Օնթարիոյի Միացեալ Հայկական Խորհուրդի Մարդասիրական Օժանդակութեան Յանձնախումբին Բժշկական Իրերու Հաւաքի Ձեռնարին Շուրջ Հարցազրոյց՝ Բժշկուհի Լ. Պուտաքեանի եւ Լ. Պախամեանի Հետ


Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութիւնը եւ Օնթարիոյի Միացեալ Հայկական Խորհուրդի Մարդասիրական Օժանդակութեան Յանձնախումբի հաւաքագրած բժշկական սարքերը կ՛ուղարկուին Հայաստան եւ Արցախ

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

 

Գանատահայ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները իրենց կարելին ի գործ կը դնեն Արցախի վերջին իրադարձութիւններէն եւ պատերազմէն տուժած մեր ազգի զաւակներուն օգնութեան ձեռք մեկնելու համար։ Այս ծիրէն ներս Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութիւնը եւ Օնթարիոյի Միացեալ Հայկական Խորհուրդի Մարդասիրական Օժանդակութեան Յանձնախումբի պատրաստած՝ օժանդակութեան երկրորդ հաւաքագրումի մասին մասնրամասնութիւններ քաղելու եւ մեր ընթերցողներուն ներկայացնելու նպատակով, «Թորոնթոհայ» զրուցեց Օնթարիոյի Միացեալ Հայկական Խորհուրդի Մարդասիրական Օժանդակութեան Յանձնախումբի անդամներէն՝ բժշկուհի Լենա Պուտաքեանի եւ Լինտա Պախամեանի հետ։

 

Հարցում – Այսօրուան դրութեամբ ինչպիսի՞ նախաձեռնութիւն կազմակերպած է Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութիւնը եւ Օնթարիոյի Միացեալ Հայկական Խորհուրդի Մարդասիրական Օժանդակութեան Յանձնախումբը, որուն ներկայացուցիչը դուք էք: Արդեօք ինչերո՞ւ վրայ կը կեդրոնանայ այս նախաձեռնութիւնը։

Պ․Բժշկուհի Լենա Պուտաքեան– Պատերազմին պատճառած վնասները նկատի առնելով եւ անոր հետեւանքով բազմաթիւ վիրաւոր զինուորներու վերականգնման անհրաժեշտ կարիքը զգալով, այսօր կը կեդրոնանանք վերականգնողական սարքերու (Rehabilitation) օժանդակութիւնը հասցնելու՝ բուժման եւ ապաքինման կարիքը ունեցող մեր զինծառայողներուն։

Մենք, որպէս Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութիւն (ACMAO) եւ Օնթարիոյի Միացեալ Հայկական Խորհուրդի (UACO) մարդասիրական օժանդակութեան յանձնախումբ, մարդասիրական եւ բժշկական այս օժանդակութիւնը ձեռնարկած ենք, որ պիտի ուղղարկուի Հայրենիք։

Ասիկա մեր 2-րդ բերնարկղն է, որ պիտի հասնի Հայաստան եւ Արցախ։ Նոյեմբերի վերջը ուղղարկուած օժանդակութիւնը կը բաղկանար ձմեռնային տաքուկ հագուստեղէններէ,  բժշկական իրերէ, սարքերէ եւ դեղորայքէ։ Ներկայիս, Միացեալ Հայ Խորհուրդի որոշումով՝ «Բժշկական Իրերու Հաւաք» նախաձեռնութիւնը մեկնարկած ենք վիրաւորուած եւ ապաքինուող զինծառայողներուն եւ կամաւորներուն համար եւ կը խնդրենք գանատահայ մեր գաղութի զաւակներուն մասնակցութիւնը, որպէսզի հնարաւորինս թիւով աւելի շատ եւ բազմազան սարքեր հասցնենք այդ վերականգնողական իրերու խիստ կարիքը զգացողներուն։

 

Հ– Ինչպէ՞ս կ’որոշուի վերականգնողական եւ բժշկական  իրերու ցանկը եւ ինչպիսի՞ ծրագիրով հայրենիք կը հասցնէք մարդասիրական այս բեռնարկղը։  

