Քոլորատոն Ապրիլ 26ը Հռչակած է Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր


Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ նահանգի պետական օրէնսդիր մարմինը Ապրիլ 27ին ընդունած է բանաձեւ մը, որով Ապրիլ 26ը հռչակած է «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի Քոլորատոյի օր»: Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Ծորակոյտի անդամները միաձայն կողմ քուէարկած են բանաձեւին:

«Այս տարի կը լրանայ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան` Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցը, որուն 1,5 հայ միլիոն տղամարդ, կին եւ երեխայ 1915-1923 թուականներուն զոհ գացին թրքական Օսմանեան կայսրութեան ցեղասպանական գործողութիւններուն», կը նշուի բանաձեւի նախաբանին մէջ:

«Մենք` Քոլորատոյի գլխաւոր խորհուրդի անդամներս կը ճանչնանք 2017ի Ապրիլ 26ը եւ ատոր յաջորդող տարիներուն Ապրիլ 26ը իբրեւ «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի Քոլորատոյի օր»: Մենք աջակցութիւն կը յայտնենք այն ջանքերուն, որոնք ուղղուած են հայ ժողովուրդի հայրենիքին` Հայաստանի եւ անոր հարեւաններուն միջեւ կառուցողական ու տեւական յարաբերութիւններու հաստատման` հիմնուած փաստերու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ներկայ հետեւանքներու ճանաչման եւ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութեան արդար ու համապարփակ միջազգային լուծման վրայ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ: