Ցեղասպանութենէն Փախած Ծնողքիս Ճակատագիրը Ինծի Համար Օրինակ Ծառայած է


Ֆրանսահայ երգահան, շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուր Ապրիլ 5ին Քրեմլինի մէջ մեծ համերգ տալէ առաջ լայնածաւալ հարցազրոյց մը տուած  Private Correspondentին` ներկայացնելով Ցեղասպանութենէն փրկուած իր ընտանիքին պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ նախասիրութիւններն ու ներկայ հայեացքները:

Ազնաւուր անկեղծացած է, որ իր ամբողջ կեանքին համար օրինակ ծառայած են Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած ծնողները:

«Ցեղասպանութենէն փախած մեր ծնողներու ճակատագիրները ու անոնց վարքը մեզի համար օրինակ ծառայած են: Անոնք յաճախ կը յիշէին իտալացի նաւապետին քաջութիւնն ու բարութիւնը, որ Պոլիսէն փախչելու ժամանակ մահէն փրկած է զանոնք: Անոնք արդէն նաւի վրայ եղած են, երբ թուրք զինուորներէն մէկը լսած է հայերէն խօսակցութիւն ու գացած է անոնց ետեւէն: Սակայն նաւապետը պաշտպանած է իմ ծնողներս: Կը կարծեմ` անոնք կրցած են ողջ մնալ շատ մարդոց բարութեան ու օգնութեան շնորհիւ, այդ պատճառով ալ անոնք միշտ փորձած են բոլորին օգնել», ըսած է Ազնաւուր:

Ան պատմած է, թէ ինչպէս Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն իրենց բնակարանին մէջ պահած են հրէաներ ու ընդդիմադիրներ:

Ազնաւուր յայտնած է, որ վերջին անգամ հօր ծննդավայրին` Ախալցխայի մէջ, եղած է 2012ին: Այդ ժամանակ տեղացիները ցոյց տուած են այն վայրը, ուր ենթադրաբար եղած է իր հօր տունը:

«Ընտանիքին մէջ մենք շատ մօտ յարաբերութիւններ ունեցած ենք այդ պատճառով ալ ինծի համար կարեւոր է մեր պատմութիւնը, արմատները: Ցաւօք, մօրական կողմի գրեթէ ամբողջ բարեկամներս Ցեղասպանութեան ժամանակ կոտորուած են», ըսած է ան:

Որպէս բնաւորութեան ամենակարեւոր հայկական գիծ` Ազնաւուր նշած է աշխատասիրութիւնը:

«Ես չեմ հաւատար ներշնչանքին, ես կը հաւատամ քրտինքին: Որպէս վարպետ` ես կը կոփեմ ամէն բառը, կը յղկեմ ամէն արտայայտութիւնը: Եթէ ինծի պէտք են օրեր, շաբաթներ ու նոյնիսկ ամիսներ, որպէսզի անհրաժեշտ արտայայտութիւնը գտնեմ, ես յամառօրէն զայն կը փնտռեմ», նշած է Ազնաւուր:

Ան ընդգծած է, որ այսօր ալ, հակառակ իր տարիքին, պատրաստ է վտանգի երթալու:

«Ես ամէն անգամ վտանգի կ՛երթամ` 92 տարեկանին բեմ բարձրանալով, որպէսզի լիարժէք համերգ ունենամ` առանց ընդմիջում ու կաթիլ մը ջուրի` չհաշուած երկար ժամեր տեւող թռիչքները աշխարհի բոլոր կէտեր: Երբեմն շրջապտոյտներու ժամանակ մէկ շաբաթուան մէջ կը թռչիմ չորս երկիր: Եւ մինչեւ հիմա ես ինծի մարտահրաւէր կը նետեմ: Այժմ կը ցանկամ երթալ այն հազուադէպ անկիւնները, ուր դեռ չեմ երգած` օրինակ Չինաստան կամ Հարաւային Քորէա»,- ըսած է շանսոնյէն: