Քիմ Քարտաշեան Եւ Ալեքսիս Օհանեան Կը Յայտնեն Հայաստանի Մէջ Ներդրում Կատարելու Ցանկութեան Մասին


Ալեքսի Օհանեան եւ Քիմ Քարտաշեան

“Փանորամա”,- Հոկտեմբեր 8-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցող  WCIT 2019 Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովին յայտնի հիւրերէն Քիմ Քարտաշեան եւ Ալեքսիս Օհանեան յայտնեցին իրենց ուրախութիւնը Հայաստան գտնուելու եւ այստեղ ներդրում ընելու ցանկութեան մասին։

«Հայաստանէն պիտի վերադառնամ նոր գաղափարներով. ունիմ 4 գաղափար ու ատոր համար շատ ուրախ եմ: Ես կը սիրեմ ճամբորդել ու շատ մտքեր կը ծագին ճամբորդելու ընթացքին», յայտարարեց Քիմ Քարտաշեան` Երեւանի մէջ տեղի ունեցող WCIT 20219 Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովին ընթացքին:

Հայաստանի մէջ Քիմի մօտ մտքեր ծագած են, ինչպէս ան նշեց, որոնցմէ մէկը օծանելիքի ստեղծումն է։

«Չեմ ուզում շատ բան ըսել, բայց անիկա գեղեցկութեան բնագաւառին մէջ հսկայ բան մը պիտի ըլլայ, հսկայական գաղափար, որ նախապէս չեն ըրած: Զիս ոգեշնչեց երէկ Հայաստանի փողոցներով ինքնաշարժով անցնիլը: Կը մտածեմ օծանելիքի մասին, որ պատրաստուած պիտի ըլլայ հայկական ծաղիկներով», ըսաւ Քարտաշեան:

Ան նաեւ խօսեցաւ Հայաստան այցելութեան իր տպաւորութիւններուն մասին, ըսելով․ «Ես երեխաներս բերած եմ Հայաստան, իմ քոյրս` Քորթնին, որ նախապէս այստեղ չէ եղած: Մենք հնարաւորութիւն ունեցանք երէկ կնքուելու Հայաստանի մէջ, եւ ատիկա ամէն ինչ է մեզի համար: Այս յիշողութիւնները մեզի հետ պիտի ըլլան ընդմիշտ: Սա անձնականի մասին։ Մենք կը նկարահանենք մեր հեռուստահաղորդումը այստեղ, կը մտածեմ նաեւ Հայաստանի մէջ ամենապարզ մարդիկ նկարել: Երբ ես իմացայ, որ հոս պիտի ըլլայ արհեստագիտութիւններու համաժողովը, ես շատ շուտ համաձայնեցայ մասնակցելու: Սա լաւագոյն պատճառն  էր կրկին այստեղ գալու: Այնպէս որ, շնորհակալութիւն: Ես այնքան հպարտ եմ, որ այստեղ տեղի կ՛ունենայ այսպիսի հսկայական արհեստագիտական համաժողով», ըսաւ ան:

Իսկ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Քարտաշեան յայտնեց, որ Քննարկումներ կ՛ունենայ հայ գործարարներու, ներդրողներու հետ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ գտնել գործարան իմ ընդգծող ներքնազգեստներու արտադրութեան համար։ ” Մենք կ՛աշխատինք այդ ուղղութեամբ այս այցի ընթացքին: Այսօր երեկոյեան (Հոկտեմբեր 8-ի-խմբ.) հանդիպում պիտի ունենամ այդ հարցը քննարկելու նպատակով: Ատիկա շատ կարեւոր է ինծի համար: Իմ երազանքն է SKIMS արտադրութիւն բանալ Հայաստանի մէջ: Եթէ ոչ ատիկա, գոնէ ինչ-որ այլ գործ, ես շատ կը ցանկանամ», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ իրեն համար շատ հաճելի է աշխատիլ հայկական գործարարութեան հետ: «Պիտի այցելեմ PicsArt-ի գրասենեակ, անոնց հետ ես կ՛աշխատիմ», նշեց ան։

Համաժողովին հիւրերէն ամերիկահայ յայտնի գործարար, Reddit կայքի եւ Initialized Capital–ի համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան լրագրողներուն յայտնեց, որ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ Հայաստանի ներուժը օրէ օր կ՛աճի: Ան նշեց, որ Հայաստանի մէջ կան լաւ արհեստագիտական ձեռներէցներ, կան խոշոր ընկերութիւններու քանի մը հիմնադիրներ:

Ան նաեւ կարեւոր համարեց Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ճատրակի ուսուցումը եւ այն փաստը, որ Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր աշակերտ ճատրակ կը սորվի: «Ատոր շնորհիւ անոնք կրնան աւելի հեշտ ծրագրաւորում սորվիլ: Ես չեմ կրնար զսպել իմ ուրախութիւնը, երբ կը տեսնեմ, թէ ինչպէս երեխաները ճատրակ կը սորվին, այնուհետեւ` ծրագրաւորում: Եթէ մենք կը ցանկանք զարգացնել Հայաստանի տնտեսութիւնը, մենք պէտք է զարգացնենք արհեստագիտական կրթութիւնը, որ ամէն ինչի հիմքն է», ընդգծեց Օհանեան:

Ան նաեւ ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ կ՛ուզէ ներդրումներ կատարելու եղանակներ գտնել: