Տոհմիկ Օրուան Ճրագը


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Դուրսը ցուրտ էր։ Թորոնթոյի քամին կը մտրակէր դէմքս։ Քայլերս արագացուցի ու ներս նետուեցայ։ Առաջին անգամն էր, որ «Տոհմիկ Օր»ուան ներկայ պիտի ըլլայի։ Լսած էի այդ ձեռնարկի բարձրորակութեան մասին, սակայն անոր կախարդանքը անձամբ ըմպելը` զգայարանքներուս ամենայետին բջիջներն անգամ կեանքի կոչելու նման բան մը պիտի ըլլար։ 

Երազելով կրնաս ճամբորդել, մտքերովդ կրնաս սաւառնիլ, երեւակայութեամբ կրնաս աշխարհով մէկ թափառիլ, սակայն ա՛յդ երեկոյ, արթուն վիճակով ու առանց փոխադրամիջոցի, Թորոնթոյի ցուրտը ուսերէս թօթափելով, Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքէն անցայ ու հանգրուանեցի Ս․ Երկիր`Պաղեստին եւ Յորդանան, Յիսուսաբոյր սրբավայրերուն անմար կրակովը ջերմանալու։

ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի մեղուաջան ընկերուհիներու կուրծքին կրած եռագոյն գնդասեղն ու սեւ բերնակապերուն վրայի նախշուած խաչքարերը, ամենայետին մանրամասնութիւնն անգամ խորհելու նրբաճաշակութիւնը կը յիշեցնէին՝ տակաւին ներքնասրահ ոտք չդրած ու ներսի հրաշքը չվայելած հիւրերուն։

Մուտքին տեղադրուած հսկայ քարտէզը կարծես ճանապարհորդութեան ուղին ցոյց կու տար մեզի, իսկ զոյգ պատերը զարդարող` սրբավայրերու, հայկական թաղամասերու, տոհմածառերու, վարժարաններու եւ այլ վայրերու պատկերները ճամբայ կը բանային դէպի խորհրդաւոր սրահ, ուր մէկ ակնթարթով պիտի հասնէինք լոյսի աղբիւրներու ակունք ու ըմպէինք սրբազան սկիհի ճրագը։ 

Ճենապակեայ սպիտակ ու երկնագոյն նախշազարդ քարերուն մէջտեղի, Աստուածածնայ ու Յիսուս Մանուկի, հսկայ պատկերին դէմ շարուած մոմակալներու մոմերու լոյսերուն առջեւ եկիւղածութեամբ խաչակնքեցի։ Քրիստոնէութեան խորհրդանիշ` խաչի ու ձուկի պատկերներուն, ու անոնց առջեւ տեղադրուած կանթեղին դէմ «Հայր Մեր»ը փսփսացի եւ պատին տակ հանգչած անհունչ ծնծղաները աներեւոյթ աջով սկսան շարժիլ ու դրախտային հնչերանգով շղարշեցին հոգիս։ 

Տոհմիկ Օրուան խոհուրդը կրող հաստափոր գիրքերով զարդարուած էին մուտքի սեղանները։ Ատենապետուհի Զեփիւռ Տօրնայի ժպտադէմ ընդունելութեամբ եւ դեղին վարդերով զարդարուն, կանաչաւուն հայկական տարազը հագին, Երուսաղէմի զաւակ, փոխատենապետուհի Մարալ Պէքարեանի բարի գալուստի մաղթանքներով առաջ անցայ եւ հատորներէն մին, որպէս նուէր ստացայ ատենապետուհիէն։  

Երուսաղէմէն բերուած հարիւրաւոր բուրվառներ կախուած էին սրահի առաստաղէն ու կեդրոնի պատը ծածկուած էր Ս. Յակոբայ Վանքի մուտքի դրան պատկերով, ուր հրեշտակներու մանրանկարով զարդանախշուած պատկերը կախուած դատարկ բուրվառներուն կը պարտադրէր խունկի ու կնդրուկի բոյրով լեցնել մէկ գիշերուան համար սրբավայր դարձած Հայ Կեդրոնի սրահը։ 

Երուսաղէմէն եւ Յորդանանէն յատուկ խնամքով բերուած անգին սպասքները, թանկարժէք ասեղնագործները, սրբապատկերները, մարմարեայ խաչերը, հայկական ձեռարուեստի նմուշները, տարազները եւ գորգերը կը զարդարէին ցուցադրութեան կեդրոն դարձած սրահին վերջամասը, որոնց մէջտեղ զետեղուած էր այս տարուան եւ անցած 26 տարիներուն, Տոհմիկ Օրերուն առթիւ, հրատարակուած հատորները կրող կլոր սեղանը։ 

Յայտագիրը սկսաւ քայլերգներով։ Արիս Պապիկեանի սրտաբուխ մաղթանքները ոգեւորեցին ներկաները։ Երջանկայիշատակ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի յօրինած երգին բառերը՝ Հայր Սուրբին մեկնաբանութեամբ կեանքի կոչուեցան, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ համոյթի երգած շարականները օրհնութիւններ սփռեցին, իսկ Սարին Փոլատեանի ասմունքով Վ. Դաւթեան դարձեալ զրուցեց Ս.Նարեկացիին հետ ու աշխարհի խղճին արթունութիւնը պահանջեց։ 

Սրբազան հայրը` Սուրբ Հողը արժեւորելու,  հայրենիքին նման մեր սրտերուն մէջ  կենդանի պահելու, սրբավայրերու պատերուն ետին գտնուող խորհուրդը մեր կեանքին մէջ փոխադրելու հրաւիրեց բոլորս եւ օրհնեց լիառատ սեղանները։ 

Պաղեստինեան ու Յորդանանեան համադամ տոհմիկ ուտեստներով, ճաշատեսակներով ու քաղցրեղէններով յորդող սեղաններուն շուրջ գտնուողները ուրախ մթնոլորտի մէջ կը ճաշակէին ո՛չ միայն համեղ ոտելիքները եւ հայկական գինին, այլեւ` կը վայելէին իւրայատուկ ոճ ունեցող «Կիլիկիա» նուագախումբի նուագները, Արմինիա Սարգիսեանի հրեշտակային ձայնը եւ խումբ մը թորոնթոբնակ երգիչներու իւրօրինակ կատարումները։ Կոմիտասի՝ «Հորովել»ով, մեր տոհմին յատուկ աշխատունակ ոգին կը ճախրէր մեր մէջ, «Արի իմ Սոխակ» օրօրոցայինով ապագացու մայրեր կտրիճներ ծնիլ կը խոստանային, իսկ երգուած ազգային երգերը ազատամարտիկներու հոգիներուն խաղաղութիւն կը ներշնչէին, եւ այդ գիշեր Երուսաղէմի պատերուն ներքոյ ծուարած բուռ մը հայորդիք, որպէս ուխտաւոր, կ’երդուէին խրոխտ քայլերով անցնիլ լոյսի ու յոյսի վառ ճանապարհէն։

Տոհմիկ օրուան յիշարժան պահերը մտքիս, Լուսաւորչի անմար ճրագը սրտիս, Երուսաղէմէն բերուած խունկն ու օրհնուած ձէթը ձեռքիս վերադարձայ տուն ու սենեակ առ սենեակ խնկարկելով լոյսի աղբիւրին անապակ ճաճանչներով ջերմացուցի օճախս այդ գիշեր։ 

Տոհմիկ երեկոյէն պատկերներ