Տիրուկին Հետ Հաճելի Վայրկեաններ (2)․ Հաւատքի Հուրը Անհրաժեշտ է


           Տեառնընդառաջի կրակը՝ Երեւանի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ

Տիրուկ

   Տիրուկ Մարգարեան     Կարապետեան

Սուրբ Վալընթայնը հեռուէն երեւցաւ։ Ո՜հ, սիրտերը դարձեալ սիրով պիտի լեցուին ու յորդին։ Օ՛րն է ցնծութեան, օրը` նուէրներու, սիրոյ խոստովանութեան, ամուսնութեան առաջարկի, հոտաւէտ վարդերու եւ   ջերմ համբոյրներու։ Ուրեմն, առանց ժամանակ կորսնցնելու, ինչ որ կարմիր հագուելիք եւ արդուզարդ ունիք հանեցէ՛ք ու մէջտեղ դրէ՛ք։ Պահարան-ներուն մէջ կարմիր գոյնով ինչե՞ր կան` հագուստ, փէշ, տաբատ, շապիկ,   գօտի, գլխարկ, ձեռնոց, գուլպայ-մուլպայ, նոյնիսկ գիշերանոց ու ներքնազգեստ` դուրս բերէք ու մահճակալին վրայ շարեցէք, ապա` զարդեղեններէն` վարդովը, կարմիր ակովը եւ կարմիր քարովը ընտրեցէք ու ձեր աչքին դէմ դրէք։ Կօշիկ, պայուսակ, հովանոց, փողկապ, ծամակալ, ժապաւէն, վզկապ, փողկապ եւ ուրիշ ինչ որ կապուելիք կամ ո՛չ կապուելիք կարմիր բան կայ ժողվեցէք ու դարաններուն վրայ դրէք եւ այսպիսով սկսէք ձեր վրայ կրել զանոնք։ Բոլորը կրել պայման չէ, որովհետեւ անոնցմէ մաս մըն ալ իբրեւ տան զարդարանք կրնաք գործածել. կարեւորը կարմիր ըլլան անոնք ու վե՛րջ։ Արդէն Փետրուարի սկիզբը ամբարներէն եւ շտեմարաններէն դուրս հանուած են կարմիր մոմերն ու մոմակալները, տան զարդերը եւ արուեստական կարմիր վարդերով փունջերը։ Խոհանոցին պահարաններուն մէջ կարմիր գոյնով կաթսայ, ափսէ, գաւաթ, պնակ-մնակ չէ մնացած, որ դուրս չէ եկած։ 

 
Անշո՛ւշտ, մեր սէրը շա՜տ առատ է ու ցոյց տրուելու արժանի, տարուան 364 օրերը մէկ կողմ, իսկ այս 365-րդ օրը միւս կողմ։ 
 
Այս բոլորը շա՛տ լաւ, սակայն ասոնց վրայ արդիական բոլոր միջոցներն ալ պէտք է օգտագործուին. Facebook-ի ձեր էջին սիրոյ խոստովանութիւն, սրտիկներ, վարդեր եւ շատ թունդ բանաստեղծական տողեր.  քանի մը հատ ալ շնորհաւորական քարտ Instagram-ի էջին վրայ, Snapchat, Twitter, մուիթըր եւ ահա ձեզ սիրողը կը հալի ու կը մաշի։ Փունջ մըն ալ իսկական եւ շատ-շատ սուղնոց կարմիր վարդեր եւ դուք պատրաստ կ’ըլլաք Valentine’s  Day-ը տօնելու։
 
Օ՜հ, չմոռնալէս ըսեմ, որ ձեր երթալիք ճաշարանին մէջն ալ նախօրոք սեղան մը պէտք է ապահովէք, թէ ոչ Աստուած մի՛ արասցէ այս ցուրտին դուրս կը մնաք ու այդ կարմիր վարդերով ու կարմրաւուն արդուզարդով խայտառակ կ’ըլլաք եւ Սուրբ Վալընթայնը ձեզմէ կը նեղուի` ” Տարին մէկ անգամ կու գամ ու ասա’նկ անպատրաստի՞ց…” ըսելով ձեր սիրոյ հուրը կը մարէ ու դուք 364 երկա՜ր օրեր պիտի սպասէք այս բոլորը կրկնելու ու սիրով պարուրուելու։
 
Է՜հ, տէ՛ լաւ, ի՞նչին կը սպասէք։ Փետրուար 14-ը մօտեցաւ ու Տեառնընդառաջը յիշելու փոխարէն, կամ մէկ շաբաթ առաջուան, “Երիտասարդներու Օրհնութեան Օր” հռչակուած, սիրահարներու պաշտպան` Սուրբ Սարգիսին նուիրուած տօնին չըրածնիս հիմա` օտար սուրբի մը տօնին առիթով պիտի ընենք։ 
 

Սուրբ Սարգիսի ձիուն պայտին հետքը՝      ալիւրի վրայ

Օտարամոլութի՞ւն։ Հերի՛ք է։ Աւանդութիւններով հարուստ ազգ  ենք ու դարերով պահպանած ենք մեր մշակոյթը։ “Օտարինը քաղցր է” չըսենք ու անոր չհետեւինք։ Գոնէ գալ տարի, սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգիսին նուիրուած տօնի նախօրեակին աղի բլիթ կերցնենք երիտասարդներուն ու անոնց, ապագացուն ճշդելու իմաստով, երազներուն մեկնութեան համար անքուն մնանք եւ ալիւրով լեցուն ափսէն դնենք մեր պատշգամը այն ակնկալիքով, որ Սուրբ Սարգիս հրեշտակներու առաջնորդութութեամբ պիտի անցնի հոնկէ ու անոր ձիու պայտին հետքը պիտի յայտնուի այդ ալիւրին մակերեսին, որուն շնորհիւ մեր ընտանիքը մէկ տարի շարունակ պիտի ապրի երջանիկ եւ ունենայ խաղաղ օրեր։

Այնպէս ընենք, որ արա՜ր աշխարհ լսէ մեր Սուրբին հետ կապուած աւանդութիւնները եւ այլ ազգերը անհամբեր սպասեն Սուրբ Սարգիսի տօնին։ 
 
Փետրուար 14-ին մեզի համար օտար Վալընթայնը հանգիստ ձգեցէք ու ձեր զաւակներուն ու թոռներուն հետ լապտերներ բռնած եկեղեցի գացէք Տեառնընդառաջ նշելու եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը խնդրելու։ Նորածինները, նորապսակ զոյգերը, նշանուածները, մեծահասակները, երիտասարդները ու փոքրիկները թող մոմ վառեն ու Տեառնընդառաջի կրակին վրայէն ցատկելով յաղթեն չարին եւ այդ օրուան օրհնութիւններով հարստանան։
 
Կարմիր հագնիլը կամ արդուզարդը պարտադիր չէ, բայց՝ բարկ կրակին կարմիրը ու հաւատքի հուրին բոցկլտալը անհրաժեշտ։ 
 
Շնորհաւոր Տեառնընդառաջ բոլորիս։