Հակառակ Ժողովրդային Ընդդիմութեան՝ Փաշինեան Նպատակայարմար Կը Գտնէ Թոյլ Տալ Ամուլսարի Հանքի Շահագործումին


ԵՐԵՒԱՆ,- Օգոստոս 19ին՝ հակառակ ժողովրդային ընդդիմութեան, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ֆէյսպուքեան ուղիղ հեռարձակումով յայտարարեց , որ նպատակայարմար կը համարէ թոյլ տալ շահագործելու Ամուլսարի հանքը։

«Մեր կառավարութեան, պետութեան, ժողովուրդի, երկրի շահերէն է, որ ․․․․ հնարաւորութիւն տանք, որպէսզի Ամուլսարի հանքը շահագործուի»,  յայտարարեց Փաշինեան` նշելով, որ այդ եզրակացութեան հասած է այժմ իր մօտ եղած տեղեկութիւններուն հիման վրայ:

Հեռարձակման ընթացքին ներկայացնելով Ամուլսարի ոսկիի հանքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, իրեն ներկայացուած փաստերը, փորձագիտական գնահատականները, Փաշինեան վստահեցուց, որ այժմ կառավարութեան ունեցած տեղեկատուութիւնը յստակ է` հանքի շահագործումը չի վնասեր Սեւանին եւ Ջերմուկին:

Ան խոստացաւ, որ հանքը բնապահպանական ամենաբարձր չափանիշներով պէտք է շահագործուի: «Եւ եթէ տեսականօրէն ի յայտ կը գայ տեղեկութիւն, որ իմ այս գնահատականը գլխիվայր կը շրջէ` ես ոչ մէկ բանով կաշկանդուած եմ»,  աւելցուց ան:

Երէկ Քննչական կոմիտէն հրապարակեց Ամուսլարի փորձաքննութեան արդիւնքները, որ կատարած է միջազգային ELARD ընկերութիւնը։ Ըստ փորձաքննութեան արդիւնքերուն` շատ քիչ հաւանականութիւն կայ, որ Ամուլսարի հանքի աղտոտուած ջուրերը ազդեցութիւն ունենան Ջերմուկի աղբիւրներուն վրայ:

Բնապահպանները համաձայն չեն հրապարակուած եզրակացութեան հետ: Աւելին` անոնք կը նշեն, որ նոյնիսկ ընկերա-տնտեսական ազդեցութեան գնահատականը չէ տրուած, թէ ինչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ հանքի շահագործումը, եթէ նոյնիսկ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունի ջուրերուն վրայ, բայց ինչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Ջերմուկ քաղաքին` որպէս առողջարանային քաղաքի, տնտեսութեան ու մարդոց վրայ»,  յայտարարեցին ցուցարարները:

Նոյն օրը առաւօտէն ցուցարարները բողոքի ցոյց իրականացուցին Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ եւ կառավարութեան շէնքին մօտ: Երբ ցուցարարները փորձեցին փակել Բաղրամեանը, իրաւապահները ուժ կիրառեցելով վերականգնեցին երթեւեկութիւնը եւ բերման ենթարկեցին ցուցարարներէն 6 հոգի:

Վարչապետ Փաշինեան քննարկման հրաւիրեց Ամուլսարի հանքի վերաբերեալ, որուն մասնակցեցան Կառավարութեան անդամներ, շահագրգիռ գերատեսչութիւններու ղեկավարներ, Ջերմուկ համայնքի աւագանիի անդամները, Գորայք, Զառիթափ, Ջերմուկ համայնքներու բնակիչները, կրթական եւ առողջարանային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, բնապահպաններ:

Ամերիկա-բրիտանական «Լիդիան Արմէնիա»ն Ամուլսարի ոսկիի հանքի շինարարութիւնը սկսած էր դեռ 2016ին` յայտարարելով, որ պիտի ներդնէ աւելի քան 400 միլիոն տոլար: Ամուլսարի ոսկիի հանք տանող ճանապարհը արդէն 1 տարիէն ի վեր փակ է: Զայն շրջափակած են եւ տարածքին մէջ կը հերթապահեն Ամուսլարի յարակից համայնքներու բնակիչները, որոնք դէմ են իրենց համայնքներու տարածքին հանքարդիւնաբերութիւն իրականացնելուն: