Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի Վերանորոգման Պայմանագիրը Կնքուեցաւ


«Գանձասար»․- Ինչպէս գիտէք, 22 Դեկտեմբեր 2016ին, Հալէպի ազատագրումի յաջորդող օրերուն, դէպի Ճեմարան ուխտագնացութեան պատմական օրը Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան Ազգ. մարմիններուն անունով Նոր Գիւղի վերականգնումին մեկնարկը յայտարարած էր: Իսկ Նոր տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2017 տարին յայտարարեց «Վերանորոգումի Տարի» ու Հալէպ իր հովուապետական պատմական այցելութեամբ կոչ ուղղեց համայն հայութեան սատար հանդիսանալու սուրիահայ համայնքին, մանաւանդ Հալէպահայութեան:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ.Վարչութիւնը որոշեց վերակագնել Հալէպի ու մանաւանդ Նոր Գիւղի Ազգ.  կառոյցները: Վերակառուցման աշխատանքներուն մէջ բնականաբար առաջնահերթութիւնը պիտի տրուէր դպրոցներուն ու մանաւանդ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին:

Ճեմարանի վերականգնումի նախնական աշխատանքները կատարեցին աշակերտները՝ երբ Դեկտեմբեր ամսուն մաքրեցին վարժարանի շրջափակն ու դասարանները:

Ճեմարանի 70ամեակի շրջանաւարտ հունձքին հանդէսը, այս տարի, տեղի ունեցաւ Ճեմարանի շրջափակէն ներս՝ մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով աշակերտութեան մօտ:

Ներկայիս, Ազգ. Վարչութիւնը Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին նախագահութեամբ ձեռնարկած է Ճեմարանի նոր շէնքի վերանորոգման աշխատանքներուն: Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիգրան Պետրոսեան նշած է․ «Երբ Ամիսներ առաջ Հալէպ ազատագրուեցաւ, Ազգ.Վարչութիւնը իր օրակարգին վրայ դրաւ վերանորոգումի ծրագիրը եւ յարմար նկատեց սկսիլ դպրոցներու, ապա նաեւ եկեղեցիներու եւ  ակումբներու հանգրուանային վերանորոգումով: Այս աշխատանքը միասնականութիւն կը թելադրէր, բնականաբար, որպէսզի հեզասահ ընթացք ունենար եւ արդիւնաւէտ ըլլար: Այսօր, ի ուրախութիւն բոլորիս, աւարտին հասած է արդէն Արամ Մանուկեան ժողովրդային տան  «Դալար» այգեստանի վերանորոգումը, եւ սա մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է մեր ժողովուրդին մօտ: Ազգ Վարչութիւնը Ճեմարանի վերակառուցման համար ամբողջական ծրագիր մը մշակեց ու վերաշինութեան յանձնախումբ մը յառաջացուց: Յանձնախումբը իր հերթական ժողովները գումարելէ ետք,  Ազգ .Վարչութեան ներկայացուց ծրագիր մը, որ վաւերացուելէ ետք գործնականացման փուլին անցաւ:

«Յուլիս 1ին՝ Ճեմարանի նոր շէնքի վերանորոգման պայմանագրի կնքումին նախօրէին, Ազգ. Վարչութիւնը, Ճեմարանի Խնամակալութիւնը եւ Վերաշինութեան Յանձնախումբը ամէնօրեայ այցելութիւններով նախապատրաստական աշխատանքներու ձեռնարկեցին: Ծրագրին համաձայն, նախ պիտի վերանորոգուի Ճեմարանի նոր շէնքը. ուստի ճեմարանականները (11րդ եւ 12րդ կարգի աշակերտները), իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար այս աշխատանքներուն, ներկայացան վարժարան ու մասնակից դարձան նախապատրաստական գործերուն. անոնք աշակերտական գրասեղանները (աւելի քան 500 գրասեղան) նոր շէնքէն հին շէնք տեղափոխեցին: Պահը շատ տպաւորիչ էր: Աշակերտները կարծէք իրենց տունը կարգի կը բերէին՝ առանց դժգոհելու, մեծ սիրով ու եռանդով: Ճեմարանը վերագտած էր իր աշխոյժ զաւակները ու հարստացած անոնց ներկայութեամբ»:

Յուլիս 1ին Ճեմարան այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Շահան Արք. Սարգիսեան՝ Ազգ. Վարչութեան, Ճեմարանի Խնամակալութեան եւ Վերաշինութեան Յանձնախումբին ընկերակցութեամբ: Անոնք հետեւեցան վերաշինութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն: Սրբազան հայրը շրջեցաւ Ճեմարանի տարբեր բաժիններուն մէջ, զրուցեց աշակերտներուն հետ՝ բարձր գնահատելով անոնց նուիրական աշխատանքը ու իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն ըսաւ, որ անոնց նուիրումի ոգին օրինակ պիտի ծառայէ  բոլորին:

Այնուհետեւ կնքուեցաւ Ճեմարանի նոր շէնքի վերանորոգման պայմանագրութիւնը: Աշխատանքը պիտի աւարտի Սեպտեմբեր 1ին, նախքան վերամուտը, որպէսզի ճեմարանականները նոր շէնքէն ներս սկսին 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանը, այնուհետեւ պիտի սկսի Ճեմարանի հին շէնքի վերանորոգման աշխատանքը: