Փոխգնդապետ Սարգիս Ստեփանեան Դարձաւ Բազկամարտի Աշխարհի Ախոյեան


Փոխգնդապետ Սարգիս Ստեփանեան

“Արմենփրես”,- Ռումանիոյ Քոսթանսա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հաշմանդամութիւն ունեցողներու բազկամարտի աշխարհի ախոյեանութեան Հայաստանի Զինուած ուժերու փոխգնդապետ Սարգիս Ստեփանեան դարձաւ ախոյեան:

«Շնորհակալ եմ ձեզի` բարի խօսքեր ու դրական լիցքեր փոխանցելու համար: Դուք էք ինծի ուժ տուողը: Կը հանդիպենք շուտով` մեր սիրելի հայրենիքին մէջ: Կը սիրեմ բոլորդ», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Ստեփանեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան «Արիութեան համար» մետալակիր փոխգնդապետը Եւրոպայի կրկնակի եւ աշխարհի արդէն քառակի ախոյեան է: Վիրաւորուած է 2014-ին Արցախի պաշտպանական շրջաններէն մէկուն մէջ հակառակորդին ներթափանցման գործողութիւնը ետ մղելու ժամանակ՝ վիրաւոր ծառայակից ընկերը ականապատուած տարածքէն հանելու ատեն՝ կորսնցնելով 2 ոտքն ու աջ ձեռքը:

Սարգիս Ստեփանեան՝ ախոյեան, Ռումանիա։ Լուսանկարը՝ Ստեփանեանի ֆէյսպուքի էջէն։