Փաշինեան Կը Ցանկայ Ձեւաւորել «Համաձայնութեան Կառավարութիւն»․ Հանդիպումներ Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Հետ


ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար, վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Նիկոլ Փաշինեան այսօր հանդիպումներ ունեցաւ Ազգային ժողովի «Ծառուկեան», ՀՅԴ եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութիւններու հետ։

Այսօր առաւօտեան մեկնարկած Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան նիստէն, որուն կը մասնակցէր նաեւ  խմբակցութեան ղեկավար, Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հանրապետական կուսակցութեան յետագայ իշխանավարման դէմ պայքարը գլխաւորող Նիկոլ Փաշինեան, ետք պատգամաւոր Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ միաձայն որոշած են վարչապետի թեկնածու առաջադրել Նիկոլ Փաշինեանը: Միրզոյեան նաեւ կարծիք յայտնեց, որ իրենց թեկնածուին համար խորհրդարանական մեծամասնութեան` Հանրապետական խմբակցութեան աջակցութեան հարցով խնդիր պիտի չունենան:

Փաշինեան եւ  «Ծառուկեան» դաշինքի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք խմբակցութեան ներկայացուցիչ Նայիրա Զոհրաբեան յայտարարեց, որ դաշինքը որոշած է Հայաստանի վարչապետի ընտրութիւններու ատեն միաձայն պիտի քուէարկեն Փաշինեանի օգտին:

Ընդդիմադիր «Ծառուկեան» դաշինքը Ազգային ժողովի մէջ ունի 31 պատգամաւոր:

Փաշինեանի հետ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք՝  Ազգային ժողովի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն խմբակցութիւն ղեկավար Արմէն Ռուստամեան վստահեցուց, որ ՀՅԴն միակամ է եւ պիտի սատարէ «Իմ քայլը» նախաձեռնութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութեան:

 Վերջաւորութեան Փաշինեան Ազգային Ժողովի մէջ հանդիպում ունեցաւ  խորհրդարանական մեծամասնութիւն ունեցող Հանրապետական խմբակցութեան հետ:

Հանրապետական խմբակցութեան անդամներ հարցեր ուղղեցին Փաշինեանին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի, Ռուսիոյ եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ ՀԱՊԿի հետ յարաբերութիւններու եւ երկիրին մէջ յառաջացած խնդիրներու լուծման առնչութեամբ։

Պատգամաւոր Խոսրով Յարութիւնեանի հարցումին, թէ որոնք պիտի զբաղեցնեն առանցքային պաշտօնները նոր կառավարութեան մէջ, Փաշինեան ըսաւ․ «Կ՛ուզեմ յստակ ըսել, որ մեր նպատակը կառավարութեան նոր կազմով մէկ ուժի յաղթանակը եւ մէկ այլ ուժի պարտութեան ձեւակերպելը չէ», շեշտելով, որ կը ցանկայ ձեւաւորել «համաձայնութեան կառավարութիւն» եւ յոյս ունի, որ ատիկա հնարաւոր պիտի ըլլայ:

Երէկ երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակի վրայ կայացած հանրահաւաքի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ պատրաստ է «պատասխանատու ձեւով ստանձնելու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը»:

Խորհրդարանը Մայիս 1ին նշանակուած յատուկ նիստի ընթացքին նոր վարչապետ պիտի ընտրէ: