Քեսապ Հայաւանը Իր Տեղահանութեան Հնգամեակին


Կարօ Վ․ Մանճիկեան


Արդէն թեւակոխեցինք Քեսապի եւ քեսապահայութեան երրորդ տեղահանութեան (21 մարտ 2014) հինգերորդ տարին:

Հինգ տարիներ` լի վերիվայրումներով: Սուրիական մեր հայրենիքի վերիվայրումներու մէջ, ներառեալ…

Իսկ հինգ տարիներ ետք արժէ արագ քաղուածք մը կատարել կամ յետադարձ ակնարկ մը նետել, որպէսզի հինգ տարեկան կեանք ունեցող ոսպնեակին ընդմէջէն արշալոյսի պայծառութեամբ տեսնենք ապագան:

2014 տարուան յունիսի կիսուն, երբ Քեսապ վերադարձանք, այնտեղ բաբելոնեան խառնաշփոթ մը կը տիրէր: Անշուշտ նախ տղամարդիկ վերադարձան, ապա, մէկ երկու ամիս ետք, կանայք եւ ընտանիքներ:

Տղամարդիկ նախ վերադարձան քննելու համար ապրուստի կարելիութիւնները` բնակարաններ, պարտէզներ, կալուածներ, վաճառատուներ… եւ այլն:

Աջ ու ձախ կը վխտային զինուորական տարազ հագած անձեր, որոնց մէջ անկասկած կային բախտախնդիրներ եւ պատեհապաշտներ` օրինապահ եւ մարտունակ բանակին արանքներէն սպրդած, որոնք հետզհետէ չքացան հրապարակէն, երբ բանակը տեղաւորուեցաւ սահմանային շրջաններուն մէջ, ուր հարկ էր գտնուէր…

Քեսապի վարչական սահմանին վրայ գտնուող կարգ մը վայրեր, ինչպէս` Լեղի-ջուր, Ֆըրընլըխ, կամ Լաթաքիա-Ղասթալ Մաաֆ-Քեսապ մայրուղին եւ հովիտներ, բռնագրաւուած մնացին թրքամէտ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ` մինչեւ ռուսական բանակի յառաջապահներուն յայտնուիլը Սուրիոյ մէջ, երբ այդ տարածքներն ալ ազատագրուեցան:

Այդ քաոսային օրերուն սկիզբէն Քեսապ փութացին  թէ՛ սուրիահայութեան ազգային-կրօնական, թէ՛ կուսակցական ղեկավար մարմիններ ու անձնաւորութիւններ եւ թէ՛ պետութեան վերնախաւի ներկայացուցիչներ, անձնաւորութիւններ` մայրաքաղաք Դամասկոսէն եւ նահանգապետութիւն Լաթաքիայէն: Գերմարդկային ճիգեր ի գործ դրուեցան շատ արագ վերականգնելու գաւառակին ենթակառոյցը (ելեկտրականութիւն, ջուր, հեռախօսի կապեր…), որպէսզի ամենակարճ ժամանակին վերաբնակելի դառնար Քեսապը, որուն պսակումը հանդիսացաւ 2014-ի օգոստոս ամսուն կիսուն Ս. Աստուածածնի վերափոխումի տօնը, որուն ո՛չ միայն քեսապահայութիւնը մասնակցեցաւ, այլ նաեւ Քեսապն ու քեսապահայութիւնը սիրող հոծ սուրիահայութիւնը` Հալէպէն, Լաթաքիայէն կամ Դամասկոսէն եկած, հովուապետութեամբ հայոց Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին, որ ս. պատարագը մատուցեց եւ կատարեց խաղողօրհնէքն ու մատաղօրհնէքը` Քեսապի կիսանուագ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կամ Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ…

Դպրոցներու վերամուտին վերականգնած էին պետական թէ հայկական նախակրթարաններն ու երկրորդական վարժարանները, որոնք ընդունելով աշակերտները` կը սկսէին կանոնաւոր դասաւանդութեանց:

Վերականգնած էին ու կը գործէին Քեսապի փուռը` հացատունը, Քեսապի ժողովրդային սառնարանը, որուն գողցուած սարքերը վերատեղադրելով` ան բերքահաւաքին ճիշդ ժամանակին իր ծոցին մէջ կը տեղաւորէր հիմնական եկամուտ-բերքը` խնձորը:

Օրին արդէն իրարու ետեւէ Քեսապ հասած էին հայութեան տրամադրած կենցաղային թէ նիւթական նպաստները (որուն համար երախտապարտ է քեսապահայութիւնը), որոնք նպաստեցին, որ ժողովուրդը կառչած մնայ իր գիւղին, տան…