Պ․-  Բ․Լ․Պ․- Համաշխարհային Հայ Բժշկական Խորհուրդը՝ (Armenian Medical International Committee) AMIC-ը, Հայաստանի Առողջապահական Նախարարութեան առաջարկով ցանկ մը ստացած է` անհրաժեշտ սարքերու վերաբերեալ, իսկ ACMAO-ն հետեւելով այդ ցուցմունքներուն կ’իրականացնէ այդ ցանկի հիման վրայ բժշկական անհրաժեշտ իրերու հաւաքագրումը։  ACMAO-ն Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութիւնն է, որ 1988-ի Երկրաշարժին մարդասիրական եւ բժշկական օգնութիւն հասցնելու համար սկսած է գործել որպէս միութիւն։ ACMAO-ի ներկայացուցիչը UACO-ի ժողովին մէջ բժշկուհի Անի Հասըրճեանն է։ Անցնող 32 տարիներուն ACMAO-ն կը շարունակէ իր օժանդակութիւնը՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ բժշկական եւ ատամնաբուժական ծրագիրներով։ Այսօր ալ Գանատայի Օնթարիօ նահանգի հայկական կազմակերպութիւններն ու միութիւնները համախմբող Օնթարիոյի Հայ Ազգային Միացեալ Խորհուրդը, մեր հայրենակիցներուն ցաւերը թեթեւցնելու, վիրաւորներուն վնասուածքներն ու վէրքերը ապաքինելու նպատակով ճամբայ ելած է եւ մինչեւ Յունուարի վերջը պիտի շարուանակուի նուիրատուներէն ստանալիք օժանդակութեան հաւաքագրումը։ Հետեւեալ կայքէջը այցելելով կրնաք տեղեկանալ Հայենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կենտրոնին մէջ տեղի ունեցած վերականգնողական աշխատանքներուն վերջին իրադրձութիւններուն  https://m.facebook.com/RehabCenterArmenia/։

 

Հ – Որո՞նց հետ կ’աշխատակցին ACMAO-ի անդամները եւ ինչպիսի՞ բժշկական սարքերու անհրաժեշտութիւնը ունին մեր հայրենակիցները։

Պ –  ԲԼ Պ․- ACMAO-ի անդամները կ’աշխատակցին բժիշկներու, դեղագործներու եւ առողջապահական մասնագետներու հետ, հիւանդանոցներու տնօրէնութիւններուն եւ բժշկական հաստատութիւններու հետ կապ կը ստեղծեն եւ մեզմէ խնդրուած ցուցակներուն հետեւելով բժշկական սարքաւորումներ կ’ապահովեն։

Ներկայիս կը ջանանք գործողութիւններու սարքեր ճարել, ինչպէս նաեւ թթուածինի (oxygen equipment), արիւն պահելու յատուկ սառնարան եւ սառցարաններ, անկողիններ, սայլակներ, անթացուպեր, եւ այլն, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ վերականգման համար վիրաւորներուն կեանքը բարելաւելու` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։

 

Հ – Գանատահայ գաղութը կամ գանատացիները ինչպէ՞ս կրնան մասնակցիլ այս ծրագիրին եւ մինչեւ ե՞րբ է մասնակցութեան ժամկէտը։

Պ․ –Լ. Պախամեան Ինչպէս միշտ, մեր համայնքը շատ կը փափաքի նիւթականի կողքին նաեւ շօշափելի օժանդակութիւն հասցնել Հայաստան, հետեւաբար, աւելի շատ մասնակցութիւն ապահեվելու համար առցանց REGISTRY ծրագիր մը պատրաստած ենք` http://registry.com/…/humanitarian-aid…/2659206/giftlist, որմով գանատահայերը կրնան մասնակցիլ այս օժանդակութեան։ Հոն, մեր բարերարները, այդ ցանկին մէջի սարքերը կրնան տեսնել եւ ապհովել։

