Քոնկրեսականները Նախագահ Թրամփին Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՝ուղղեն


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ուղարկուած է 84 քոնկրեսականի կողմէն ստորագրուած նամակ մը՝ կոչ ուղղելով անոր ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Քոնկրեսի մէջ հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոնի խօսքով, պէտք է հաշուի առնել մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ Միացեալ Նահանգներու առաջամարտիկ ըլլալը, եւ այս տարի նախագահին ելոյթին մէջ պատշաճ կերպով 1915ին կատարուածը պէտք է բնութագրուի իբրեւ ցեղասպանութիւն:

«Աւելի քանի 100 տարի անցած է Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ ժամանակն է ճանչնալու հայերուն նկատմամբ իրականացուած վայրագութիւնները` յստակ կոչելով զայն իր անունով` ցեղասպանութիւն: Ատիկա կրնայ ըլլալ հզօր յայտարարութիւն նախագահ Թրամփի կողմէ իր նախագահութեան առաջին փուլով` յիշելով 1.5 միլիոն հայերը, որոնք Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէն իրականացուած 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան անմեղ զոհերն էին», ըսած է ան:

Նախագահ Թրամփին ուղղուած նամակին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Անկեղծօրէն եւ ճիշդ առաջնորդելով ցեղասպանութեան յիշատակման գործը` դուք պէտք է հետեւիք նախագահ Ռէկընին, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1981ին, եւ Այզէնհաուըրի վարչակազմին, որ ըրաւ նոյնը 1951ին` գործը ներկայացնելով Արդարադատութեան միջազգային դատարան»:

Նախագահութեան տարիներուն Ռէկըն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը` յայտարարելով, որ Հոլոքոսթի դասերը երբեք պէտք չէ մոռցուին, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ մինչ այդ, եւ Քամպոճայի ցեղասպանութիւնը, որ յաջորդեց անոր: