Օհանեան, Յովհաննէսեան Եւ Օսկանեան Ընտրութիւններուն Դաշինքով Պիտի Մասնակցին


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար, «Համախմբում» կուսակցութեան առաջնորդ Վարդան Օսկանեան յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին միասնական ցուցակով:

«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան ըսած է, որ ոչ թէ իրենք կը միանան որեւէ դաշինքի, այլ, մտահոգուած ըլլալով երկրին մէջ ստեղծուած վիճակով, երեք պետական գործիչներ գործունէութեան միասնական հարթակ ստեղծած են:

Պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախկին նախարարները Փետրուար 13ին յուշագիր ստորագրած են:

Նշենք, որ պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի շուրջ դաշինք ձեւաւորած էին Վարդան Օսկանեանի «Համախմբում» եւ Վիքթոր Դալլաքեանի «3-րդ Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնները: Վերջինս, սակայն, ըստ լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններուն, մտադիր է լքել համագործակցութեան այս ձեւաչափը: