Քեսապի Մէջ Յիշատակուեցաւ Մայրերու Տօնը


Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) «Մեղրի» մասնաճիւղի Վարչութեան  Մարտ 19ին տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան նուիրուած տօնակատարութիւն Քեսապի «Սարդարապատ» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Քեսապի երեք հոգեւոր հայրերուն, միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ քեսապահայ հոծ բազմութեան։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սոնա Կիւզէլեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ հայ մօր վսեմ առաքելութեան, սերունդներ դաստիարակելու եւ մանաւանդ ապագայ հայ մարդը պատրաստելու նուիրումին։

Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան երէցկին Սեդա Զերենցեան եւ Նարեկ Առաքելեան մեներգելով «Երազ» եւ «Մայրիկիս»։ Խումբ մը ընկերուհիներ ներկայացուցին մայրերուն նուիրուած բանաստեղծութիւններ եւ երգեր։ Ռազմիկ Մելքոնեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Գէորգ Էմինի եւ Ալեքսանտր Աճէմեանի «Իմ Մայր» ստեղծագործութիւնը, իսկ Վահան Սաղտճեան «Իմ Անոյշ Մայրիկ»ը։

Ապա տեսակապի միջոցով հեռաւոր երկիրներ գտնուող Քեսապի զաւակներ արտայայտեցին իրենց կարօտի զգացումները եւ շնորհաւորեցին իրենց մայրերուն տօնը։ Տպաւորիր էր ԱՄՆ մէջ ծառայող Քեսապի զաւակ Հայր Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեանի եւ Տէր Գարեգին Քհնյ.Պետուրեանի քաջալերական եւ մեծարանքի խօսքերը քեսապահայ մայրերուն, ինչպէս նաեւ Լոս Անճըլոսի Ուսումնասիրաց Միութեան Վարչութեան  շնորհաւորական խօսքերը եւ նորոգ հանգուցեալ վաստակաշատ ընկերուհի Խաթուն Սաղտճեան Աշըգեանի սրտի խօսքը ուղղուած «Մեղրի» Մասնաճիւղի բոլոր ընկերուհիներուն։

Օրուան բանախօս Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեան շեշտեց՝ ինչպէս անցեալ տարիներուն այս տարի եւս հայ մօր անոր ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը ե՛ւ անհրաժեշտ է ե՛ւ անփոխարինելի։ Ընկերուհին հարց տուաւ, թէ մենք որպէս երրորդ տեղահանութեան վերապրողներ պիտի կրնա՞նք Մեծ Եղեռնէն վերապրող մայրերուն զօրաւոր հաւատքը եւ հզօր կամքը ունենալ՝  յաղթահարելու ներկայ դժուարին պայմանները եւ հեռացնելու մեր զաւակներուն միտքերէն եւ հոգիներէն պատերազմի ժխտական ազդեցութիւնը։ Անցնող 102 տարիները կը փաստեն, որ հայ մայրը երբեք չտկարացաւ, ընդհակառակն. հայու հաստատ նկարագիրով դաստիարակեց սերունդներ, միաժամանակ պահելով մեր ազգային արժէքներն ու բարքերը։ Ընկերուհին շեշտեց, թէ մենք որպէս երրորդ տեղահանութեան վերապրողներ եւ տուն վերադարձողներ պէտք է ունենանք մեր մեծ մայրերուն հաւատքը, կամքը եւ ազգասիրութիւնը. կառչած մնանք մեր հողին, որովհետեւ միայն մեր հողին վրայ է որ մենք կրնանք զօրաւոր մնալ, միայն հողէն է որ մենք կրնանք մեր ուժը առնել եւ գոյատեւել։

Ան եզրափակելով ըսաւ. «Պատմութիւնը պիտի գրէ, թէ մենք որպէս 2014ի տեղահանութեան վերապրողներ, ինչպէ՛ս կրցանք նպաստել հայապահպանման աշխատանքներուն, ինչպէ՛ս կրցանք պահել մեր հողը, մեր տունը, մեր եկեղեցին, մեր դպրոցը, մեր մշակոյթը, մեր լեզուն եւ մեր բարբառը, ինչպէ՛ս կրցանք պահել մեր սեփականութիւնը եւ ինքնուրոյնութիւնը։ Մենք պիտի շարունակենք վերականգնիլ  մեր պատմութեամբ, մեր մշակոյթով, մեր արուեստով, մեր ուսումով  եւ մեր լեզուով։ Պիտի ապրինք եւ ապրեցնենք Քեսապը: Պիտի ապրինք եւ ապրեցնենք մեր նոր, գիտակից ու զարգացած սերունդները»:

ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամ Յասմիկ Թութիկեան ընթերցեց ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան մամլոյ հաղորդագրութիւնը՝ նուիրուած 8 Մարտ 2017ի  Կիներու Միջազգային օրուան։

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Տէր Նարեկ Քհնյ. Զերենցեանի պատգամով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։