Օգոստոսին Ստեփանակերտի Մէջ Սկսելիք Համահայկական Խաղերուն Ջահը Վառած Են Մուսա Լերան Վրայ


Համահայկական խաղերուն ջահը կը վառէ ամերիկահայ բարերար Ալպեռ Պոյաճեան։

Յունիս 10-ին Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի (ՀԽՀԿ) պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Իշխան Զաքարեանի մեկնեցաւ Արեւմտեան Հայաստան: Յատուկ թռիչք կատարող օդանաւը կը փոխադրէր նաեւ խումբ մը մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ:

Անոնք այցելեցին Վան եւ Իգդիր, ուր հիւրընկալուեցան համաքաղաքապետներուն կողմէ: Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցի եւ  կատարեց ուխտի աղօթք մը: Ապա անոնք մեկնեցան Կիլիկիա։

Մուսա Լերան ստորոտը՝ Վագըֆ գիւղի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Պոլսոյ Սրբ․ Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Հայր Թաթուլ Անուշեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ պատարագ` Համահայկական խաղերու յաջող մեկնարկին ու ընթացքին համար: Ապա, եկեղեցւոյ մոմերէն Համահայկական խաղերուն ջահը վառելու պատիւը վերապահուեցաւ խաղերու հիմնադիրներէն ամերիկահայ բարերար Ալպեռ Պոյաճեանին: 

ՀԽՀԿ փոխնախագահ Ռոլանտ Շառոյեանի կարծիքով՝ այս արարողութիւնը մէկ անգամ եւս կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը աշխարհի որ ծայրն ալ ըլլայ, իր հաւաքական միտքը ուղղուած պիտի ըլլայ հայրենիքը միասնութեան միջոցով պահելուն, պահպանելուն ու զարգացնելուն:

«Կեանքը ցոյց տուած է, որ երբ կորսնցուցած ենք, կորսնցուցած ենք պառակտուածութեան իբրեւ արդիւնք, եւ հիմա ճիշդ ժամանակն է, որպէսզի գոնէ վերագտնենք մեզի եւ ըլլանք իսկապէս պահանջատէր ու հասնինք գոնէ կորուստի նուազագոյն վերականգնման գործընթացին», նշած է ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեան:

Վառած կրակը Մուսա Լերան գագաթ հասցնելու իւրատեսակ յաղթարշաւի բոլոր այլ մանրամասնութիւնները պիտի ցուցադրուին Համահայկական խաղերու բացման արարողութեան ժամանակ: ՀԽՀԿ գործկոմի անդամ Պերճ Հալաճեան ջահի վառման եւ տեղի ունեցած իրադարձութեան վերաբերեալ ըսած է. «Բախտ ունեցանք այսօր, այս սերունդի մարդիկ, որ տեսանք ջահի վառման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս սերունդը տէրն է այս գործին եւ հայապահպանման այս պահուն»:

Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ պատմական Կիլիկիոյ բերդեր` Լեւոն Բ․ թագաւորի բերդը եւ մայրաքաղաք Սիսի միջնաբերդը:

Համահայկական 7-րդ խաղերը այս տարի տեղի պիտի ունենան Օգոստոսին: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը պիտի կայանայ Ստեփանակերտի մէջ` Օգոստոս 6-ին:

Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնը՝ Վագըֆի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ առջեւ։