Տիրուկին Հետ. Յարմարիլ Սորվեցնող Համալսարանը


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Եթէ յարմարիլ գիտես, հարց չունիս ու հակառակ դժուարութիւններուն՝ հանգիստ կեանք մը կ’ապրիս, իսկ եթէ յարմարիլ չես գիտեր, այնպիսի պարագաներէ կրնաս անցնիլ, որ կամայ-ակամայ յարմարելու միջոց մը կը ստեղծես քեզի համար ու զոհ դառնալու փոխարէն՝ յաղթողի կերպարանքով «արժանավայել» կեանք մը կը փորձես ապրիլ։

Ո՞ր մէկս չյարմարեցանք վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն։ Խելքէ-միտքէ դուրս բաներ են պատահածները։ Եթէ ամիսներ առաջ լսէինք, որ մարդոցմէ հեռու կենալն ու բերանակապ կրելը կեանք փրկելու համար պարտադիր պիտի ըլլան, անշուշտ պիտի ծիծաղէինք ու` «Ասանկ բան ո՞ւր լսուեր է», պիտի ըսէինք, իսկ եթէ` «Մեր հայկական սովորութիւնը մէկ կողմ դրէ՛ք ու առանց գրկախառն պաչպչուքի, միայն չոր ու ցամաք՝ «Բարեւ» մը…», ըսէինք, ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր պատասխանը, վստահ` «Խենթացեր են, կը զառանցեն», պիտի ըսէիք։

Զառանցա՞նք։ Դժբախտաբար, զառանցանքը իրականութիւն դարձաւ ու բոլորս յարմարեցանք այդ իրավիճակին, այնքա՛ն յարմարեցանք ու վարժուեցանք, որ երբեմն նոյնիսկ ճամբան առանձին քալած ժամանակ բերանակապերը հանելու կը մոռնանք, ամէ՛ն երկվայրկեան ձեռքերնիս կը հականեխենք եւ մարդոցմէ փախուստ կու տանք։

Այնպիսի փորձանքներ ալ կան, որոնք յարմարելու տարբեր միջոցներ որդեգրել կը պարտադրեն զանոնք ապրողին։ Օրինակ՝ Պէյրութի անկանխատեսելի պայթումին տուժողները իրենց տան առաստաղի փլատակներուն մէջէն դուրս ելան ու վարակուելու վախը կոխկրտելով հասան թշուառներուն օգնութեան, ապա՝ հիւանդ աշխարհին մեծահոգի բնակիչները ջնջեցին սահմաններն ու փութացին դէպի աղէտի վայր…վարակին եւ արհաւիրքին յարմարիլ պահանջուեցաւ բնակիչներէն, հետեւաբար յարմարելու նոր վարժութիւն մը ձեռք բերին անոնք։ Լա՜ւ, ինչպէ՞ս մխիթարենք Սուրիոյ մեր հայրենակիցները, որոնք տասը տարուան անողոք պատերազմէն հազիւ դուրս ելած, շունչ մը քաշել կամենալու պահուն, տասնեակ զոհեր տալէ ետք վարակին ծանր իրավիճակին յարմարիլ փորձեցին ու անկէ պաշտպանուելու վարժութիւնը ձեռք բերին։

Է՜հ, կեանքը դպրոց է, իսկ մղձաւանջի մէջ ապրելով հանդերձ գոյատեւելը՝ համալսարան, ուր կը մասնագիտանաս «յարմարիլ» բային բոլոր ժամանակները սորվեցնող վարժութիւններուն մէջ ու եթէ յաջողութեամբ աւարտեցիր այդ համալսարանը՝ կը յաղթահարես անարդար կեանքին բոլո՜ր փորձութիւնները։

Վե՞րջը, «Վերջում լաւ կը լինի», պիտի ըսէր արեւելահայը. ուրեմն լաւը ակնկալելով լա՛յն բանանք մեր թեւերը ու ամուր գրկենք աշնան տերեւներուն պէս հոս ու հոն տարտղնուած համբերութիւնը։