Դպրոցական վերամուտին զուգընթաց, կը վերականգնէին քեսապահայութեան միութենական կառոյցը, ցանցը` որպէս նախաքայլ անոր հոգեկան վերականգնումին:

Յաջորդող ամիսներուն (նոյնիսկ տարիներուն) քեսապահայութեան կեանքը խռովող, հեռուէն` տակաւին չազատագրուած եւ չվտանգազերծուած շրջաններէն արձակուած հրթիռները անպակաս եղան, թէեւ Քեսապի մէջ վերապրելու քեսապահայութեան կամքը ընկճելու անկարող եղան:

Փակագիծ մը բանալով` նշեմ, որ վերջին հրթիռներէն մէկը ինկաւ Հայ կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանին մօտ, տասը քայլ անդին, դասաւանդութեան ընթացքին, 2019-ի յունուարի կիսուն, որմէ մազապուրծ փրկուեցաւ վարժարանը: Իսկ Ամանորի գիշերը մեզ չէր մոռցած «Ամանորեայ շնորհաւորութեանց» հրթիռներու հնգեակը, որոնք հարուածեցին լեռնային շրջաններ… բարեբախտաբար:

Նշեմ նաեւ, որ ընտանիքս, տունս եւ թաղս նաեւ մազապուրծ փրկուեցան 3 տարբեր ժամանակներու արձակուած հրթիռներէն` 2016-2017 եւ 2018 տարիներուն, որոնք ինկան տունէս 20-200 մեթր հեռաւորութեանց վրայ…

2016-ի գարնան, ռուսական բանակին Սուրիա գալով, քեսապահայերս ականատես եղանք ռուսական «Սուխոյ» ինքնաթիռի վար առնուելուն` թրքական օդուժին կողմէ, ինչ որ անկիւնադարձային եղաւ Սուրիոյ համար:

Չուշացաւ Քեսապի սահմանամերձ (վարժական սահմանի) շրջաններու վնասազերծումը (Լեղի-ջուր, Ֆըրընլըխ, Ռապիաա…) Թուրքիոյ «փայփայած» ահաբեկչական խմբակներէն, որոնց մէջ քիչ չէին Կովկասի լեռնական թէ Չինաստանի «Ույղուր» ահաբեկիչ խմբակները, որոնք շպրտուեցան աւելի քան 15-20 քմ հեռուներ, ուր փոքր տարածքի մը վրայ մնացած են ոչ արհամարհելի թիւով ահաբեկիչ խմբակներ…

Նշելի է այդ ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ կողմէ շինուող եւ շարունակուող «ամօթի կամ վախի պատի» կառուցումը:

Պատին ետին կանգնած, Քեսապին հետ Թուրքիոյ սահմանագիծին, պատը ամրացուցած են նախապէս կառուցուած վեց կամ եօթը զօրանոցներ (որոնցմէ երեքը` ուղղակի Կասիոս լերան վրայ), սակայն կարծես այս ամէնը անբաւարար նկատելով` Միացեալ Նահանգներ թէ ՕԹԱՆ-ի երկիրները կը շարունակեն նպաստել Կասիոսի լանջին` Պալլում ուխտավայրին (հռոմէական բերդ-եկեղեցւոյ աւերակներ) շրջանին մէջ, մինչեւ Կասիոսի գագաթը կամ հակառակ ուղղութեամբ` Թեքնեճոք աղբիւրի մերձավայրերուն հսկայ ռազմակայանի մը կառուցման: Անոր ի՞նչ եւ ինչո՞ւ ըլլալը տակաւին անյստակ է եւ պիտի պարզուի յառաջիկային:

Մատնանշելի է, որ Կասիոս լերան սէգ գագաթը արդէն սրբուած եւ վերածուած է երեք տափակ գագաթներու:

Անցնող հինգ տարիներուն անշուշտ Քեսապի զբօսաշրջական կեանքն ալ որոշ վերելք մը ապրեցաւ, թէեւ տակաւին շատ հեռու է վերագտնելու իր նախկին փայլքը:

Հինգ տարուան մէջ համարեա բոլոր ճաշարանները գործօն դարձած են, իսկ պանդոկներէն երեքը տակաւին չեն բացած իրենց դռները:

Անշուշտ կեանքի այս վերելքը կը պարտինք համեմատօրէն խաղաղ իրավիճակին, երբ այլ շրջաններ կը շարունակեն թէժ մնալ: Վերականգնած եւ վերակահաւորուած տուներէն զգալի մաս մը, բնակութեան թէ օդափոխութեան ատակ դարձած ըլլալով հանդերձ, կայ մեծ թիւ մը  բնակարաններու, որոնք անբնակելի են ցարդ:

