Օնթարիոյի Խորհրդարանի Անդամ Արիս Պապիկեանի Ցաւակցական Գիրը՝ Հայ Դատի Երկարամեայ Գործիչ Ռուբէն Գույումճեանի Մահուան Առիթով


Ստորեւ կը ներկայացնենք Օնթարիոյի Խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանի ցաւակցական գիրը Հայ դատի երկարամեայ գործիչ Ռուբէն Գույումճեանի մահուան առիթով․

Սիրելի Ռուբէն Գույումճեանի Յիշատակին

Խոր վիշտով տեղեկացայ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի երկարամեայ գործիչ, Օթթաուայի գրասենեակի նախկին պատասխանատու և տարիներու ընկեր և գործակից Ռուբէն Գույումճեանի մահուան բօթը:

Պատիւը ունեցած եմ Ռուբէնին հետ համագործակցելու Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն, Գանտահայ ծերակոյտի, խորհրդարանի, և գործադիր մարմիններու կողմէ։

Ռուբէնը ինծի համար սոսկ ընկեր և քաղաքական գործիչ մը չէր։ Ան եղբօրմէ աւելի հարազատ անձ մըն էր ինծի համար։ Մեր 35 տարուան համագործակցութիւնը անկիւնադարձ էր իմ անձնական, ընտանեկան և քաղաքական կեանքէն ներս։ Իր ներդրումները, խրատները, ցուցմունքները միշտ բարձր գնահատած եմ։

Ռուբէնը նուիրուած անձ մըն էր Գանատահայութեան, Հայ Դատին և Ցեղասպանութեան ճանաչումի աշխատանքներուն։ Ան բարի, անկեղծ, պարկեշտ և սկզբունքի տէր անձնաւորութիւն մըն էր։ Ռուբէնը այն անհատներէն էր, որուն համար Հայ ազգին շահը և մանաւանդ Գանատահայութեան շահը գերագոյն նպատակ էր։ Ան իր անկեղծութեամբը՝ իրականութիւնները բացայայտելու չէր տատամսեր, ճշմարտութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնէր, որքան ալ անընդունելի ըլլար լսարանին անդրադարձը ի լուր այդ մէկին։

Սիրելի Ռուբէն՝ մեր 35 տարուան յաճախակի ճամբորդութիւնները Գանատայի մայրաքաղաք ՝ Օթթաուա, տեսակցելու քաղաքական անձնաւորութիւններու, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու , մամուլի և ոչ պետական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, միշտ վառ պիտի մնան իմ յիշողութեանս մէջ։ Այս առիթով պիտի յիշատակեմ գլխագիր տառով ողբեցեալ Պօղօս Փօլ Տուզճեանի մասնակցութիւնը եւ ներդրումը վերոյիշեալ հանդիպումներուն, խորհրդակցութիւններուն և ծրագրման աշխատանքներուն։

Ռուբէնին կորուստը շատ ծանր է, որովհետեւ իր առյաւէտ բաժանումով,Գանատահայութիւնը կորսնցուց արժէքաւոր և թանկագին անձնուրաց անձնաւորութիւններէն եզակի և գլխագիր հայ մարդ մը։

Հայ Դատը միշտ առաջնահերթութիւն եղած էր իրեն համար։

Իմ Խորհին ցաւակցութիններս կը յայտնեմ Գույումճեան ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն:

Հաւատաւոր , բառին ամբողջական իմաստով ԸՆԿԵՐ մը առյաւէտ կորսնցնելը, մշտական վիշտ կը յառաջցնէ եւ գրեթէ անկարելիութեան առջեւ կը դնէ քեզի, երբ կը փորձես իր բացակայութիւնը լեցնել այլ միջոցներով։

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի՛ Ռուբէն: Հողը թեթեւ գայ վրադ։ Յիշատակդ միշտ վառ մնայ բոլոր անոնց սրտերուն մէջ, որոնք քեզի մօտէն ճանչցան:

Այս երկրի վրայ քու պարտականութիւններդ լիովին կատարած` բարի ճանապարհ դէպի անդէական։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի, Ամէն։

Ցաւակից ընկեր

Արիս Պաապիկեան