Ցոյցեր՝ Սերժ Սարգսեանի Վարչապետութեան Դէմ


Իշխող Հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Սերժ Սարգսեանի իշխանավարումը որպէս վարչապետ շարունակելու դէմ ցոյցերը 4րդ օրը ըլլալով կը շարունակուին։

Այսօր առաւօտեան՝ ցուցարարները Երեւանի կեդրոն տանող բոլոր ճանապարհները փակած են։ Երէկ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակած քաղաքացիական անհնազանդութեան զանգուածային գործողութիւններու ծրագիրով կը նախատեսուի, մասնաւորապէս, այսօր առաւօտէն փողոցներու, կամուրջներու, մեթրոյի փակումը:

Բաղրամեան պողոտայ տանող բոլոր փողոցներու մուտքերը փակ են: Սահմանադրական դատարանի մօտ արգելապատնէշներով կանգնած են ոստիկանները: Քաղաքի կեդրոնական բոլոր հատուածներու մէջ երթեւեկը կաթուածահար է, ցոյցեր տեղի կ՛ունենան կամուրջներու վրայ ու մեթրոյի կայարաններուն մէջ: Փակ են Կորիւն-Աբովեան-Հերացի խաչմերուկը, Պռոշեան-Բաղրամեան խաչմերուկը, Սարեան,Մոսկովեան, Պուշկին, Մաշտոց, Խանճեան,Նալպանտեան եւ այլ փողոցներ։ 

Ցուցարարները կոչ կ՛ընեն բոլորին միանալու իրենց՝ վանկարկելով «Քայլ արա՛, մերժի՛ր Սերժին», «Դասադուլ»:

Ոստիկանութիւնը յայտարարութիւն տարածեց՝ կոչ ընելով հաւաքի կազմակերպիչներուն եւ որոշ մասնակիցներուն զերծ մնալու իրաւախախտումներ պարունակող գործողութիւններէ` չվտանգելով քաղաքացիներու իրաւունքներն ու ազատութիւնները, կազմակերպութիւններու օրինական շահերը։

Գիւմրիի մէջ եւս փակած են Շիրակի մարզպետարան տանող ճանապարհը` Գ. Նժդեհ փողոցը, ի աջակցութիւն Երեւանի մէջ ընդդիմութեան բողոքի ցոյցերուն: Քաղաքացիները այժմ կը հաւաքուին մարզպետարանի դիմաց:

Յիշեցնենք, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը` Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, Մարտ 31էն Հայաստանի քաղաքներով սկսաւ քայլարշաւի, որ վերջ գտաւ Ապրիլ 13ին, Ազատութեան հրապարակի վրայ շուրջօրեայ հանրահաւաքով, ապա նստացոյցով Ֆրանսայի հրապարակին վրայ: Անոնք յայտարարած են, որ մտադիր են Ապրիլ 17ին շրջափակելու Ազգայի Ժողովի շէնքը, նաեւ պատգամաւորներուն տուները եւ չձգել, որ անոնք մասնակցին Ազգային Ժողովի մէջ տեղի ունենալիք վարչապետի ընտրութեան: «Ելք» դաշինքի միւս երկու կուսակցութիւնները` «Լուսաւոր Հայաստան»ը եւ «Հանրապետութիւն»ը չեն միացած այս պայքարին:

Նշենք, որ Ապրիլ 17ին Ազգային Ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ վարչապետի ընտրութիւնը: ՀՀԿ-ն եւ ՀՅԴ-ն վարչապետի թեկնածու առաջադրեցին Սերժ Սարգսեանը: