Փաթրիք Տեվէճեանի Կորուստը Մեծ է Հայութեան Համար, Հաւանաբար Շատ Աւելի Մեծ Քան՝ Ֆրանսայի Քաղաքական Կեանքին Համար․ Հիլտա Չոպոյեան


Փաթրիք Տեվէճեան

Ֆրանսահայ ազգային եւ քաղաքական գործիչ Հիլտա Չոպոյեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարած է Ֆրանսայի քաղաքական կեանքի ականաւոր դէմքերէն, արդարութեան նախկին նախարար, երեսփոխան,  Հայ Դատի, Հայաստանի ու հայութեան անխոնջ նուիրեալ Փաթրիք Տէվէճեանի մահուան տխուր առիթով․

Հիլտա Չոպոյեան

“Այս առտու գոյժը յանկարծակի էր, հարուածային: Ոչ եւս է Փաթրիք Տեվէճեան:

Ֆրանսական լրատուամիջոցները և քաղաքական դասը իրարու ետեւէն կը դրուատեն նախկին նախարարին քաղաքական և մարդկային արժանիքները. հանրապետական արժէքներու մարմնացում, արդարամտութիւն, կորով, եռանդ, անկեղծութիւն:

Կորուստը մեծ է Հայութեան համար, հաւանաբար շատ աւելի մեծ քան՝ ֆրանսայի քաղաքական կեանքին համար, որովհետեւ Փաթրիք Տեվէճեան այդ նոյն արժանիքները ի սպաս դրաւ հայութեան և Հայութեան Դատին: Ֆրանսայի արժէքներով հպարտ էր: Ֆրանսայով հպարտ էր: Բայց իր հանրային կեանքի առաջին օրերէն սկսեալ բոլորին համար յստակ էր որ ամբողջական հայ էր, առանց սեթեւանքի, առանց այլեւայլի, այն օրերուն՝ երբ իր պատկանած կուսակցութիւնը և ընդհանրապէս Ֆրանսական հասարակութիւնը խորթ աչքով կը դիտէր օտարները, մանաւանդ երբ անոնք կը յաւակնէին տեսանելի դիրքերու հասնիլ:

Այդ օրերուն, հասարակութեան մէջ տարածուած մտայնութեան ճնշումին տակ, ուրիշներ իրենց հայկական անունը կը փոխարինէին աւելի ֆրանսաշունչ անուններով, պարզապէս իրենց հայութիւնը անտեսանելի դարձնելու նպատակով: Ինք, ո՛չ միայն Տեվէճեան անունը պահպանեց, այլ 1970-ականներէն սկսեալ, երբ ուրիշներ վախէն կը պահուըտէին, որպէսզի Ֆրանսական պետական մարմինները Ցեղասպանութեան արդարութեան հետապնդուող մարտիկներուն հետ ”կասկածելի” կապեր չբացայայտեն, որոշեց, որպէս փաստաբան, այդ տղաքը պաշտպանել դատարաններուն մէջ, ուր շնորհիւ իրեն, առաջին անգամ հնչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը և վկայութիւնները:

Փաթրիք Տեվէճեան Ֆրանսայի մէջ առաջին նախարար Հայը եղաւ. իրմէ առաջ կար Էտուար Պալատիւրը, բազմիցս նախարար, վարչապետ, և Ժագ Շիրաքի դէմ նախագահութեան թեկնածու, որ սակայն բոլոր կարելի միջոցները գործածեց ժողովուրդը համոզելու որ ինք զտարիւն Ֆրանսացի էր:

Կը յիշեմ Հայոց Ցեղասպանութեան 1998 -ի Ազգային Ժողովի նիստին իր շատ զգայուն, բայց պատմականօրէն հիմնաւորուած ելոյթը, ուր կը յստակացնէր Ֆրանսայի պատմական կապը Հայոց Եղեռնին հետ: Որպէս Սփիւռքի զաւակ, Սեւրի Սամուէլ Մուրատ Մխիթարեանի նախկին սան, Հայ մշակոյթի հաստատուն գիտելիքի պաշարով մտած էր Ֆրանսական քաղաքանութեան մէջ: Հայաստան Հիմնադրամի ծրագիրներուն իր բերած տարեկան նպաստը անգնահատելի էր: Երեք պատմական կարեւոր առիթներով տեսակցած էի Տեվէճեանին հետ: Աւելի ուշ պէտք է գրեմ այդ մասին:

Իր վերջին դատը մնաց կիսաւարտ: Սեւրի Մխիթարեաններու շէնքի ապագայի հարցը իրեն համար կենսական էր, եւ վերջին ամիսներուն առաջնորդած գործողութիւնը սկսած էր դրական արդիւնքներ տալ:

Հողը թեթեւ գայ, Փաթրիք:

Յիշեցնենք, որ յայտնի քաղաքական գործիչը 75 տարեկան հասակին մահացաւ «Քորոնա» ժահրով վարակուելէ ետք։