«Փառք Հրաշափառ Յարութեան Քո Տէր». Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը


«Մահը կլանուեցաւ. յաղթանակը շահուեցաւ» (Եսայի 25. 8)։

Մարգարներու կանխասացութիւնը իրականացաւ, «Մահը կլանուեցաւ, յաղթանակը շահուեցաւ» (Ես. 25.8)։ Այո՛ մահը նուաճուեցաւ կեանքով, եւ ահա՜ Յարութեան աւետիսն է, որ կը հնչէ ամէնուրեք։

Իր աւարտին հասաւ քառասնօրեայ պահեցողութեան ինքնապատրաստութեան եւ ինքնասրբագրման ժամանակաշրջանը։

Իր աւարտին հասաւ մեր հայրերուն կողմէ սահմանուած հաւաքական, հոգեւոր ուղեւորութեան ճանապարհորդութիւնը։
Սեւը, սուգը, խաւարը վերացուեցան մեր եկեղեցիներէն։ Վարագոյրը բացուեցաւ մեղաւոր մարդուն առջեւ, ըմբոշխնելու իսկական ու վաւերական ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը։

Քանդուեցաւ մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ կանգնած պատնէշը, եւ արտօնուեցաւ անառակ մարդուն վերդառանալու իր հօր բնակարանը, ապրելու ուրախութիւնը աստուածատեսութեան, եւ արժանի ըլլալու ընդմիշտ բնակութիւն հաստատելու սրբութեան տաճարին մէջ։

Մէկ խօսքով իւրաքանչիւր հաւատացեալին առջեւ բացուեցաւ յոյսի դուռը։ Խաւարը անցաւ ու երեւցաւ ճշմարիտ լոյսը։ Գլորուեցաւ գերեզմանի մուտքին դրուած քարը, և գերեզմանը թափուր մնաց… Լսուեցաւ հրեշտակին աւետաբեր ձայնը. «Այստեղ չէ, այլ յարութիւն առաւ»։

Սրբուեցան արցունքները բարեպաշտ եւ իւղաբեր կանանց. անոնք յարուցեալ Փրկչին առաջին ականատեսները եղան ու լսեցին պատգամը անոր. «Մի՛ վախնաք, գացէք եւ ըսէ՛ք իմ եղբայրներուս՝ որ Գալիլիա երթան. հո՛ն պիտի տեսնեն զիս» (Մտ 28.10)։

Յարուցեալ Փրկիչը իր խոստումը կատարեց. նախ երեւցաւ Պետրոս առաքեալին, այնպէս ինչպէս Ղուկաս Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Իրապէս որ Տէրը յարութիւն առաւ եւ երեւցաւ Սիմոնի» (Ղկ 24.34)։ Ապա երեւցաւ իր մնացեալ տասնմէկ աշակերտներուն` Գալիլիոյ մէջ, նոյն իր յարուցեալ մարմնով, և անոնց մէջ կանգնելով ըսաւ. «Խաղաղութի՜ւն Ձեզի։ Ես եմ, մի՛ վախնաք» (Ղկ 24.36)։ Անոնց անգամ մը եւս յիշեցուց Սուրբ Գրքերի մէջ մարգարէացուածը թէ Մեսիան ինչպէս «Պէտք է չարչարուէր եւ երեք օր յետոյ յարութիւն առնէր. անոր անունով ապաշխարութիւն եւ մեղքերու թողութիւն պէտք է քարոզուէր բոլոր ժողովուրդներուն՝ Երուսաղէմէն սկսեալ»։ Շարունակելով իր խօսքը ան ըսաւ. «Դուք այս բոլորի վկաններն էք…» (Ղկ 24.46-48)։ Յիսուս քաջալերեց, զօրացուց եւ զիրենք ղրկեց իր սորվեցուցած պատուիրանները ուսուցանելու բոլոր ժողովուրդներուն եւ վերջաւորութեան ըսաւ. «Ահա ես միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհի վախճանը» (Մտ 28.20)։

