«Ցեղասպանութիւն` Ցեղասպանութենէն Ետք» Խորագիրով Ցուցահանդէս Փարիզի Մէջ


Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրէն ներս՝ Փարիզի մէջ պիտի բացուի «Ցեղասպանութիւն` Ցեղասպանութենէն Ետք» խորագիրով ցուցահանդէսը:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան կը յայտնէ, որ ցուցահանդէսը պիտի շրջի եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ:

Ցուցահանդէսը, ուր  ներկայացուած են հայկական եկեղեցիներու եւ կրօնական յուշարձաններու մասին պատմող 32 լուսանկարներ, համեմատութեան մէջ դրուած են հայկական յուշարձանները, եկեղեցիները Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք։

Առաջին անգամ անիկա բացուած էր Եւրոպական խորհրդարանին մէջ 2016ի Փետրուարին: «Մէկ շաբաթ տեւած ցուցահանդէսը մեծ հետաքրքրութիւն ունեցաւ: Այդ ընթացքին ունեցանք աւելի քան հազար այցելու: Մարդիկ գիտցան, պատկերացում կազմեցին, թէ ինչ ունեցած է հայ համայնքը Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ եւ անոնցմէ ինչ մնացած է անկէ ետք: Մեծ արձագանգ գտած ցուցահանդէսը՝ այս տարի՝ պիտի ներկայացնենք եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ: Փարիզէն ետք, անիկա պիտի ներկայացուի Լիոնի եւ Մարսէյլի մէջ եւս», կը յայտնէ Տէմիրճեան: