Օնթարիոյի Հայ Ոսկերիչներու Միութեան (AJA Ontario) Կազմակերպած Տարեկան Կալա Ընթրիք-աճուրդը


Եղբայրներ` Կրէկ եւ Ճէֆ Պըզպըզեանները կը պարգեւատրուին Օնթարիոյի Հայ Ոսկերիչներու Միութեան ատենապետին եւ փոխ ատենապետին ձեռամբ

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան


Հայ ոսկերչութիւնը վաղ դարերէ ի վեր ծնունդ առած է մեր ժողովուրդին մէջ եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցուած` այդ նուրբ արուեստին գաղտնիքներն ու աշխատելու ոճը:

Ամբողջ աշխարհը հիացմունքով կը խօսի հայ վարպետ ոսկերիչներուն իւրայատուկ ոճին մասին եւ բարձր կը գնահատէ անոնց ճաշակը: Օնթարիոյի ոսկերիչներն ալ անշուշտ իրենց ուրոյն տեղը գրաւած են այս բնագաւառէն ներս եւ արժանավայելօրէն համաշխարհային ճանաչում կը վայելեն:

Ահաւասիկ, այսօր գանատահայ ոսկերչութեան արուեստի հմուտ մասնագէտներուն ո՛չ միայն աշխատանքի ոճը ու համաշխարհային ճանաչում ունենալը կը վայելենք, այլ նաեւ անոնց` Oնթարիոյի Հայ Ոսկերիչներու Միութեան ատենապետ` Սերճ Շամահեանի, փոխատենապետ Վանիկ Ճէլիլեանի« եւ անդամներ` Աբէլ Քամկօզլույի, Հայկօ Տէրեանի, Շանթ Բուրուդօկլույի եւ Այտա Գնաճեանի  յաջողութեամբ ձեռնարկած Կալա ընթրիք-աճուրդը, որ ամիսներ առաջ ամենայն մանրամասնութեամբ ծրագրուած ու բարեգործութեան նպատակով թագադրուած է եւ կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու անոնց մեծահոգի ըլլալն ու հայ ազգի զաւակներուն եւ հայ դպրոցին վեհ առաքելութիւնը իրականացնելու գործընթացին աջակից դառնալ:

Օնթարիոյի Հայ Ոսկերիչներու Միութեան կազմակերպած տարեկան Կալա ընթրիք-աճուրդը տեղի ունեցաւ 28 Սեպտեմբեր 2019-ին, Angus Glen Golf Club-ի մէջ: Բարեսիրական նպատակով ձեռնարկուած այս երեկոյին աճուրդի հասոյթը ամբողջովին կը նուիրուի ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի Ամենօրեայ վարժարանին: Կալա ընթրիք-աճուրդին ներկայ էին Վարժարանի տնօրէն Ռաֆֆի Սարգիսեանը, CJA Գանատայի Ոսկերիչներու Միութեան ներկայացուցիչ հիւրեր,  Թորոնթոյի հանրածանօթ ոսկերիչներու մեծամասնութիւնը եւ յարգարժան հիւրեր:

Ռաֆֆի Սարգիսեան բարձր գնահատեց Օնթարիոյի Հայ Ոսկերիչներու Միութեան այս բարեսիրական քայլը եւ իր շնորհակալութեան խօսքին մէջ հպարտութեամբ նշեց, որ ինքը շրջանաւարտը եղած է քառասուն տարիներ առաջ հիմնաուած սոյն վարժարանին, որուն սուրբ առաքելութիւնը կը շարունակուի հայ գաղութին քաջալերութեամբ: Oնթարիոյի Հայ Ոսկերիչներու Միութեան ատենապետ Սերճ Շամահեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ անդրադարձաւ 1995-ի Հայաստանի մէջ հիմնուած Հայ Ոսկերիչներու Միութեան կազմաւորման մասին, ապա` 1999-ին Օնթարիոյի մէջ  հիմնադրուած մասնաճիւղ Chapter-ին ստեղծման ու գործունէութեան մասին: Շամահեան նշեց, որ դժուար տարիները ետին ձգած միութիւնը, 2015 թուականին վերածնունդ ապրելով, սկսած է իր բարձրորակ գործունէութիւնը առաջ տանիլ եւ բազմապիսի նուաճումներ կատարել: Այդ նուաճումներուն մաս կը կազմեն միութեան կազմակերպած տարեկան հաւաքոյթները, որոնց հասոյթը ամբողջովին կը յատկացուի բարեսիրական նպատակներու իրագործման` ի մասնաւորի Հայաստանի եւ հայկական օճախներու օգնութեան:

Միութեան փոխնախագահ Վանիկ Ճէլիլեան ողջունեց ներկաները եւ յիշեց Հայ Ոսկերիչներու Միութեան անցած երկար եւ յաջող ճանապարհը ու մեր ներկայ օրերուն հասնելով` հիացմունքով անդրադարձաւ հայ ոսկերչութեան պատմութեան մէջ իրենց նուաճումներով, ունեցած յաջողութեամբ եւ քառասուն տարիներէ աւելի երկարող վերելքի հասցէ դարձած Knar Jwellery մակնիշի ոսկերչութեան հիմնադիր եղբայրներ` Կրէկ եւ Չէֆ Պըզպըզեաններուն յաջողութեան ուրոյն ուղիին մասին: Նշենք, թէ երեկոյթի ընթացքին Կրէկ եւ Չէֆ Պըզպըզեանները պարգեւատրուեցան AJA ONTARIO` Օնթարիոյի Հայ Ոսկերիչներու Միութեան կողմէն”

Կալա ընթրիքը շարունակուեցաւ ուրախ մթնոլորտով: Հռչակաւոր երգիչ Սարոյի եւ իր անզուգական նուագախումբի ճոխ երգերուն մասնակցութեամբ` ներկաները վայելեցին այդ հիանալի երեկոյին խրախճանային տրամադրութիւնը: Ներկաները մի քանի անգամ ուղղուեցան իւրայատուկ եւ թանկարժէք իրերով լի աճուրդի սրահ, իրենց գնումներով մասնակից դառնալու այդ օրուան վեհ գաղափարին իրագործման համար:

AJA ONTARIO-ն Օնթարիոյի Հայ Ոսկերիչներու Միութեան տարիներու արդար աշխատանքին եւ բարեսիրական գործունէութեան մեծածաւալ գիրքին էջերուն վրայ անգամ մը եւս վերնագրուեցաւ բարեսիրական նպատակով կազմակերուած ու իր նպատակին իրագործման հասնող յաջողագոյն ձեռնարկներէն մէկուն անունը:

Հայ Կեդրոնի Վարժարանի Տնօրէն` Տիար Ռաֆֆի Սարգիսեան երախտագիտութեան խօսք արտասանած պահուն

Աճուրդի սեղանէն պատկեր մը