Ան երեւցաւ նաեւ աւելի քան հինգ հարիւր հետեւորդներու, երեւցաւ Յակոբոսին` Տեառնեղբօրը, երեւցաւ Էմմաւուսի ճամբորդներուն, եւ ապա ի վերջոյ՝ Պօղոս առաքեալին, որ հալածիչ էր, բայց դարձաւ տարածիչը Քրիստոնէութեան (Ա.Կր 15.6-8)։
Այո՛, Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն, այս է ճշմարտութիւնը եւ ամենամեծ ուրախութիւնը, աւետիսներուն աւետիսը բոլոր ժողովուրդներուն։

Այսօր քանի՜ դար անցած է յարութեան դէպքէն։ Այսօր դարձեալ ժամադրուած ենք հանդիպելու իրար, յիշելու յարութիւնը Քրիստոսի: Ինչո՞ւ. որովհետեւ ան կենդանի է, եւ բնականօրէն կարելի չէ մոռնալ նման դէպք մը` զոհողութեամբ, ինքնընծայումով թաթաւուն մեծ յաղթանակի հռչակման՝ համայն մարդկութեան մեղքերու քաւութեան եւ թողութեան համար։ Այո՛, Ան խաչուեցաւ ու թաղուեցաւ, սակայն թաղուած չմնաց, այլ երրորդ օրը յարութիւն առաւ մեռելներէն։ Ան վերստին կենդանացաւ ու նոր կեանք բաշխեց բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին անոր։

Պատկերացուցէք, որ այս առաւօտ պիտի չհանդիպէինք, պատճառ պիտի չունենայինք իրարու հետ ըլլալու սրբավայրի մը մէջ, տօնելու յաղթանակը, վանելու խաւարը, տեսնելու լոյսը ճշմարիտ, եթէ Քրիստոս կենդանի չըլլար։

Քրիստոսի յարութեան ժամանակ մենք անձամբ ականատեսները չեղանք, թէ ինչ պատահեցաւ. արդեօք կը հաւատա՞նք յարութեան մեր ամբողջ սրտով։ Յարուցեալ Փրկիչը մեզ չերեւցաւ, մեզի չտեսնուեցաւ ու մենք չհանդիպեցանք իրեն, արդեօք կը հաւատա՞նք իր հրաշափառ յարութեան։ Ահաւասիկ ամենակարեւոր հարցումը, ուղղուած այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Պատմութեան ընթացքին եղան մարդիկ, որ ըսին. «Մեռելներու յարութիւն չկայ», «Մեռելները յարութիւն չեն առներ», միաժամանակ չհաւատացին Քրիստոսի յարութեան. նման վերաբերմունք մէկ բան կը նշանակէ, որ անոնք մնացին մեղքերու մէջ ընկղմած։

Այսօր մե՞նք ինչ կ՛ընենք, Թովմասեան շօշափելիութեա՞մբ կը մօտենանք, թէ հիմնուած Յիսուսի խօսքերուն ստուգութեան եւ խոստման՝ հաւատքի վրայ, հաւատքի աչքերով ականատեսները կը դառնանք ճշմարիտ ու վաւերական լոյսի ճառագայթումին, Քրիստոսի` մեր Փրկչին հրաշափառ յարութեան։

Այսօր մենք քանի՜ քանի՜ վկայություններ ունինք հաւատալու Քրիստոսի յարութեան. իւղաբեր կանանց վկայութիւնը թափուր գերեզմանի մասին. Յարուցեալ Փրկչին եւրեւումը ոչ միայն անմիջական աշակերտներուն, այլ աւելի քան հինգ հարիւր հետեւորդներու, սա մեծ թիւ է, համոզուելու արժանահաւատ, հաւատարիմ եւ վստահելի անձանց ականատեսի վկայութեան։
Այս բոլորէն ետք Պօղոս առաքեալ յստակ կերպով կը յայատարարէ. «Բայց ո՛չ. Քրիստոս արդարեւ մեռելներէն յարութիւն առած է» (Ա. Կր 15.20)։