Ընդգծելի եւ մատնանշելի դարձաւ սուրիահայ միութիւններու` Քեսապի մէջ իրագործած բանակումներու շարքը, հակառակ սուրիահայութեան եւ մանաւանդ  հալէպահայութեան թիւի զգալիօրէն նուազումին, մասնակիօրէն հայկական Քեսապի համն ու հոտը վերադարձնելով:

Անմոռանալի էր մանաւանդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Քեսապ այցելութիւնը, որ հոգեպարար լիցք տուաւ քեսապահայութեան:

Այս այցելութիւնը անպայմանօրէն նաեւ ունէր ազգային ու քաղաքական մեծ իմաստ` ներսուրիական թէ համաշխարհային ծաւալով:

Ընդգծելի իրողութիւն է, որ Սուրիոյ տագնապին ծագումէն երկու տարիներ առաջ` 2009-ին վեհափառ հայրը եկած էր Քեսապ, Գարատուրան գիւղի Ս. Աստուածածին նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումը կատարելու, այստեղ` Քեսապ մնալով 4 օրեր:

Այստեղ վերստին փակագիծ մը բանալով` նշենք, որ Քեսապի ազատագրութենէն անմիջապէս ետք Քեսապ ժամանեցին իրերայաջորդ կարգով հայոց Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը, Հայ աւետարանական համայնքի, վեր. Յարութիւն Սելիմեանը: Տրուեցան նաեւ այլ այցելութիւններ` Արմաշ եպս. Նալպանտեանի, հայ կաթողիկէ Լիբանանի պատրիարքական թեմի առաջնորդ Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, Զմմառու հայ կաթողիկէ միաբանութեան պետ Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեանի կողմէ:

***

Քեսապի մէջ կեանքը բնականոն պահելու ամէն հնարաւորութիւն տրուած է այսօր քեսապահայութեան: Անշուշտ որ «բնականոն» մակդիրը պէտք է ըմբռնել Սուրիոյ մերօրեայ չափանիշներով, երբ մանաւանդ 2019-ին սաստկացած է տնտեսական պաշարումը երկրին եւ անոր դաշնակիցներուն դէմ` արեւմտեան աշխարհին կողմէ:

Սահմանամերձ շրջաններու ահաբեկիչներուն հեռանալով` անոնց սպառնալիքները նուազած են, սակայն չեն չէզոքացած: Թուրքիոյ սահմանամերձ ըլլալն իսկ անհանգստութիւն եւ սպառնալիք է գիւղիս:

Իտլիպ նահանգի մաքրագործումը ահաբեկիչներէն անպայման դրական անդրադարձ պիտի թողու գիւղին, իմա` երկրին վրայ, ա՛լ ուր մնաց Սուրիոյ արեւելեան նահանգներու վնասազերծումը, մանաւանդ` ամերիկեան թէ գործակից ուժերէն:

Յիշեցինք, որ վառելանիւթի սակաւութիւն կայ երկրին մէջ, ուրեմն նաեւ` Քեսապի մէջ, սակայն հնարամիտ ժողովուրդը անոր մասնակի լուծումներ գտնելով, ձեւով մը ու չափով մը ընտելացած կը թուի անոր` մինչեւ տագնապին փարատիլը, որ անցնող ութ տարիներուն առաջինը չէ այսօր:

Օսմանեան-թրքական կամայական ներխուժումի մը վտանգն ալ ժողովուրդ թէ պետութիւն մտահան չեն ըրած, թէեւ, մանաւանդ ռուս բանակին նահանգին մէջ գտնուելով, թէական դարձած կը նկատուի նման բան: (Չմոռնանք, որ 2014-ի Քեսապ ներխուժումը պատահեցաւ Թուրքիոյ ինքնակառավարման նահանգային ընտրութիւններու շեմին, եւ հինգ տարի ետք` 2019-ին դարձեալ նոյնանման հանգրուանի մըն են նոր-օսմանցիները…):

Գիւղիս տնտեսական կեանքի գերակշիռ բնագաւառը` գիւղատնտեսութիւնը, Յորդանանի հետ մաքսային կէտի բացումի առիթով, պատրանքը ապրեցաւ` արտածումի նոր առիթի մը կարելիութեան:

Զբօսաշրջութեան թէ գիւղատնտեսութեան մարզերու դանդաղ աճը կամ խարխափումները պատճառ եղած են, որ կարգ մը երիտասարդներ մեկնին դուրս` գործի փնտռտուքով:

Զինուորական երկարաժամկէտ (8 եւ աւելի տարիներ) ծառայութեան մեկնած սահմանափակ թիւով երիտասարդներու արձակումը չփարատեց երիտասարդութեան հոգերը, թէեւ զգալի թիւ մը երիտասարդներու կառչած կը մնայ գիւղին:

