Օնթարիոյի Խորհրդարանին Մէջ Յիշատակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման 101-ամեակը


Տէր Գեղարդ եւ Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան կը կատարեն Հայաստանի դրօշակի օրհնութիւնը։

29 Մայիս 2019-ի միջօրէի ժամը 12:00-ին,Գանատայի Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի շէնքի մուտքին ծածանեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը:

Օնթարիօ նահանգային խորհրդարանի շէնքին մուտքին Հայաստանի Հանրապետութեան 101-ամեակի յիշատակման արարողութեան ներկայ էին Գանատայի բնապահպանութեան նախարար Ռօտ Ֆիլիփս, Օնթարիօ նահանգի երեսփոխաններ` Վինսընթ Քը (Don Valley North),Արիս Պապիկեան (Scarborough-Agincourt), Շէրիֆ Սապաուէյի (Mississauga Erin Mills), Լոկան Գանաբաթի (Markham-Thornhill ), Պիլի Փանկ(Markham-Unionville), Ռոման Պէյպըր( York Centre), Տակ Տաունի (Barrie-Springwater-Oro-Medonte), Ռուտի Քուզէթօ (Mississauga-Lakeshore), Սթէֆըն Լէջէ (King-Vaughan), Թամ Ռաքոչեվիչ (Humber River-Black Creek ),Մայքըլ Գութօ (Don Valley East), Միթծէ Հանտըր(Scarborough-Guildwood):

Ներկայ էին նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան, ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը, ՀՄԸՄի Սկաուտներ, Ս․Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Հայ Գործարարներու Միութեան, ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի, պատկան մարմիններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ համակիրներ:

Տէր Գեղարդ եւ Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան դրօշակի օրհնութենէն ետք, յատուկ արարողութեամբ` ՙՄեր Հայրենիք՚ քայլերգի երգեցողութեամբ եռագոյն դրօշը բարձրացաւ Օնթարիօ նահանգային խորհրդարանի շէնքին մուտքին:

Արարողութեան մասնակից դարձան նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Ռիգ Նիգըլս: Վերջինս իր արտասանած խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա շնորհաւորեց խորհրդարանի ներկայ անդամները և Հայ ժողովուրդը:

Օնթարիօ վարչապետ Տակ Ֆորտի խօսքը արտասանեց mախարար Ռոտ ֆիլիփս: Ան պատգամը արտասանելէն ետք շնորհաւորական իր մաղթանքները ուղղեց Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով եւ գնահատեց Օնթարիօ հայ համայնքի մասնակցութիւնը Գանատայի ընկերային-տնտեսական զարգացման բնագաւառին։

Խորհրդարանի նիստին ընթացքին խօսք առաւ Օնթարիօ նահանգի Երեսփոխան Արիս Պապիկեան եւ խորհրդարանի անդամները հրաւիրեց ոգեկոչելու Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կերտման 101-ամեակը։

Խորհրդարանի նիստէն ետք, երեկոյեան ժամը 4։00-ին  ընդունելութեան սրահին մէջ կազմակերպուած ոգեկոչման հանդիսութեան ներկայ էին մեծ թիւով հայրենակիցներ։

ՀՀ պատուոյ հիպատոս տիար Վան (Վարուժան) Լափոյեան իր արտասանած  խօսքին մէջ շեշտեց, որ Հայ ժողովուրդը գոյատեւեց շնորհիւ իր  զօրաւոր կամքին։ Այլ ազգեր փորձեցին ոչնչացնել մեր ազգը, սակայն չյաջողեցան։

Երեսփոխան Պապիկեան խօսք առնելով անդրադաձաւ Հայ ժողովուրդի վեց հարիւր տարուան պատմութուեան ընթացքին ապրած ճգնաժամային օրերուն, ապա  անդրադարձաւ 1920-ին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացման եւ վեր առաւ ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը։

Ան նաեւ անդրադարձաւ Գանատայի և Օնթարիօ նահանգի պատմական յարաբերութիւններուն և Օնթարիոյի  Հայ ժողովուրդին  օժանդակութեան մասին, ի մասնաւորի Ցեղասպանութեան եւ երկրաշարժի աղիտալի տարիներուն։

Աւարտին՝ երեսփոխան Պապիկեան դիտել տուաւ, որ Օնթարիօ նահանգի Հայ համայնքը տեւական ներկայութիւն եղած է եւ իր ներդրումը բերած Օնթարիոյի կեանքի այլազան բնագաւառներու զարգացման։