Բոլորիս յայտնի COVID-19 ժահրի պատճառով շուկայ երթալու դժուարութիւն ունեցողները տունէն՝ առցանց (Օnline) կրնան մասնակցիլ եւ կամ իրենց գնումները ընելով ուղղարկել Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն։ Նուիրատուները կրնան նուիրաբերելիք սարքերը Հայ Կեդրոն հասցնել եւ յանձնել curbside-ի դրութեամբ հետեւեալ օրերուն՝ Երեքշաբթի՝ 12 Յունուար, երեկոյեան ժամը 7-էն 9-ի միջեւ եւ Շաբաթ օր, Յունուար 16-ին, երեկոյեան ժամը 1-էն 3-ի միջեւ։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր նուիրատուներուն եւ կը գնահատենք անոնց կատարած առաքելութիւնը։ Նուիրատուները հետեւեալ   https://camam.akaraisin.com/ui/UACOHumanitarianAid  կայքէջը այցելելով իրենց մասնակցութիւնը կրնան ապահովել  ու Հայաստանի եւ Արցախի  մեր հայրենակիցներուն Նոր Տարուան եւ Ծնունդի առթիւ նուէրներ ուղղարկել եւ անոնց ապաքինումը ապահովել։

 

Հ -Տեղեկացանք, որ գանատացի ընտանիք մը մեծ արժողութեամբ նուիրատութիւն ըրած է, կը խօսի՞ք այդ բարերարութեան իրականացման քայլերուն մասին։

Պ․- Լ. Պ․- Անցեալ շաբաթ, Սագօ եւ Թերեզիդա Գէոսէեաններու միջնորդութեամբ, գանատացի Ռուբնարին ընտանիքը մասնակցեցաւ բժշկական իրերու հաւաքի մեր արշաւին։ Մարդասիրական Օժանդակութեան Խորհուրդի անդամներուն՝ յանձինս ինծի,  Հելէն Նաճարեանին, Արփի Սարմազեանին, Խորէն Մարտոյեանին, Բժշկուհի Լենա Պուտաքեանին եւ Անժելիք Քիրիճեանին հետ կապուելով  նուիրեց 25,000 գանատական տոլար արժողութեամբ սայլակներ, անթացուպեր եւ այլ իրեր։ Կը փափաքինք, որ այս քայլը վարակիչ ըլլայ եւ այսպիսի նուիրատուութիւնները շարունակուին։ Այսօր աւելի քան 40 սայլակներով համալրուած մարդասիրական նուիրահաւաքը կը շարունակուի մեր բարեսէր գաղութին շնորհիւ եւ պիտի տեւէ մինչեւ Յունուար ամսուան վերջը։

 

Հ Օժանդակութիւնները ե՞րբ կը հասնին եւ ինչպիսի՞ քայլերով կը բաժնուին հիւանդանոցներուն, կարիքաւորներուն եւ վիրաւորներուն։

Պ․ –  Բ Լ Պ․- Օնթարիոհայ Ազգային Միացեալ Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ առաջին առաքումով հայրենիք ուղղարկուած բեռնարկղը արդէն հասած է Իտալիա, ուրկէ պիտի ուղղուի Հայաստան։ Մեր հայրենակիցներուն եւ հայ գաղութին կ’ուզենք վստահեցնել, որ բոլոր սարքերը եւ վերականգնողական իրերը պիտի ըլլան ապահով ձեռքերու մէջ եւ ցանկերէն մեկնելով (իւրաքանչիւր արկղի վրայ նշուած պիտի ըլլայ յանձնուելիք վայրը) Գանատայի մեր ներկայացուցիչի ձեռամբ տեղ պիտի հասնին՝ ծառայելու մեր ազգի մարդասիրական վեհ նպատակին։ Ուստի, մեր գաղութի զաւակները ամենայն վստահութեամբ թող ձեռք մեկնեն եւ իրենց քսակները բանան օգնելու վիրաւոր ու բուժումի կարիք ունեցող մեր զինուորներուն, որոնք ապաքինման համար բոլորիս օգնութեան պէտքը կը զգան։

Շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել նուիրեալ բոլոր աշխատողներուն, կամաւորներուներուն եւ ԳԵՄ-ականներուն, որոնք ջանք ու ճիգ չեն խնայեր բժշկական իրերու հաւաքագրման եւ զետեղման գործը կատրելութեան հասցնելու գործի ընթացքին։ Մեր խորհուրդին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր նուիրատուներուն եւ օժանդակողներուն եւ կը քաջալերեմ մեր հայրենակիցները, որ աւելիով մասնակցին վերականգնողական այս ձեռնարկին բարի նպատակին առաւելագոյնս օգնութիւն հասցնելու համար։