Քաղցրեղէններ Պատրաստող Թորոնթոհայ Խումբ Մը Երիտասարդներուն՝ Macarons for Artsakh Արդիւնաբեր Աշխատանքը՝ Ի Նպաստ Արցախի


Macarons for Artsakh ծրագիրը իրագործող երիտասարդները

Հայրենասէր, աշխատասէր, արարելու օժտուածութեամբ եւ կամքի հզօրութեամբ բոլորիս ծանօթ թորոնթոհայ երիտասարդը միշտ ալ եղած է յառաջադէմ եւ պատասխանատու իր ազգային պարտաւորութիւններուն նկատմամբ։ Ահաւասիկ, խումբ մը երիտասարդներ, իրենց միասնական աշխատանքին շնորհիւ իրականացուցած են յաջող ծրագիր մը, որուն արդիւնքով ութ շաբթուան անխոնջ աշխատանքի հասոյթը հասցուցած են Արցախ` օժանդակելու տեղահանուած եւ դժուար պարագաներ դիմագրաւող մեր հայրենակիցներուն։  

Macarons for Artsakh նախագիծը ստեղծուած է Թորոնթոյի խումբ մը ընկերներու կողմէ: Երիտասարդները հետեւեալ ձեւով կը ծանօթացնեն իրենց աշխատանքը. «Մեր նպատակն էր օգտագործել մեր ժամանակը, ջանքերը եւ ստեղծագործական հնարաւորութիւնները՝ ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերելու հակամարտութենէն տուժած մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն: Ուստի մագարոններ պատրաստելով ուզեցինք թարմացնել դրամահաւաքը։ Գիտենք, որ մագարոնները աւանդաբար հայկական խմորեղէն չեն, սակայն մեր նպատակն էր թիւով շատ մարդոց դիմել եւ հայ համայնքի սահմաններէն դուրս գալ, որովհետեւ շատ կարեւոր էր հակամարտութեան վերաբերեալ  իրազեկել նաեւ օտարները»:

Macarons for Artsakh ծրագիրը իրագործող երիտասարդներ` Դուին Քաթըրճեան, Ալիտա Եալտիզճեան, Մինէ Սատուրեան, Սէլիա Պարսամեան, Արդէն Ուսդուն, Արի Տոքմէճեան եւ Ալեքս Սարգիսեան գեղեցիկ փաթեթաւորումով զարդարուած համեղ մագարոնները անձամբ հասցուցած են պատուիրատուներուն եւ խմորեղէններու վաճառքէն գոյացած $6300 գումարը փոխանցուած է Հայաստանի Համահայկական Հիմնադրամի Թորոնթոյ մասնաճիւղին։