Քերքուքի մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Բացում


Պարոյր Յակոբեան


Ձեռամբ Իրաքահայոց առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի Հոկտեմբեր 14ին նաւակատիքը եւ օծումը կատարուեցաւ Իրաքի հիւսիսային շրջանը գտնուող Քերքուք քաղաքի նորակառոյց եկեղեցւոյ։

Զարմանալի է, պիտի ըսուի, բայց իրականութիւն է։

Շրջանը, որ երկար ժամանակէ ի վեր պատերազմական անապահով վիճակ մը կ՛ապրի, բուռ մը հայեր քաջութիւնը ունին այդ թոհուբոհին մէջ եկեղեցի կանգնեցնելու եւ այն ալ ճիշդ կողքին «Իսլամական Պետութեան», անոր սպառնալիքին տակ ու ամէնօրեայ յարձակումներուն ենթակայ։

Անոնք հաւատքի տուներ եւ մշակութային կոթողներ կը քանդեն, իսկ բուռ մը հայեր եկեղեցի կը կառուցեն։ Ապրելու ու արարելու սրբազան պայքար։ Հայու մարդկային տեսակի դրսեւորում…։

Ուստի քաջութիւնէն հեռու պէտք է փնտռել իրաքահայ գաղութի կեցուածքը, որ արժանի է մեծագոյն գնահատանքի։

Քերքուք քաղաքը կը գտնուի Մուսուլէն հարաւ-արեւելք, 177 քմ. հեռաւորութեան վրայ։ Անիկա Իրաքի նաֆթի արտադրութեան մեծագոյն կեդրոնն է, այդ պատճառով երկար ժամանակէ ի վեր անապահով վիճակ մը կը տիրէ հոն, իսկ այժմ ենթակայ՝ «Իսլամական Պետութեան» յարձակումներուն, որոնք յաճախ տեղի կ՛ունենան։

Հայեր վաղուց ի վեր Քերքուք գտնուած են, սակայն 1928էն սկսեալ նաֆթային ընկերութիւնը հոն հաւաքած էր բաւական թիւով հայեր, որոնք որպէս արհեստաւորներ ծառայած են ընկերութեան մէջ, այսպիսով աշխոյժ եւ հայաշունչ գաղութ մը կը կազմուի։ 1958-60ին աւելի քան 120 ընտանիքներ, թիւով մօտաւորապէս 1200 անձ հոն կ՛ապրէին։ Ունէին եկեղեցի, դպրոց, միութենական հաստատութիւն։ Սակայն, տարիներու ընթացքին գաղութը նօսրացած է, իսկ վերջին տարիներուն անապահովութեան պատճառով շատեր հեռացան. այսօր հազիւ 30 ընտանիք՝ շուրջ 120 անձ կ՛ապրի հոն ։

Այսուհանդերձ, հին եկեղեցիէն բացի, այս նոր եկեղեցին կառուցեցին Ս. Մարիամ Աստուածածին անուամբ։

Առ ի գիտութիւն՝ եկեղեցին պետութեան ծախսերով կառուցուեցաւ, սակայն ազգապատկան հողատարածքի մը վրայ, ճիշդ թաղականութեան սրահին եւ ՀՄԸՄի ու թաղականութեան կեդրոնին կից։