: Երէկ պահքի սարմա փաթթել սորվեցայ, այսօր ալ մանթիի խմոր բանալ կը սորվիմ:

_ Յակո՛բ, դուն ի՞նչ կ’ընես:

_ Ես ալ խոհանոցին մէջ գործի վրայ եմ:

_ Դուն ալ ճաշ կ’եփե՞ս:

_ Չէ՛, ես կ’ուտեմ:

* * *

_ Լսեցի՞ր:

_ Ի՞նչը:

_ Եղեր Փութինը 800 առիւծ ազատ արձակած է Ռուսիոյ փողոցներուն մէջ, որպէսզի մարդիկ վախնալով տունէն դուրս չելլեն:

_ Երանի քանի մը հատ ալ հոս ղրկէր, գոնէ բոլորս փողոց կ’իջնէինք ու սելֆի մը կ’առնէինք առիւծին հետ:

_ Չէ՛, ես Հնդկաստանի փիղերը աւելի կը նախընտրեմ:

* * *

_ Լեմոն, քացախ, սխտոր եւ ջուր խառնէ ու կէս ժամ անգամ մը պուտ-պուտ խմէ, որպէսզի մարմինիդ դիմադրողականութիւնը զօրանայ ու կոկորդդ թաց մնայ:

_ Աս ամէնը խմելէն ճնշումս իջաւ: Եթէ քիչ մըն ալ խմեմ` ՙքորոնա՚ին փոխարէն ցած ճնշումիս պատճառով ի վերին Երուսաղէմ պիտի երթամ:

_ Տեղ մըն ալ չե՛ս կրնար երթար, տունէն դուրս ելլելը արգիլուած է:

* * *

_ Կեր, խմէ, պառկիր: Կեր, խմէ, պառկիր: Յետո՞յ:

_ Ուտել-խմելէն պիտի պայթինք:

_ Եկուր, տայէթ ընելու սկսինք:

_ Խենթ ես, ի՞նչ ես…տայէթ ընելուս պէս կը տկարանամ ու “քորոնա”ն յարձակման կ’անցնի: 

_ Շատ ճի՛շդ ըսիր: Անօթի մեռնելու փոխարէն կուշտ մեռնիլը աւելի լաւ է:

* * *

_ Շատոնց, երբ որ կռուէինք, ամուսինս ճամպրուկը կ’առնէր ու սիրելի մամային քով կ’երթար մինչեւ որ հանդարտէր:

_ Հիմա՞:

_ Հիմա, նեղանալուն պէս, լուացարան կը մտնէ ու հոն դիզուած թուալէթի թուղթերը համրելու կը սկսի:

_ է՛հ, կը հանդարտի՞:

_ Անշո՛ւշտ: Այդքան շա՜տ թուալէթի թուղթ կայ, որ համրանքը չամբողջացուցած նեղանալուն պատճառն անգամ կը մոռնայ:

* * *

_ Այս “քորոնա”էն մեռնողներուն թիւը flu-ով մեռնողներէն աւելի քիչ է եղեր:

_ Անշուշտ, որ այդպէս պիտի ըլլայ:

_ Ի՞նչու:

_ Հիմա flu ունեցողներուն մէկ կողմ նետեր են ու “քորոնա” ունեցողներուն ետեւէն կը վազեն: 

_ Լաւ որ flu-ի պատուաստը առեր եմ, թէ ոչ էշ նահատակ պիտի երթայի:

_ Օր մըն ալ սա “քորոնա”ին պատուաստը եթէ գտնեն շատ լաւ պիտի ըլլայ: Առաջին առնողը ես պիտի ըլլամ:

_ Չէ՛, առաջինը ես պիտի առնեմ:

_ Լա՛ւ, լա՛ւ: Նախ ողջ մնանք ու յետոյ ատոր համար կռուինք` վնաս չունի:

_ Ամէն:

_ է՜հ, ամէն: