Փաշինեան Էրտողանի Ելոյթը Ծայրայեղ Ատելութեան Խօսք Կ՛անուանէ եւ Միջազգային Հանրութեան՝ Չլռելու Կոչ Կ՛ընէ


Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Ապրիլ 24ի ելոյթը անուանած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման նոր մակարդակ եւ «ազգի սպանդի արդարացում»: Հայաստանի ղեկավարը միջազգային հանրութեան կոչ ըրած է արձագանգելու Թուրքիոյ նախագահի ատելութեան խօսքին: Փաշինեան արձագանգած է էրտողանի ապրիլքսանչորսեան ելոյթին. «Յիշատակի օր, երբ աշխարհասփիւռ հայերը յարգանքի տուրք կը մատուցէին Հայոց Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցին, սակայն Թուրքիոյ ղեկավարը կրկին կը հերքէր 20րդ դարու մեծագոյն ոճրագործութիւնը եւ զայն կ՛անուանէր «1915 թուականի հայերու տեղահանութիւն»:

Յիշեցնենք, որ թրքական արխիւներուն նուիրուած գիտաժողովի ընթացքին, Էրտողան իր ելոյթին մէջ՝ անդրադառնալով Առաջին Համաշխարային պատերազմի տարիներուն կատարուածին, յայտարարած է, թէ հայերը կոտորած են իսլամ կիներն ու երեխաները, ու նման պայմաններու մէջ «հայ հրոսակներուն ու անոնց աջակիցներուն աքսորելը ամենատրամաբանական վարքագիծը եղած է»:

«Օսմանեան կայսրութեան ողջ հայ բնակչութեան, որ դատապարտուեցաւ զանգուածային սպանդի ու մահուան երթերու, «հայ հրոսակներ ու անոնց աջակիցներ» անուանելը, 1.5 միլիոն մարդ սպաննելն ու ատիկա «ամենատրամաբանական վարքագիծ» որակելը ոչ միայն ժխտողականութեան նոր մակարդակ է, այլեւ` ողջ ազգի մը սպանդի արդարացում», գրած է վարչապետը «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ:

«Ամէնէն առաջ` Ապրիլ 24ին այդպիսի յայտարարութիւնը հայ ժողովուրդին եւ ողջ մարդկութեան հանդէպ խորին վիրաւորանք է եւ ծայրայեղ ատելութեան խօսք անձամբ Էրտողանի կողմէ: Աշխարհը պէտք է չլռէ», աւելցուցած է Փաշինեան։