Քուէյթի Մէջ Օծուեցաւ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցին


Մայիս 19ին, Քուէյթի մէջ օծուեցաւ նորակառոյց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին` ձեռամբ Արամ Ա. Վեհափառին։

Երկամեակ մը առաջ Քուէյթի Ազգային առաջնորդարանն ու Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին դատարկելու եւ կալուածատիրոջ յանձնելու ահազանգը ուժգնօրէն հնչեց քուէյթահայութեան կեանքին մէջ, եւ սեփական եկեղեցի մը ունենալու առաջնահերթութեան գաղափարը կեանքի կոչուեցաւ բաւական ծանր պայմաններու մէջ, սակայն շնորհիւ համայնքի հաւաքական կամքին ու  քրտնաջան աշխատանքին, այսօր քուէյթեան անապատը ծաղկեցաւ իր հոգիի տաճար Ս. Վարդանանց եկեղեցիով:

Եկեղեցւոյ օծումը կատարուեցաւ հանդիսաւոր շուքով` հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Օրուան պատարագիչն էր Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Վեհափառ հայրապետին կողքին արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սարգիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան եւ գաւազանակիր Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան:

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Քուէյթի եւ շրջակայից քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը, Քուէյթի մէջ շարք մը երկիրներու դեսպաններ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Սէուտական Արաբիայէն ու Պահրէյնէն ժամանած ազգայիններ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:

Հանդիսաւոր թափօրով Արամ Ա. կաթողիկոս մուտք գործեց եկեղեցի։ Նախ օծուեցաւ եկեղեցւոյ Ս. խորանը, ապա մկրտարանը, որմէ ետք յաջորդաբար օծեցան եկեղեցւոյ մայր դուռը եւ սիւները։ Նորաօծ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Անդաստան»ի արարողութիւն:

Վեհափառ հայրապետը` խօսքը ուղղելով քուէյթահայութեան, ըսաւ. «Եկեղեցին շէնքը չէ: Ինչ կ՛արժէ գեղեցիկ շէնք մը կառուցել, երբ անիկա դատարկ է: Ձեր ներկայութեամբ այս եկեղեցին եկեղեցի պիտի դարձնէք բառին վաւերական հասկացողութեամբ, ձեր մասնակցութեամբ դուք եկեղեցի պիտի դառնաք: Քրիստոնէական եկեղեցին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ազգային նկարագիր ստացած, դարձած է հայ եկեղեցի, եւ պատմութիւնը կը վկայէ, որ հայ եկեղեցին ճակատագրական դեր կատարած է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Այս եկեղեցին ձեր  կեանքին մէջ պիտի դառնայ ծառայական ներկայութիւն: Պիտի բոլորուիք այս եկեղեցւոյ շուրջ, որպէսզի ձեր կեանքը ըլլայ աւելի կազմակերպ ու կենսունակ»:

Աւարտին վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթի իշխանին՝ հայ համայնքին նկատմամբ իր ցուցաբերած հոգածութեան եւ ընծայած կարելիութիւններուն համար:

Նոյն օրը պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ նաեւ Ազգային առաջնորդարանին: