Քեսապի Ուղղութեամբ Հրթիռներ Արձակուած Են


«Գանձասար»․- Մէկուկէս տարուան անդորրութենէն ետք, Ապրիլ 22ի յետմիջօրէին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Քեսապէն շուրջ 13-14 քլմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող Քելէզի շրջանէն Քեսապի ուղղութեամբ արձակած են քանի մը հրթիռ, որոնք ինկած են գիւղի հարեւանութեան վրայ գտնուող շրջաններու մէջ՝ պատճառելով նիւթական թեթեւ վնասներ։

 Զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։