Այո՛, ան յարութիւն առաւ մեռելներէն եւ իր յարութեամբ մեզի երաշխիքը տուաւ մեր իսկ յարութեան, յաւիտենական կեանքի ուրախութեան եւ փրկութեան։ Ան սորվեցուց մեզի, որ յոյս ունենանք մահէն յետոյ յարութիւն առնելու։ Պօղոս առաքեալի բառերը շատ գեղեցիկ են ու պատկերաւոր, Քրիստոս՝ «Ննջեցեալներու առաջին պտուղն է»։ Առաջին մարդով` Ադամով մահը մուտք գործեց աշխարհ, իսկ երկրորդ Ադամով` Քրիստոսով յոյսը տրուեցաւ նոր կեանքի, յարուցեալ կեանքի` յաւիտենական կեանքի։

Թափուր գերեզմանը ուրախութեան մնայուն աղբիւր եղաւ անոնց` «Ականատեսներուն», որոնք ճանչցան Քրիստոսին, որպէս Տէր եւ յարուցեալ Փրկիչ։ Ոչ ոք չի կրնար ճշմարտութիւնը թաղել, ոչ քար գլորելով գերեզմանին վրայ եւ ոչ ալ կնքելով։ Աստուած պիտի յաղթէ, եւ մենք կրնանք այնտեղ ըլլալ, ականատեսները ըլլալ նոր աշխարհի, աւելի լաւ ու ճշմարիտ աշխարհի պատրաստութեան։
Ահաւասիկ հրաւէր մը ուղղուած ինծի եւ քեզի` մեր բոլորին, ոտքի ելլենք ու միասին քալենք Քրիստոսի կողմէ պատրաստուած եւ նորոգուած կեանքի մէջ։

***

Հայ ժողովուրդը առաջին ականատես ժողովուրդը եղաւ, որ հաւատաց Քրիստոսի յարութեան եւ անոր պատրաստած նոր, ճշմարիտ ու վաւերական կեանքին։ Տառապեցաւ, չարչարուեցաւ, փոթորիկներու հանդիպեցաւ, նոյնիսկ Ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ, բայց չդադրեցաւ ականատեսի իր վկայութիւնը բերելէն, միշտ հաւատալով Քրիստոսի յարութեան` վաղուան արշալոյսին, նոր կեանքին, յարութեան հրաշափառ յաղթանակին։

Հարիւր տարի անցած է Հայաստանի Առաջին Անկախ Հանրապետութեան ստեղծումէն, հակառակ անոր որ երկար չտեւեց, բայց յաղթանակ ապահովեց, յոյս ներնչեց ու ոգի ներարկեց գալիք բոլոր սերունդներուն, բոլոր ազատագրական պայքարներուն եւ այսօրուան վերանկախ Հանրապետութեան ստեղծման։ Հարիւր տարի յետոյ հայութիւնը նոյնն է, չէ փոխուած ու երբէք պիտի չփոխուի, ընդհակառակը պիտի շարունակէ հաւատալ Քրիստոսի յարութեան, իր իսկ յարութեան, յաղթանակի արշալոյսին, արդարութեան յաղթանակին։

Չկորսնցնենք յոյսը արդարութեան, չկորսնցնենք յոյսը յաւիտենական կեանքի, չկորսնցնենք յոյսը այն մեծ ուրախութեան, որ փրկութիւնն է։

Ճիշտ է, որ մեր ժողովրդի ճանապարհը դիւրին չեղաւ, յաճախ Գողգոթայի ճանապարհի վերածուեցաւ, բայց այսօր դարձեալ քրիստոսանուէր մեր նահատակներու պատգամն է որ կ՛արձագանքէ իւրաքանչիւրիս եւ բոլորիս սրտերուն եւ մտքերուն մէջ՝ շարունակել ականատեսները մնալ Բանին ճշմարտութեան, Արդարութեան արեգակին, հաւատալ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի` հայ ժողովուրդի յաւերժ յարութեան՝ անմահութեան։

Մահը յաղթուած է մեզի համար, մահուան սարսափը` փարատած։ Անմահութեան հաւատքն է, որ թեւ ու թռիչք առած է ։ Միայն ՀԱՒԱՏԱ՛ ժողովուրդ հայոց եւ անվարան յայտարարէ. «Փառք Հրաշափառ Յարութեան Քո Տէր»։

* * *

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔ. ՉԱՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

Ս. Զատիկ
2018