Տպաւորութիւններ՝ Հրանդ Տինքի Մահուան տասնամեակին առթիւ


 Աղաւնիները համոզեցին, ըսին որ իրենց վրայ
չեն կրակեր. Հրանդ հաւատաց: Թէպէտ երկչոտ՝
հաւատաց թէ աղաւնի մըն է:
Բայց կրակեցին:

Զահրատ

Հրանդ Տինք հաւատաց կամ ուզեց  հաւատալ, որ մաքրամաքուր, անվնաս աղաւնիին չեն սպաններ, չեն համարձակիր սպաննել, որովհետեւ համատարած համոզմունք կայ, որ աղաւնին ի սկզբանէ խորհրդանիշն եղած է խաղաղութեան, արդարութեան ու բարութեան։ «Աղաւնիի պէս բարի հոգի ունի» կ՛ըսէ հայկական առածը։ Առերեւոյթ, ան ուզեց հաւատալ այս գաղափարին այնքա՛ն, որքան որ ներքուստ անոր ալեկոծ ու հայութեան խնդիրներով տագնապող հոգին կը զգար, կը գիտակցէր, որ կարելի չէր յոյս դնել թուրքի նենգամիտ ու դաւաճանող սկզբունքներուն ու նկարագրին վրայ։ Ու պատահեցաւ «անսպասելի սպասելին»։

Ընթացիկ տարուայ Յունուար ամսուայ երկրորդ կիսուն անոր մահուան  տասնամեակին նուիրուած ոգեկոչման հանդիսութիւնները առիթներ էին արդարօրէն վերյիշելու Հրանդ Տինքի կարճատեւ կեանքին ընթացքին արձանագրած ձեռքբերումները՝ որպէս Թուրքիոյ մէջ ծնած ու ապրած հայ մարդ, լրագրող ու  քաղաքական գործիչ։ Շրջանցելով իր ապրած վայրին, ժամանակաշրջանին ու միջավայրին մէջ ընդհանրացած մտածելակերպն ու համոզումները, որպէս առաջատարը  ոչ աւանդական գաղափարներու, ան դարձաւ  խորհրդանիշը արդար մտածողութեան, ու ջահակիրը հանդիսացաւ այն հաւատքին, որ կրցաւ անվերապահօրէն բարձրաձայնել ընդդէմ կարծրատիպ գաղափարախօսութիւններու։ Անոր բարձրաձայնած «մեղմ աղաղակները» զարթօնք առաջացուցին նոյնի՛սկ Թուրքիոյ տարածքին բնակողներու հոգիներուն մէջ։ Արծարծած իրապաշտ մտքերուն եւ փայփայած արդար գաղափարներուն որպէս հետեւանք, ան ունեցաւ բազում հետեւորդներ, հաւատացողներ, աջակցողներ, որոնցմէ մէկն էր Ճէմ Օզտէմիր, որ Գանատայի մէջ բանախօսեց Հրանդ Տինքի սպանութեան տասնամեակին առթիւ։

Որպէս ակնդիր՝ Թորոնթոյի մէջ կայացած ոգեկոչման հանդիսութեան, ներքուստ կ՛ափսոսայի Հրանդ Տինքի նման հայու մը վաղահաս մահուան իրականութեան առջեւ, սակայն  տրամաբանութիւնս ողջամտութեան հրաւիրելով զիս, կը յուշէր, որ առանց մեծ զոհողութեան չկայ արժանի  ձեռքբերում։

Ու որպէս հայ՝ կը գիտակցէի, որ այս պարագային մեր ձեռքբերումը Ճէմ Օզտէմիրի նման անձերու գոյութիւնն ու իր նմաններուն բազմացումն է։