Տիրուկին Հետ Հաճելի Վայրկեաններ (3). Կեանքիդ Հեւքը Կրնա՞ս Կանխել


Տիրուկ

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Դեռ կարծես երէկ էր, երբ Կաղանդի եւ Ս. Ծննդեան Տօնին կը պատրաստուէինք։ Ե՞րբ եւ ի՞նչպէս անցան ամիսները չգիտցանք։ Ս. Սարգիս, Տեառնընդառաջ, Վարդանանց, Բուն Բարեկենդան, պահք ըսինք ու մէյ մըն ալ տեսանք, որ 2020-ի առաջին ամիսները մեր ետին ձգած ենք։ Վաղը աչքերնիս կը բանանք_կը գոցենք եւ Ս. Յարութեան տօնն ալ կ’անցնի եւ ներկուած հաւկիթներու գոյներով կը ներկուին դաշտ ու ձոր եւ իսկոյն կը գլորենք Գարունը։ 

Երբ որ Հալէպի մէջ Տեառնընդառաջ տօնէինք, տեղացի արաբ քրիստոնեաները` “հայերը Ձմեռը այրեցին”, կ’ըսէին եւ յուսադրուելով տաք օդին կը սպասէին։ Իսկապէս, քանի մը օր պաղ կ’ըլլար, ապա Ձմեռը իր տեղը կը զիջէր Գարնան, ու արեւը իր կարմիր այտերով կը ժպտէր բոլորիս։ 

Է՜հ, Միջին Արեւելքի մէջ ապրողները ուրկէ՞ գիտնային, թէ Գանատայի մէջ Տեառնընդառաջի կրակով Ձմեռը չենք այրեր, այլ արեւի կարօտ մեր սրտերն են կրակի պէս այրուողները։

Ո՛ւր նայիս ճերմակ է, ո՛ւրկէ քալես խորունկ հետքեր կը ձգես փափուկ ձիւնին վրայ ու քալելու ճամբայ կը բանաս քեզմէ վերջ հոնկէ անցնողին։ 

Մերկասառո՞յցը։ Ա՛խ, այդ մերկասառոյցը, որ իր փայլուն ու հայելիի պէս տեսքով քեզ կը խաբէ ու անոր վրայ կոխելուդ պէս կը սահիս եւ պարելով կ’իյնաս փափուկ տեղիդ վրայ ու պոչիկդ կը ցաւցնես կամ ձեռք ու ոտք կը կոտրես եւ մինչեւ Մայիսի վերջը կամ Յունիսի սկիզբը հազիւ ցաւերդ կը մեղմանան, վէրքերդ կը լաւանան եւ իսկոյն ամրան աւետիսը կ’առնես ու դուրս կը նետուիս։ Չէ՛, չէ՛, չես նետուիր, դեռ վէրքերդ նոր գոցուած են, ուստի կամացուկ մը գլուխդ դուրս կը հանես եւ տարուան կիսուն հասած ըլլալդ կը նկատես։ 

Եթէ մերկասառոյցին չխաբուիս եւ ուշադիր քալես, ամբողջ ձմեռը հագնիլ հանուելու խաղին մէջ կը գտնես ինքզինքդ։ Վերարկու, բաճկոն, վրայ_վրայի հագցուած գազակներ, բուրդէ գլխարկ, վզկապ, ձեռնոց, դոuրսի` մոյկ, ներսի` կօշիկ… այս ամէնը վրադ կրած հազի՜ւ կրնաս շարժիլ։ Անցեալները, ո՛չ մերկասառոյց կար, ո՛չ ալ ձիւն ու ես ճիշդ ճամբուն մէջտեղը ինկայ։ Դժուարաւ ոտքի կենալէս վերջ մարդ մը մօտեցաւ ինծի եւ` “Անցած ըլլայ, տիկի՛ն, լաւ է՞ք” հարցուց։ Կարմրած այտերով` ” Լաւ եմ։ Ինչպէ՛ս իյնալս չգիտցայ”, ըսի։ ” Իրար վրայ շատ հագած էք, այդ է պատճառը”, աւելցուց ու ինծի մտածումներու մէջ ձգեց ան։ “Նորեկ եմ ու կը մսիմ”, ըսելս չսպասեց ան ու գնաց։ 

Յաջորդ օր քիչ մը թեթեւցուցի հագածներուս քանակը ու այս անգամ պաղ առի եւ ձիւնին վրայ իյնալու փոխարէն անկողին ինկայ։ Քանի մը օր կազդուրուելէ ետք հին սովորութեանս պէս վրայ-վրայի դիզեցի հագուելիքներս ու դարձեա՛լ աշխատանքի…

Հանրակառքին մէջ մի քանի անգամ հազալուս պէս մարդոց` վախով լեցուն նայուծքները նկատեցի ու միտքէս` “քորոնա_ մորոնա չունիմ ճանս, մի՛ վախնաք, սովորական պաղառութիւն է”, ըսի ու ճամբաս շարունակեցի։ 

Անցեալները, ձեռայինի պահուն, աշակերտներէս մէկը պզտիկ պայուսակ մը պատրաստեց եւ` “Պայուսակիս մէջ զատկուան հաւկիթ ե՞րբ պիտի դնէք։ Գունաւոր հաւկիթներ կ’ուզեմ”, ըսաւ ու լացաւ։ “Քառասուն օր պիտի համբերես, ձա՛գս”, ըսի ու գրատախտակին վրայ 40 թիւը գրելէ ետք ամէն օր մէկ թիւ պակսեցնել խոստացայ անոր։ 

Հիմա ես ալ աշակերտիս հետ օրերը կը համրեմ ու Ս.Յարութեան տօնին հետ ամպերէն դուրս եկող արեւին կը սպասեմ։ Սպասմանս ընթացքին նորութիւններով լի կեանքիս համն ու հոտը կը քաղցրացնեն տարուան այդ արագավազ ժամերս, օրերս եւ ամիսներս, իսկ անդին` ո՛չ միայն տարին, այլ մեր ամբողջ կեանքը` մերկասառոյցի վրայ չմուշկներ հագած վարպետ գեղասահորդի պէս արագ կը սահի ու կ’երթայ։ Տէ՛, բռնէ՛ կամ կանխէ՛ անոր հեւքը եթէ կրնաս։