Երիտասարդութեան թիւի նուազումը անպայման իր անդրադարձը պիտի թողու նաեւ կրթական մարզին, պսակներու, ապա նաեւ նորածիններու, յառաջիկային աշակերտներու թիւին նուազումին վրայ:

Թէեւ ցարդ անխափան կը գործեն Քեսապի երեք նախակրթարանները եւ մէկ պետական, մէկ ալ ազգային երկրորդական վարժարանները, սակայն որակաւոր ուսուցիչներ (երկրորդականին համար) ունենալը գրեթէ անհնար է անոնց կեցութեան եւ երթեւեկի դժուարութիւններուն, անոնց ստացած բաւական ցած վարձատրութեան պատճառով,  ինչ որ է կացութիւնը ընդհանրապէս պաշտօնեայ դասակարգին:

Ասոր վրայ պէտք է գումարել, որ հայկական վարժարանները աշակերտութենէն կը գանձեն իւրաքանչիւրին ծախսին հազիւ 15-20 առ հարիւրը, իսկ բացը կը փակուի մեծ մասամբ քեսապցիներու «սփիւռք»-ի ներդրումով, որ յառաջիկայ 10 տարիներուն կրնայ կասիլ, երբ Քեսապ ծնածները ծերանան կամ մահանան, իսկ թէ յաջորդները որքանո՞վ պիտի առնչուին Քեսապին հետ` հարցական կը մնայ…

Կրթական մարզին նահանջը անպայման իր ազդեցութիւնն ալ պիտի թողու մշակութային իրավիճակին վրայ, որ համաշխարհայնացման պատճառով արդէն տատանումի հասցուցած  է մշակութային կեանքը:

Կ՛ուզենք սակայն ընդգծել, որ մանաւանդ Սուրիոյ կեդրոնական իշխանութեան տեսադաշտին մէջ լայն տեղ ունի Քեսապը, եւ` արդէն նուազած թիւով քեսապահայութիւնը, որուն ցարդ ընծայած է իր հնարաւորէն աւելին:

Ասոր ցայտուն արտայայտութիւնն էր Լաթաքիոյ նահանգապետի Քեսապ այցելութիւնը, յունուարի 6-ին` Ս. Ծնունդ տօնին առիթով, շնորհաւորութեան եւ ժողովուրդին հետ տեսակցութեան համար, իրեն հետ ունենալով նահանգի պետական աւագանին եւ պատասխանատուները:

Վերոյիշեալ տողերուն զուգահեռ, անհրաժեշտ է նշել, որ Հայոց ցեղասպանութեան եւ նոր զոհերուն յիշատակի յաւերժացման համար Տէր Զօր քաղաքին մէջ կառուցուած մատուռ-յուշակոթողը, որ ականահարուած էր ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն կողմէ, այժմ տենդագին կը վերակառուցուի Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահին ուղղակի հովանաւորութեամբ ու ծախսով:

Անշուշտ այս համեստ տողերս անբաւարար են նկարագրելու եւ փոխանցելու վերականգնումի հնգամեայ ճիգերը, զորս ի գործ դրաւ  քեսապահայութիւնը` իր թիկունքին ունենալով սուրիահայութեան (իմա Սուրիոյ) եւ համայն հայութեան աջակցութիւնը եւ, ինչո՞ւ չէ, կարգ մը միջազգային մարդասէր կողմեր:  Քեսապահայութիւնը այս հնգամեակին անգամ մը եւս իր երախտապարտութիւնը կ՛արտացոլացնէ այս վտիտ տողերով, բոլոր անոնց, որոնք օգնեցին վերականգնումի գործընթացին:

Այս զօրակցութեամբ, սուրիահայութիւնը, բայց մասնաւորաբար քեսապահայութիւնը կրնան պահել ու պահպանել պատմական Կիլիկիայէն մազապուրծ մնացած հողի  այս պատառիկը, որուն մեծագոյն սպառնալիքը պիտի դառնայ (յառաջիկային) կեանքի սրընթաց արշաւը:

Քեսապ, 16 Մարտ 2019

Մեխի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ Կաթողիկոս կ՛այցելէ Քեսապ։

Ս․Աստուածածնայ վերփոխման տօնին առիթով խաղողօրհնէք Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս՝ ձեռամբ Բերիոյ թեմի առաջնորդ՝ Տ․ Շահան Արք․ Սարգիսեանի։

Ս․Աստուածածնայ տօնին առիթով կազմակերպուած ՀՄԸՄ-ական տողանցք։

Խաղողօրհնէք՝ Գարատուրանի Ս․ Ասոտւածածին եկեղեցւոյ մէջ։