Փորթուկալի Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական Պետօ Տէմիրճեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին միջոցով կը տեղեկացնէ, որ 2019ի Ապրիլ 26ին Փորթուկալի խորհրդարանը բանաձեւ ընդունած է՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան նաեւ հրապարակած է բանաձեւին փորթուկալերէն եւ հայերէն բնագիրները:

«Կարեկցանք յատնելու քուէարկութիւն ․․․՝ ի յիշատակ 1915ի զոհերուն» անունով բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին եւ անոր յաջորդած տարիներուն ցեղասպանութեան հետեւանքով զոհուած հայերուն թիւը կը գնահատուի 800 000-1.5 միլիոն։ Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ իր տարածքին մէջ բնակող հայ փոքրամասնութեան դէմ իրագործուած համակարգուած սպանութիւնները կը համարուին 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։

«Այս յիշատակի տուրքը՝ դաս է մեր ժամանակներու համար, քանզի համաշխարհային տարողութեամվ ազգայնականութեան, անհանդուժողականութեան ներկայ մակարդակի առկայութեան պարագային հիմնորոշ է յիշել անցեալի անդունդները։

«Նաեւ յիշատակի մշակոյթի միջոցով է, որ Հանրապետութեան Ասապլէան կը վերահաստատէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան իր յանձնառութիւն եւ կ՛ըընդգծէ ժողովուրդներու, կրօններու, մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։

«Այսպիսով Հանրապետութեան ասապլէան լիագումար նիստի ընթացքին իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն՝ պահպանելով  յիշողութիւնը որպէս ժողովուրդներու յաշտեցման եւ մարդկութեան հիմնարար արժէքներու կարեւոր տարր», կ՛ըսուի բանաձեւին մէջ։