Քոնկրեսի Հայկական Հարցերով Խորհուրդը Կը Փորձէ Կանխարգիլել Հայաստանին Տրամադրուելիք Ամերիկեան Օժանդակութեան Ծաւալի Կրճատումը


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու Հայկական հարցերով խորհուրդը կը փորձէ կասեցնել ամերիկեան վարչակազմի` Հայաստանին տրամադրուելիք օժանդակութեան չափը կրճատելու վերաբերեալ առաջարկի իրագործումը:

Այդպիսի նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած են Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ֆրենք Փալոն, Աննա Էշու, Ճեքի Շփայըր, Էտըմ Շիֆ եւ խորհուրդի այլ դեմոկրատական անդամներ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունած է բարձրաստիճան քոնկրեսականներու նախաձեռնութիւնը` համակարծիք ըլլալով այն հարցին, որ 2018ի պիւտճէի նախագիծին մէջ առաջարկուած ամերիկեան արտաքին օժանդակութեան ծիրին մէջ Հայաստանին տրամադրուելիք նիւթական աջակցութեան ծաւալի կրճատումը պէտք է կանխարգիլել:

«Քոնկրեսի հզօր դիմակայութիւնը շատ կարեւոր է նախագահին կողմէ Հայաստանին տրամադրուելիք օժանդակութեան չափը զգալիօրէն կրճատելու վերաբերեալ առաջարկը կասեցնելու համար: Անիկա պէտք է բախի երկկուսակցական ամուր դիմակայութեան», նշած է Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

Յունիս 6ին խորհուրդի նախագահ Հալ Ռաճըրզին ու բարձրաստիճան անդամ Նիթա Լոուիին ուղղուած նամակին մէջ Ներկայացուցիչներու տան օտարերկրեայ յատկացումներու հարցերով ենթայանձնախումբի աւելի քան 25 անդամներ իրենց անհանգստութիւնը յայտնած են Թրամփի` 2018ին Հայաստանի օժանդակութեան չափը 67 առ հարիւրով նուազեցնելու առաջարկին առնչութեամբ:

Նամակին հեղինակները կոչ ուղղած են վերականգնելու թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Արցախին տրամադրուող օժանդակութեան միջին մակարդակը:

Թրամփի առաջարկին ընդունման պարագային Ուաշինկթըն 2018ի համար Հայաստանին պիտի տրամադրէ ընդամէնը 6,8 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն, մինչդեռ 2017ին տրամադրած է 20,4 միլիոն: